Ճափոնի վարչապետ Սանայ Թաքայիչի նշեց. «Չինաստանը կարեւոր դրացի է, եւ հակառակ դժուարութիւններուն, մեր միջեւ տարիներու վրայ երկարող երկարատեւ յարաբերութիւններ գոյութիւն ունին: Աշխատանք պիտի տանինք հասարակաց մարտահրաւէրներու վերաբերեալ կապ հաստատելու, եւ քաջալերելու երկխօսութիւնը պահպանելու համար մեր ազգային շահերը եւ շինիչ ու կայուն յարաբերութիւն հաստատելու»:
Ան այս մասին յայտարարեց ճափոնական խորհրդարանին մէջ արտաքին քաղաքականութեան վերաբերեալ իր արտասանած մէկ խօսքի ընթացքին:
Ճափոնի վարչապետը շեշտեց, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ «իր դիրքորոշումը վճռական կերպով հաստատել», եւ «խստօրէն կոչ ուղղել` պատասխանատու վարքագիծ որդեգրելու»:
Ասիական երկու տնտեսական ուժերուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները վատթարացան, երբ Թաքայիչի նոյեմբերին զայրացուց Չինաստանը, երբ նշեց, թէ Թոքիոն կրնայ զինուորական միջամտութիւն կատարել, եթէ Թայուանը որեւէ յարձակումի ենթարկուի:
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Ուանկ Եի անցեալ շաբաթ Փեքինի մէջ ճափոնական առեւտրական պատուիրակութիւն մը գլխաւորող Ճափոնի արտաքին գործոց նախկին նախագահ Թաքայիչի Իուայայի հետ հանդիպումի մը ընթացքին ըսած էր, թէ Թոքիոյի հետ յարաբերութիւնները «իրենց բնականոն կացութեան վերադառնալուն կը սպասեն»:


