Թուրքիան կրնայ Սէուտական Արաբիոյ մէջ ռազմակայան ստեղծել` Մեքքայի պաշտպանական դաշինքի ծիրին մէջ թագաւորութեան մէջ զինուորական ներկայութիւնը ընդլայնելու ծրագիրներու ենթապատկերին վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Թիւրքիէ» օրաթերթը:
Ըստ օրաթերթի տեղեկութիւններուն, Մեքքայի դաշինքի (Փաքիստան, Սէուտական Արաբիա եւ Թուրքիա) անդամ երկիրներուն կողմէ 5 հոկտեմբերին Ռիատի մէջ որդեգրուած` միացեալ պաշտպանութեան պարտաւորութիւններու գործնական իրականացման անյապաղ անցնելու եւ զինուորական ուժերու տեղակայման մասին որոշման ծիրին մէջ, Թուրքիան իր փոքր ու միջին հասողութեամբ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու միջոցով պիտի մասնակցի Սէուտական Արաբիոյ կազային ու ելեկտրականութեան չորս կարեւորագոյն կառոյցներու պաշտպանութեան:
Յառաջիկայ օրերուն պիտի ճշդուի շրջան ուղարկուելիք զինուորներու քանակը:
Սէուտական Արաբիա թրքական զինուորական խումբ ուղարկելու մասին որոշումը պէտք է տայ Թուրքիոյ խորհրդարանը: Կ՛ակնկալուի, որ այդ մէկը պիտի կատարուի այս ամիս:
Բաց մամուլի տուեալներով` Թուրքիան ռազմակայաններ ունի 12 երկիրներու մէջ: Անոնց մեծագոյնը կը գտնուի հիւսիսային Կիպրոսի մէջ, ուր տեղակայուած են աւելի քան 30 հազար զինուորներ: Թուրքիան նաեւ ռազմակայաններ ունի Քաթարի, Իրաքի, Սուրիոյ, Սոմալիի, Լիթուանիոյ եւ շարք մը այլ երկիրներու մէջ:


