Միջազգային

«Փենս Իսրայէլ Պիտի Այցելէ Եւ Հաւանաբար  Իսրայէլի Հետ Յարաբերութիւններու  Նոր Բնականոնացման Մասին Յայտարարէ»  Կ՛ըսէ Իսրայէլացի Նախարար Մը

«Փենս Իսրայէլ Պիտի Այցելէ Եւ Հաւանաբար Իսրայէլի Հետ Յարաբերութիւններու Նոր Բնականոնացման Մասին Յայտարարէ» Կ՛ըսէ Իսրայէլացի Նախարար Մը

Իսրայէլի շրջանային համագործակցութեան հարցով նախարար Օվիր Օքնենես յայտնեց. «Կը սպասուի, որ մօտ օրէն (Իսրայէլի հետ) յարաբերութիւններու բնականոնացման նոր պարագայի մասին յայտարարուի: Ատիկա տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 20 յունուարէն առաջ, երբ ամերիկացիները հաւանաբար պիտի յայտարարեն, թէ մէկ կամ երկու երկիրներ իրենց յարաբերութիւնները կը բնականոնացնեն Իսրայէլի հետ»: «Կը նախատեսուի, որ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Մայք Փենս Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահի երդման արարողութենէն օրեր...

«Պրեքզիթ»-ի Շուրջ Բանակցութիւններուն  Ձախողութիւնը Տակաւին Ամէնէն  Հաւանական Բեմագրութիւնն Է»  Կ՛ըսէ Բրիտանիոյ Վարչապետը

«Պրեքզիթ»-ի Շուրջ Բանակցութիւններուն Ձախողութիւնը Տակաւին Ամէնէն Հաւանական Բեմագրութիւնն Է» Կ՛ըսէ Բրիտանիոյ Վարչապետը

Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն զգուշացուց, որ Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութենէն դուրս գալուն` «Պրեքզիթ»-ի շուրջ բանակցութիւններու ձախողութեան բեմագրութիւնը տակաւին «ամէնէն հաւանականն է», հակառակ Բրիտանիոյ եւ Եւրոպական Միութեան իրենց միջեւ բանակցութիւնները շարունակելու որոշումին: Ճոնսըն եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Ուրսուլա վոն տեր Լէյըն երէկ յայտարարեցին, թէ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին համաձայնած են երկարաձգել երկու կողմերուն միջեւ առեւտրական համաձայնութեան մը շուրջ բանակցութիւնները: Կը սպասուէր, որ...

Իրան Ուշադիր Կը Հետեւի Արաբական Ծոցի  Տարածքին Ամերիկեան «Պի-52էյչ»  Ռմբաձիգներու Տեղաշարժին

Իրան Ուշադիր Կը Հետեւի Արաբական Ծոցի Տարածքին Ամերիկեան «Պի-52էյչ» Ռմբաձիգներու Տեղաշարժին

Իրանցի բարձրաստիճան զօրավարներէն, Իրանի հակաօդային պաշտպանութեան «Խաթեմ Անպիա» ռազմակայանի երկրորդ հրամանատար զօր. Մատեր Ռահիմզատէ նախազգուշացուցած է Միացեալ Նահանգները, թէ իրենք կը հետեւին Արաբական ծոցին մէջ «Պի-52Էյչ» ռմբաձիգներուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Թեհրան թայմզ» օրաթերթի կայքը` յղում կատարելով ԻՐՆԱ լրատու գործակալութեան: «Կը վերահսկուին շրջանային եւ միջշրջանային ուժերու բոլոր տեղաշարժերը, ներառեալ «Պի-52Էյչ» ռմբաձիգներու թռիչքը Պարսից ծոցի հարաւը, երկրի օդային սահմաններէն 150 քիլոմեթր...

Էրտողան Լիպիոյ Մէջ Թրքական Ուժերուն  Տեղակայումը 1,5 Տարիով Երկարաձգելու  Փաստաթուղթ Ստորագրած Է

Էրտողան Լիպիոյ Մէջ Թրքական Ուժերուն Տեղակայումը 1,5 Տարիով Երկարաձգելու Փաստաթուղթ Ստորագրած Է

Թուրքիան պատրաստ է մէկուկէս տարիով երկարաձգելու Լիպիոյ մէջ սեփական զինուորական զօրակազմի տեղակայման մասին փաստաթուղթը: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: Հանրապետութեան Ազգային մեծ ժողով (խորհրդարան) ներկայացուած է հիւսիսային ափրիկեան երկիր յաւելեալ 18 ամիսով զօրակազմ տեղակայելու լիազօրութիւնը երկարաձգելու մասին օրինագիծը: Նախաձեռնութեան հեղինակը նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանն է: Անոր համաձայն, թրքական զէնքին օգնութեամբ Լիպիան «պիտի կարենայ ետ մղել Լիպիոյ ազգային բանակի...

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը Թուրքիոյ Դէմ  Պատժամիջոցներ Կիրարկելու Բանաձեւ Որդեգրած Է

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը Թուրքիոյ Դէմ Պատժամիջոցներ Կիրարկելու Բանաձեւ Որդեգրած Է

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը Թուրքիոյ Դէմ «Սի.Էյ.Էյ.Թի.Էս.Էյ.» տեսակի պատժամիջոցներ կիրարկելու բանաձեւ որդեգրած է: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին կը հաղորդէ «Աքսիոս»-ը: Քուէներու ճնշող մեծամասնութեամբ որդեգրուած բանաձեւը Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ կը նախատեսէ` առնչուած ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու գնման հետ, սակայն Միացեալ Նահանգներու նախագահը իրաւունք ունի վեթօ կիրարկելու բանաձեւին դէմ: «Սի.Էյ.Էյ.Թի.Էս.Էյ.» տեսակի պատժամիջոցները նախատեսուած են Իրանի, Հիւսիսային Քորէայի եւ Ռուսիոյ քաղաքացիներու եւ անոնց...

Բողոքի Ցոյց Թաւրիզի Մէջ Թուրքիոյ  Հիւպատոսարանին Առջեւ.  «Էրտողանը Չէ Իմացած Մէջբերուած  Բանաստեղծութեան Զգայնութեան Մասին»  Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Բողոքի Ցոյց Թաւրիզի Մէջ Թուրքիոյ Հիւպատոսարանին Առջեւ. «Էրտողանը Չէ Իմացած Մէջբերուած Բանաստեղծութեան Զգայնութեան Մասին» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած է, որ երկրի նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան չէ իմացած Պաքուի մէջ 10 դեկտեմբերին տեղի ունեցած զինուորական շքերթի ժամանակ իր մէջբերած բանաստեղծութեան զգայնութեան մասին: Իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ թրքական դիւանագիտութեան պետը այս մասին յայտնած է իր իրանցի պաշտօնակիցին` Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին: Շեշտելով երկու երկիրներուն միջեւ սերտ բարեկամական...

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահներուն  Նկատմամբ Անկիրթ Վերաբերմունք Ցուցաբերելով`  Ալիեւ. «Ես Ձեզ Չեմ Հրաւիրած,  Այստեղ Գալը Ձեր Գաղափարը Եղած Է»

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահներուն Նկատմամբ Անկիրթ Վերաբերմունք Ցուցաբերելով` Ալիեւ. «Ես Ձեզ Չեմ Հրաւիրած, Այստեղ Գալը Ձեր Գաղափարը Եղած Է»

Ազրպէյճանի նախագահի մամլոյ ծառայութենէն յայտնած են, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի պատուիրակութիւնը 12 դեկտեմբերի առաւօտեան հասած է Պաքու: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոսսիափրիմաւերա» կայքը: Դիւանագէտները հանդիպած են Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Հանդիպումին ներկայ եղած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Ստեֆան Վիսքոնթի (Ֆրանսա) եւ Էնտրիւ Շոֆըր (Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Միխայիլ Պոչառնիքով...

«Անգարան Արջի Ծառայութիւն Կը Մատուցէ.  «Պաքուն Պէտք Է Զգուշանայ Անգարայէն»  Կ՛ըսէ Ազրպէյճանի Մէջ Իրանի Նախկին Դեսպանը

«Անգարան Արջի Ծառայութիւն Կը Մատուցէ. «Պաքուն Պէտք Է Զգուշանայ Անգարայէն» Կ՛ըսէ Ազրպէյճանի Մէջ Իրանի Նախկին Դեսպանը

Ազրպէյճանի մէջ Իրանի նախկին դեսպան Մոհսեն Փաքային Պաքուին խորհուրդ տուած է զգուշանալ Անգարայէն` Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հասցէին Թեհրանի քննադատութենէն ետք: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: «Էրտողանը, բանաստեղծութիւնը կարդալով, ցոյց տուած է պատմութեան, աշխարհագրութեան չիմացութիւնը, ստեղծագործութեան իմաստն ու շրջանի իրավիճակը չհասկնալը: Ան բարձրացուցած է Իրանէն ազրպէյճանական շրջաններու անջատման սուր հարցը, ինչպէս նաեւ կասկածի տակ դրած Ազրպէյճանի...

