Միջազգային

Բնագիտութեան Նոպելեան Մրցանակի  Դափնեկիրն Է Ամերիկացի  Աստղաբնագէտ Ֆրենսիս Հալսենը

Բնագիտութեան Նոպելեան Մրցանակի Դափնեկիրն Է Ամերիկացի Աստղաբնագէտ Ֆրենսիս Հալսենը

Բնագիտութեան 2026 թուականի Նոպելեան մրցանակի դափնեկիրն է ամերիկացի աստղաբնագէտ Ֆրենսիս Հալսենը: Այս մասին կը յայտնեն Նոպելեան յանձնախումբէն: «Բնագիտութեան 2026 թուականի Նոպելեան մրցանակի դափնեկիր դարձած է ամերիկացի աստղաբնագէտ Ֆրենսիս Հալսեն` «ԱյսՔիուպ»` նիւթրոնային աստղադիտարանի զարգացման գործին մէջ վճռորոշ ներդրման եւ աստղաբնագիտական ծագման բարձր ուժանիւթի նիւթրոններու յայտնաբերման համար», գրուած է հաղորդագրութեան մէջ: Նշենք, որ այսօր յայտնի պիտի դառնայ քիմիագիտութեան, իսկ վաղը գրականութեան Նոպելեան...

«Իմացէք, Որ Եթէ Իրանի Դէմ Նոր Պատերազմ  Ծագի, Անոր Բոցերը Բոլորին Պիտի Հասնին»  Շեշտեց Զօր. Ապտելլահի

«Իմացէք, Որ Եթէ Իրանի Դէմ Նոր Պատերազմ Ծագի, Անոր Բոցերը Բոլորին Պիտի Հասնին» Շեշտեց Զօր. Ապտելլահի

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատարներէն ծով. Ալի Ֆատաւի յայտարարեց, որ իրանեան ուժերը ամերիկեան ուժերուն ստիպած են Իրանի սահմանէն շուրջ 1000 քիլոմեթր նահանջել: «Ամերիկացիները փախած են եւ տեղափոխուած մեր սահմաններէն աւելի քան 1000 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Ասիկա անոնց ընտրութիւնը չէր. ատիկա պայմանաւորուած էր իսլամական հանրապետութեան հեղինակութեամբ եւ Յեղափոխական պահակագունդի ցամաքային ուժերու հեղինակութեամբ», իրանեան «Փրես Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին պնդած է...

Եմէնի Կառավարական Ուժերը Պապ Մանտեպի Մէջ  Հուսիներուն Դէմ Զինուորական «Վճռական»  Գործողութիւն Մը Շղթայազերծեցին

Եմէնի Կառավարական Ուժերը Պապ Մանտեպի Մէջ Հուսիներուն Դէմ Զինուորական «Վճռական» Գործողութիւն Մը Շղթայազերծեցին

Եմէնի կառավարական ուժերը յայտարարեցին. «Պապ Մանտեպի մէջ հուսի խմբաւորման դէմ զինուորական վճռական գործողութիւն մը շղթայազերծեցինք»: Զինուորական երկու աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ կառավարական ուժերը Պապ Մանտեպին հսկող Զու Պապ շրջանին մէջ հուսիներու դիրքերուն վրայ յարձակում կը գործեն: Նշենք, որ հուսիները անցեալ ամիս անակնկալ յարձակում մը շղթայազերծելով գրաւեցին ռազմավարական Պապ Մանտեպ նեղուցը, ինչպէս նաեւ Կարմիր ծովուն վրայ 150 քիլոմեթր երկարութեամբ...

Փեսքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է  Ուքրանիոյ Մէջ Խաղաղութեան Հասնելու»

Փեսքով. «Ռուսիան Միացեալ Նահանգներու Հետ Կը Քննարկէ Ուժանիւթի Ոլորտին Մէջ Հաւանական Համագործակցութիւնը»

Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչները հաղորդակցութիւններու ընթացքին կ՛արծարծեն ուժանիւթային ոլորտին մէջ հաւանական համագործակցութեան նիւթը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներուն յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով: «Արդարեւ, ամերիկացի ներկայացուցիչներու հետ զրոյցներու ընթացքին կ՛արծարծուին ուժանիւթի ոլորտին մէջ հաւանական գործակցութեան եւ համագործակցութեան նիւթը», ըսած է Քրեմլինի բանբերը:  

Բնախօսութեան Ու Բժշկութեան  Ոլորտի Մէջ Նոպելեան Մրցանակակիրները

Բնախօսութեան Ու Բժշկութեան Ոլորտի Մէջ Նոպելեան Մրցանակակիրները

Բնախօսութեան ու բժշկութեան ոլորտին մէջ 2026 թուականի Նոպելեան մրցանակին արժանացած են գիտնականներ Քարլ Տէյսերոթը, Փեթեր Հեկեմանը եւ Կէորկ Նակելը: Դափնեկիրներուն անունները յայտարարուած է Շուէտի մայրաքաղաք Սթոքհոլմի մէջ: Հեկեման կ՛աշխատի Պերլինի Հումպոլտթի անուան համալսարանին մէջ, Կէորկ Նակելը` Վիուրցպուրկի համալսարանին մէջ: Տէյսերոթ գիտական գործունէութիւն կը ծաւալէ Հաուըրտ Հիուզի բժշկական հիմնարկին եւ Սթենֆըրտ համալսարանին մէջ: Բնագիտութեան ու բժշկութեան ոլորտին մէջ մրցանակի դափնեկիրներու անուններու...

Պրազիլի Նախագահը Պիտի Որոշուի Ընտրութեան  Երկրորդ Փուլին. Պոլսոնարուի  Որդին` Յառաջատար Դիրքի Վրայ

Պրազիլի Նախագահը Պիտի Որոշուի Ընտրութեան Երկրորդ Փուլին. Պոլսոնարուի Որդին` Յառաջատար Դիրքի Վրայ

Պրազիլի նախագահը պիտի որոշուի ընտրութեան երկրորդ փուլին` 25 սեպտեմբերին: Այս մասին հաղորդեց «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն: Պրազիլի նախագահի թեկնածու Ֆլաւիօ Պոլսոնարու ստացած է առաջին փուլին յաղթելու համար անհրաժեշտ քուէներէն` 50 առ հարիւրէն նուազ: Նախկին նախագահ Ժայիր Պոլսոնարուի աւագ որդի Ֆլաւիոն ստացած է քուէներուն 47,23 առ հարիւրը, անոր հիմնական մրցակից` գործող նախագահ Լուիս Ինասիու Լուլա Տա Սիլվան` քուէներուն 44,93 առ հարիւրը: Անոնք կ՛անցնին...

Նեթանիահու. «Իրանի Ծրագիրը Մեզ Կրակով  Պաշարելն Էր, Սակայն Թշնամին Բոլոր  Ճակատներուն Վրայ Մեր Սահմաններէն Հեռացուցինք»

Նեթանիահու. «Իրանի Ծրագիրը Մեզ Կրակով Պաշարելն Էր, Սակայն Թշնամին Բոլոր Ճակատներուն Վրայ Մեր Սահմաններէն Հեռացուցինք»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու նշեց. «Իրանի ծրագիրը մեզ կրակով պաշարելն էր, սակայն թշնամին բոլոր ճակատներուն` Կազայի, Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ մեր սահմաններէն հեռացուցինք»: «Ջանք կը թափենք մեր շրջանին մէջ խաղաղութեան շրջագիծը ընդլայնելու: Աշխատանք պիտի տանինք զայն իրագործելու, եւ այդ մէկը կը կատարենք ուժով ու վճռակամութեամբ», յայտնեց Նեթանիահու: Իսրայէլի վարչապետը նաեւ յայտարարեց. «Մեր դէմ յարձակումի մասնակցած որեւէ անձ, մեր պատանդները պահած...

