Երէկ Հիւսիսային Իսրայէլի Լիբանանի սահմանին մօտ Վերին Գալիլիոյ մէջ կրօնական դպրոցի մը աշակերտներու դպրոցական պտոյտի մը ընթացքին տեղի ունեցաւ պայթում մը, որ զոհ մը եւ 20 վիրաւորներ պատճառեց:
Իսրայէլեան բանակի բանբեր Իլա Ուաուիէ յայտնեց, թէ ի յայտ եկած է, որ, ըստ երեւոյթին, պայթածը Հըզպալլային պատկանող տարանջատուող ռումբ մըն է, որ շրջանին մէջ մնացած է եւ պայթած:


