Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Զրոյցի Ընթացքին` Ռուսական Քարիւղի Եւ Նաւթամթերքի Մատակարարման Շուրջ Համաձայնութիւն

October 12, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ ուրբաթ օր Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին համաձայնութիւն ձեռք բերած է Ռուսիոյ կողմէ ամերիկեան եւ համաշխարհային շուկայ մազութի մատակարարման:

«Ռուսիան անյապաղ ամերիկեան եւ համաշխարհային շուկային աւելի քան 300 հազար թոն մազութ պիտի մատակարարէ, եւս 500 թոն` նոյեմբեր ամսուան ընթացին, եւ 1 միլիոն թոն` ատկէ անմիջապէս ետք: Բացի ատկէ, անոնց քարիւղի վերամշակման գործարաններու վիճակէն մեկնած, Ռուսիան կարճ ժամանակահատուածի մէջ պիտի մատակարարէ 3 միլիոն թոն մազութային վառելիք», ընկերային ցանցի վրայ գրած է Սպիտակ տան ղեկավարը` «արտակարգ յաջող» որակելով իր ռուս պաշտօնակիցին հետ զրոյցը:

Փութին իր կարգին յայտարարեց, որ Ռուսիան պատրաստակամ է Միացեալ Նահանգներուն ու համաշխարհային շուկաներուն քարիւղ եւ նաւթամթերք մատակարարելու:

Փութին նշեց, որ Թրամփի հետ հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին մեծ ուշադրութիւն դարձուցած են ուքրանական ճգնաժամի լուծման հեռանկարներուն:

Քրեմլին երէկ հաղորդեց, որ Փութին եւ Թրամփ անդրադարձած են Ուքրանիոյ մէջ պատերազմին` աւելցնելով. «Փութին առաջարկներ ստացաւ Թրամփէն` Ուքրանիոյ մէջ մագլցումը մեղմացնելու»:

Քրեմլին նաեւ հաղորդեց, որ Փութին Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի հետ խորհրդակցութեան հիմամբ Թրամփին փոխանցած է Իրանի տագնապի լուծման կարելիութիւններուն վերաբերեալ «իրանեան ամբողջական պատկերացումը»:

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտարարեց. «Պիտի դադրինք ռուսական քարիւղի զտարանները թիրախաւորելէ, եթէ Մոսկուան դադրի մեր ուժանիւթի ենթակառոյցները քանդելէ»:

«Ռուսիոյ նաւթամթերք ծախել արտօնելը ներդրում է պատերազմին մէջ, որ պէտք է աւարտի, եւ ոչ թէ` երկարաձգուի», աւելցուց Զելենսքի:

Թրամփ. «Ժամանակն Է, Որ Ուքրանիան
Նոր Նախագահ Մը Ունենայ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ առաջարկեց. «Ուքրանացիները պէտք է ընտրեն նոր ղեկավար մը, որ կարող է (Ռուսիոյ հետ պատերազմին վերջ տալու համար) համաձայնութիւն կնքելու»:

Ան Սպիտակ տան մէջ լրագրողներուն յայտնեց. «Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին կրնար շարք մը համաձայնութիւններ կնքել, սակայն, որոշ պատճառով մը, այդ մէկը երբեք չի կատարեր»:

«Եթէ ես նախագահ ըլլայի, այս պատերազմը տեղի չէր ունենար, երբեք սկսած չէր ըլլար: Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ այս պատերազմը ծագելուն որեւէ պատճառ չկար: Ծագեցաւ ապիկարութեան պատճառով եւ պէտք էր երբեք տեղի չունենար: Իրենց հողերուն 30 առ հարիւրը մինչեւ հիմա կորսնցուցած չէին ըլլար, եւ երկու կողմերէն ալ աւելի քան երկու միլիոն մարդ սպաննուած չէր ըլլար», ըսաւ ան:

«Կը կարծեմ, թէ ժամանակն է, որ Ուքրանիան նոր նախագահ մը ունենայ», շեշտեց Սպիտակ տան ղեկավարը:

Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Անտրէյ Սիպիհա յայտնեց, որ Զելենսքին ուքրանացի ժողովուրդին աջակցութիւնը կը վայելէ, եւ միայն ժողովուրդը իրաւունք ունի այս հարցը վճռելու:

«Նախագահ Զելենսքին պատերազմի շրջանին մեր ժողովուրդը կը ղեկավարէ, եւ անիկա անկախութեան, ազատութեան ու արժանապատուութեան համար պատերազմ է», նշեց ան:

Սիպիհա ըսաւ, թէ օտար երկիրներէն հնչող յայտարարութիւնները միայն կը հաստատեն, որ նախագահը իր պարտականութիւնը ճիշդ ձեւով կը կատարէ, եւ Զելենսքին արժանի է զօրակցութեան:

Ռուսիոյ նախագահի արտաքին ներդրումային ու տնտեսական գործակցութեան հարցերու յատուկ ներկայացուցիչ Քիրիլ Միթրիեւիչ նշեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը կը միանայ այն շատերուն, որոնք կը կարծեն, թէ Ուքրանիան կարիքը ունի նոր ղեկավարութեան մը, որ իրողապէս կը կեդրոնանայ խաղաղութեան վրայ, ոչ թէ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի պատերազմ հրահրելու գործելաոճին»:

Ան Թրամփի յայտարարութիւնը որակեց «կոթողական ու պատմական»` աւելցնելով. «Մազութի քաղաքականութիւնը Զելենսքիի իրականութիւնը բացայայտեց»:

 

 

Նախորդը

Հուսիները Դարձեալ Ռմբակոծեցին Ռիատի Օդակայանը` Պատճառելով Զոհեր Ու Վիրաւորներ

RelatedPosts

Հուսիները Դարձեալ Ռմբակոծեցին Ռիատի  Օդակայանը` Պատճառելով Զոհեր Ու Վիրաւորներ
Գլխաւոր լուրեր

Հուսիները Դարձեալ Ռմբակոծեցին Ռիատի Օդակայանը` Պատճառելով Զոհեր Ու Վիրաւորներ

October 12, 2026
«Չինաստանը Կարեւոր Դրացի Է, Եւ Աշխատանք  Պիտի Տանինք Անոր Հետ Շինիչ  Ու Կայուն Յարաբերութիւն Հաստատելու»  Կ՛ըսէ Ճափոնի Վարչապետը
Միջազգային

«Չինաստանը Կարեւոր Դրացի Է, Եւ Աշխատանք Պիտի Տանինք Անոր Հետ Շինիչ Ու Կայուն Յարաբերութիւն Հաստատելու» Կ՛ըսէ Ճափոնի Վարչապետը

October 12, 2026
Թրամփ Պաշտօնապէս Ջնջեց Դէպի Պէյրութ  Թռիչքներու Նկատմամբ Հաստատուած Արգելքը
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Պաշտօնապէս Ջնջեց Դէպի Պէյրութ Թռիչքներու Նկատմամբ Հաստատուած Արգելքը

October 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.