Թրամփ. «Իրանի Վերաբերեալ  Որոշում Մը Պիտի Տամ»

Թրամփ. «Իրանի Վերաբերեալ Որոշում Մը Պիտի Տամ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց. «Իրան հիւլէական զէնքին վերաբերեալ բազմաթիւ ծրագիրներէ հրաժարեցաւ, եւ անոր վերաբերեալ որոշում մը պիտի տամ»: «Յաջողեցանք գիները նուազեցնել, քարիւղի գիները ներկայիս կը նուազին», ըսաւ ան: Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտնեց, որ Թեհրան դիւանագիտական լուծումներ գտնելու նկատմամբ նոյնքան լուրջ է, որքան ինքզինք պաշտպանելու նկատմամբ: Ան նշեց, որ Հորմուզի նեղուցը եօթը օրէն ամբողջութեամբ պիտի վերաբացուի,...

Պաղայի. «Ֆլայտուպայ»-ի Թռիչքի Առնչուած  Միջադէպը Իրանը Կամ Շրջանի Այլ Երկիրները  Մեղադրելու Ծրագրուած Անյաջող Փորձ Էր»

Պաղայի. «Ֆլայտուպայ»-ի Թռիչքի Առնչուած Միջադէպը Իրանը Կամ Շրջանի Այլ Երկիրները Մեղադրելու Ծրագրուած Անյաջող Փորձ Էր»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի յայտարարած է, որ Իրանին որոշ գործողութիւններ ծրագրելու յանցանքով կը մեղադրեն բացառապէս այն յայտարարութիւններուն հիմամբ, զորս կարելի չէ ստուգել: «Օրինակ` Ֆէյրֆորտի օդուժի ռազմակայանին հետ կապուած, որ Միացեալ Նահանգները օգտագործած են Իրանի դէմ յարձակումներ կատարելու համար: Կամ «Ֆլայտուպայ»-ի թռիչքի պարագային: «Կը կարծեմ, թէ նոյնիսկ նախադպրոցական տարիքի երեխաները հասկցան, թէ որքան անիկա անփոյթ ծրագրուած էր` անապահովութեան...

Քոպախիծէ. «Չենք Կարծեր, Որ ԹՐԻՓՓ-ը  Կրնայ Էական Խնդիրներ Ստեղծել Վրաստանէն  Անցնող Աւանդական Երթուղիներուն Համար»

Քոպախիծէ. «Չենք Կարծեր, Որ ԹՐԻՓՓ-ը Կրնայ Էական Խնդիրներ Ստեղծել Վրաստանէն Անցնող Աւանդական Երթուղիներուն Համար»

Չենք կարծեր, որ ԹՐԻՓՓ-ը կրնայ էական խնդիրներ ստեղծել Վրաստանէն անցնող աւանդական երթուղիներուն համար: Այս մասին յայտարարած է Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիծէ: «Չենք կարծեր, որ ԹՐԻՓՓ երթուղին կամ որեւէ այլ երթուղի կրնայ էական խնդիր ստեղծել Վրաստանէն անցնող աւանդական երթուղիներու համար: Ասիկա կը վերաբերի նաեւ Անակլիային», նշած է Քոպախիծէ: Անոր համաձայն, Միջին միջանցքով բեռնափոխադրումներու ծաւալը 2020 թուականէն ի վեր աճած է եօթը...

Ըստ «Աքսիոս»-ի.  Ռիատ Յառաջիկայ Օրերուն Հուսիներուն Դէմ  Լայնածաւալ Հակայարձակում Կը Ծրագրէ,  Եւ Ուաշինկթըն 2-րդ Անգամ Ըլլալով Կը Մերժէ Մասնակցիլ

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Ռիատ Յառաջիկայ Օրերուն Հուսիներուն Դէմ Լայնածաւալ Հակայարձակում Կը Ծրագրէ, Եւ Ուաշինկթըն 2-րդ Անգամ Ըլլալով Կը Մերժէ Մասնակցիլ

Սէուտական Արաբիան եւ եմէնեան կառավարական ուժերը յառաջիկայ օրերուն հուսիներուն դէմ լայնածաւալ յարձակումի մը շղթայազերծումը կը ծրագրեն` փորձելով զանոնք հեռացնել Կարմիր ծովու Պապ Մանտեպ նեղուցին վերահսկող ծովեզերեայ շրջանէն: Այս մասին «Աքսիոս»-ին յայտնած են երկու ամերիկացի պաշտօնատարներ: Միացեալ Նահանգներ քանի մը շաբթուան ընթացքին երկրորդ անգամ ըլլալով մերժած է գործողութեան մասնակցելու եւ օդային հարուածներ հասցնելու սէուտական խնդրանք մը, սակայն ամերիկացի պաշտօնատարները յայտնած են,...

Մերց` Փութինին.  «Մենք Պատրաստ Ենք Բանակցութիւններու,  Մենք Պատրաստ Ենք Քննարկելու Այս Պատերազմի Աւարտը»

Մերց` Փութինին. «Մենք Պատրաստ Ենք Բանակցութիւններու, Մենք Պատրաստ Ենք Քննարկելու Այս Պատերազմի Աւարտը»

Մենք պատրաստ ենք բանակցութիւններու, մենք պատրաստ ենք քննարկելու այս պատերազմի աւարտը: Այս մասին Ուքրանիա կատարած այցելութեան ընթացքին յայտարարած է Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերց: «Սակայն Ուքրանիոյ խաղաղ բնակիչներուն վրայ այս բարբարոսական յարձակումները պէտք է դադրեցուին», յայտարարած է Մերց` դիմելով Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին: Գերմանիոյ վարչապետը Ուքրանիոյ մայրաքաղաք Քիեւ հասած էր ոչ պաշտօնական այցելութեամբ: «Ես այսօր Քիեւ եկած եմ, որովհետեւ Ուքրանիան յառաջիկայ...

Մոսկուայի Մէջ Համայնավարներու Ցոյցի  Մասնակիցներ Ձերբակալուած Են`  «Կորչի՛ Ցարը» Կարգախօսին Համար

Մոսկուայի Մէջ Համայնավարներու Ցոյցի Մասնակիցներ Ձերբակալուած Են` «Կորչի՛ Ցարը» Կարգախօսին Համար

Մոսկուայի մէջ ոստիկանութիւնը ձերբակալութիւններ կատարած է Ռուսիոյ Համայնավար կուսակցութեան Սպիտակ տան վրայ յարձակումի 33-րդ տարեդարձի առիթով յիշատակի ցոյցին ժամանակ: Ձերբակալուած են երկու տասնեակէ աւելի մարդիկ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի «Նասթոյշչէյէ Վրեմիա» նախագիծը: Համաձայնեցուած հանրահաւաքի ժամանակ խօսք արտասանած է կուսակցութեան ղեկավար Կենատի Ժիւկանով: Յաջորդած երթի մասնակիցները սկսած են վանկարկել քաղաքական կարգախօսներ, ինչպէս` «Կորչի՛ «Ռոսքոմնատզոր»-ը», «Ո՛չ քաղաքական բռնաճնշումներուն», «Ազատութի՛ւն...

Թրամփ. «Իրանի Մէջ Առաքելութիւնը Մէկ  Օրուան Մէջ Աւարտեցինք, Սակայն Այդտեղ Մնացինք,  Որպէսզի Մեր Յաղթանակը Կարճատեւ Չըլլայ»

Թրամփ. «Իրանի Մէջ Առաքելութիւնը Մէկ Օրուան Մէջ Աւարտեցինք, Սակայն Այդտեղ Մնացինք, Որպէսզի Մեր Յաղթանակը Կարճատեւ Չըլլայ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, թէ Միացեալ Նահանգներ Իրանի մէջ առաքելութիւնը մէկ օրուան մէջ աւարտած են, սակայն այդտեղ աւելի երկար ժամանակ մնացած են, որպէսզի իրենց յաղթանակը կարճատեւ չըլլայ: Թրամփ վստահեցուց, որ Իրան երբեք հիւլէական զէնք պիտի չունենայ, եւ այլեւս նախապէս եղած վիճակին մէջ չէ եւ այժմ կ՛ուզէ համաձայնութիւն գոյացնել: Թրամփ ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահները պէտք էր շատոնց...

Ըստ Իսրայէլացի Պաշտօնատարի Մը.  Արաբական Միացեալ  Էմիրութիւնները Զայրացած Են

Ըստ Իսրայէլացի Պաշտօնատարի Մը. Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Զայրացած Են

Իսրայէլացի պաշտօնատար մը իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին յայտնած է, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները զայրոյթով լեցուն պատգամներ յղած են Իսրայէլին` հետաքննութեան աւարտէն առաջ օդաչուի օգնականին վերաբերեալ իսրայէլեան եզրակացութիւններուն պատճառով: Ըստ պաշտօնատարին, էմիրաթցի պաշտօնատարներ յայտնած են, որ «Ֆլայ Տուպայ» օդանաւի օդաչուի օգնականին «ահաբեկչական» դրդապատճառներով գործած ըլլալու պնդումը կտրուկ ու չափազանցուած եզրակացութիւն մըն էր, որ կանխած է հետաքննութեան արդիւնքները: Իսրայէլացի պաշտօնատարը աւելցուցած է,...

Ռիատի Մէջ Մեքքայի Համաձայնագիրի Անդամ  Երկիրներու Արտակարգ Ժողով` Հուսիներու Հետ  Քաղաքական Ներգրաւուածութեան Քննարկման Համար

Ռիատի Մէջ Մեքքայի Համաձայնագիրի Անդամ Երկիրներու Արտակարգ Ժողով` Հուսիներու Հետ Քաղաքական Ներգրաւուածութեան Քննարկման Համար

Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Իսհաք Տար երէկ յայտարարեց, թէ Ռիատ պիտի հիւրընկալէ Մեքքայի համաձայնագիրին հիմամբ քաղաքական պաշտպանութեան ռազմավարական յանձնախումբի արտակարգ ժողով մը, որ պիտի կեդրոնանայ Սէուտական Արաբիոյ վրայ հուսիներուն յարձակումներուն վրայ: Փաքիստանեան դիւանագիտութեան ղեկավարը նշեց. «Ռիատի ժողովը զինուորական քայլի փոխարէն պիտի քննարկէ հուսիներուն հետ քաղաքական ներգրաւուածութիւնը»: Ան ըսաւ, որ աւելի քան 6 պետութիւններ փափաք յայտնած են Սէուտական Արաբիոյ, Փաքիստանի...

Ֆրանսայի Մէջ Հարիւրաւոր Դպրոցներ  Փակ Կը Մնան` Աշակերտներու Բողոքի Ցոյցերուն  Անկարգութեան Վերածուելուն Պատճառով

Ֆրանսայի Մէջ Հարիւրաւոր Դպրոցներ Փակ Կը Մնան` Աշակերտներու Բողոքի Ցոյցերուն Անկարգութեան Վերածուելուն Պատճառով

Ֆրանսայի մէջ 3700 դպրոցներէն շուրջ 400 դպրոցներ երէկ փակ մնացին, մինչ Փարիզի շրջանի երկրորդական վարժարաններուն մէջ անցեալ շաբաթ սկսած ցոյցերը արագօրէն տարածուեցան Ֆրանսայի տարածքին եւ հետզհետէ բիրտ բնոյթ ստացան: Այս մասին հաղորդեց «Ֆրանս24»-ը: Աշակերտները կը բողոքեն շարք մը հարցերու դէմ, ներառեալ ուսուցիչներու սակաւութիւնը եւ վատ վիճակի մէջ գտնուող դպրոցական շէնքերը: Աշակերտները նաեւ կ՛ըսեն, թէ դպրոցի ժամերը չափազանց երկար են: Ֆրանսական...

Թրամփ. «Մօտ Օրէն Պիտի Տեսնէք,  Թէ Իրանի Վերաբերեալ Ի՛նչ Պիտի Կատարուի»

Թրամփ. «Մօտ Օրէն Պիտի Տեսնէք, Թէ Իրանի Վերաբերեալ Ի՛նչ Պիտի Կատարուի»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներ իրենց վերահսկողութեան տակ առած են Հորմուզի նեղուցը: «Մօտ օրէն պիտի տեսնէք, թէ Իրանի վերաբերեալ ի՛նչ պիտի կատարուի», նշեց Թրամփ: «Անցնող շաբաթներուն Հորմուզի նեղուցին ճամբով աւելի քան երբեւէ հսկայական ծաւալով քարիւղ դուրս եկաւ», ըսաւ Սպիտակ տան ղեկավարը: Թրամփ մէկ այլ յայտարարութեան մէջ նշեց. «Իրանը թերեւս հարուածենք, թերեւս համաձայնութիւն գոյացնենք, պէտք է որոշում...

Նեթանիահու. «Տակաւին Կանուխ Է  «Ֆլայ Տուպայ»-ի Դէպքին Իրանեան  Մեղսակցութեան Գոյութիւնը Հաստատելու»

Նեթանիահու. «Տակաւին Կանուխ Է «Ֆլայ Տուպայ»-ի Դէպքին Իրանեան Մեղսակցութեան Գոյութիւնը Հաստատելու»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Իսրայէլ նկատած է ցուցանիշեր, որոնց համաձայն, Իրան մտադիր էր արտասահմանի մէջ Իսրայէլի եւ անոր քաղաքացիներուն դէմ «ահաբեկչական յարձակումները» աշխուժացնելու: Նեթանիահու աւելցուց, որ տակաւին կանուխ է «Ֆլայ Տուպայ»-ի թռիչքի դէպքին իրանեան մեղսակցութեան գոյութիւնը հաստատել: Իսրայէլի մէջ ապահովական մեծ պաշտօնատար մը երէկ իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթին յայտնեց. «Մինչեւ այսօր առտու, դէպքին Իսրայէլի ուղղակի...

«Թշնամիի Ճամբարին Կողմէ Որեւէ Նոր Սխալ  Կամ Յարձակում Կարծր Պատասխանի Պիտի Արժանանայ»  Կ՛ըսէ Իրանի Յեղափոխական Պահակագունդը

«Իրաքէն Ամերիկեան Ուժերու Հեռացումը Պատմական Յաղթանակ է Եւ Արեւմտեան Ասիոյ Բոլոր Կողմերէն Անոնց Հեռացման Նախաքայլն Է» Կ՛ըսէ Իրանի Յեղափոխական Պահակագունդը

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը յայտնեց, որ Իրաքէն ամերիկեան ուժերու հեռացումը «պատմական մեծ իրադարձութիւն մը» եւ «Դիմադրութեան առանցքին համար ձեռքբերում մըն» է, ինչպէս նաեւ ամերիկեան ուժերու Արեւմտեան Ասիոյ բոլոր կողմերէն հեռացման «նախաքայլը»: Յեղափոխական պահակագունդը շնորհաւորեց իրաքցի ժողովուրդը, Իսլամական դիմադրութեան ճակատը եւ Իսլամական աշխարհին մէջ յեղափոխական ժիհատականները` «պատմական յաղթանակ»-ին առիթով: Պահակագունդը ամերիկեան ուժերու Իրաքէն հեռացումը նկատեց իրաքցի ժողովուրդի իր անկախութեան ու անսասանութեան հաւատարիմ...

Page 5 of 881 1 … 4 5 6 … 881

Արխիւներ