Բացատրելով, Թէ Ինչո՛Ւ Արցախի Վերաբերեալ  Իրանի Առաջարկին Ուշադրութիւն Չէ Դարձուած.  «Ընտրութեան Իրաւունքը Եղած Է  Ազրպէյճանինն Ու Հայաստանինը»  Կ՛ըսէ Լաւրով

Բացատրելով, Թէ Ինչո՛Ւ Արցախի Վերաբերեալ Իրանի Առաջարկին Ուշադրութիւն Չէ Դարձուած. «Ընտրութեան Իրաւունքը Եղած Է Ազրպէյճանինն Ու Հայաստանինը» Կ՛ըսէ Լաւրով

Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ձեւաչափը որոշելու իրաւունքը եղած է Հայաստանինն ու Ազրպէյճանինը, ատով պայմանաւորուած է յայտարարութեան մասնակիցներուն ընտրութիւնը եւ այն, որ Իրանի առաջարկած խաղաղ լուծման ծրագիրին ուշադրութիւն չէ դարձուած: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին նշած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով: «Հիմա պէտք չէ մտածել այն մասին, թէ ո՛վ եւ ե՛րբ հասած է կամ չէ...

Լոս Անճելըսի Քաղաքային Խորհուրդը  Միացեալ Նահանգներու Կառավարութեան  Կոչ Կ՛ուղղէ` Ճանչնալու Արցախի  Հանրապետութեան Անկախութիւնը

Լոս Անճելըսի Քաղաքային Խորհուրդը Միացեալ Նահանգներու Կառավարութեան Կոչ Կ՛ուղղէ` Ճանչնալու Արցախի Հանրապետութեան Անկախութիւնը

Լոս Անճելըսի քաղաքային խորհուրդը վերահաստատած է Արցախի անկախութեան ճանաչումն ու Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կոչ ուղղած հետեւելու այդ քայլին: Քաղաքային խորհուրդը որդեգրած է այդ բովանդակութեամբ բանաձեւ մը, որուն հեղինակը քաղաքային խորհուրդի անդամ Փոլ Գրիգորեանն է: 2018 թուականին Գրիգորեանի դիմումին հիմամբ քաղաքային խորհուրդը քաղաքին մէջ «Արցախի օր» հաստատած էր եւ դարձեալ, այսպիսով, միջազգային ընտանիքին կոչով դիմած Արցախի անկախութիւնը ճանչնալու իբրեւ ազատ, անկախ...

Էրտողանի Համաձայն, Փութին Ընդունած Է  Շրջանային Հարթակ Ստեղծելու Անգարայի Առաջարկը

Էրտողանի Համաձայն, Փութին Ընդունած Է Շրջանային Հարթակ Ստեղծելու Անգարայի Առաջարկը

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, Պաքուէն Անգարա վերադառնալու ընթացքին, օդակայանին մէջ գտնուող լրագրողներուն ըսած է, թէ Ռուսիան ընդունած է Անգարայի առաջարկը` ստեղծելու շրջանային անվտանգութեան հարթակ, որուն կրնան անդամակցիլ Ռուսիան, Թուրքիան, Ազրպէյճանը, Իրանը, Վրաստանը եւ Հայաստանը: Էրտողանի կարծիքով` եթէ Հայաստան միանայ այդ հարթակին, ապա Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յարաբերութիւններուն մէջ կրնայ նոր էջ բացուիլ:  

Զարիֆ Կոշտ Պատասխան Տուած Է Էրտողանի`  Պաքուի Շքերթի Ընթացքին Արտասանած Խօսքին

Զարիֆ Կոշտ Պատասխան Տուած Է Էրտողանի` Պաքուի Շքերթի Ընթացքին Արտասանած Խօսքին

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ «Թուիթըր»-ի վրայ գրառումով պատասխանած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` Պաքուի զինուորական շքերթի ընթացքին կատարած յայտարարութեան: «Նախագահ Էրտողանին չեն տեղեկացուցած, որ Պաքուի շքերթին ընթացքին անոր արտասանածը կը վերաբերի Արազէն հիւսիս գտնուող Իրանի հողերու իրանեան հայրենիքէն բռնի կերպով տարանջատուելուն», կը գրէ Զարիֆ` աւելցնելով. «Ան չի՞ գիտեր, որ ատով կը խարխլէ Ազրպէյճանի հանրապետութեան գերիշխանութիւնը: Ոչ...

ՄԱԿ-ը Խստօրէն Դատապարտեց Տագնապի  Ընթացքին Բնակավայրերու Վրայ Յարձակումները

ՄԱԿ Հաստատած Է Լեռնային Ղարաբաղ Առաքելութիւն Ուղարկելու Իր Մտադրութիւնը

ՄԱԿ-ը կը պահպանէ Լեռնային Ղարաբաղ առաքելութիւն ուղարկելու իր մտադրութիւնը եւ բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ` համագործակցելու, որպէսզի ատիկա կարելի եղածին չափ շուտ ըլլայ: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հարցումին ի պատասխան ըսած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի բանբեր Սթեֆան Տիւժարիք: Նախապէս ՄԱԿ յայտնած էր, որ շրջանի բնակիչներուն կարիքները գնահատելու համար առաքելութիւնը պէտք է Լեռնային Ղարաբաղ հասնի դեկտեմբերի սկիզբը, սակայն ատիկա տակաւին տեղի...

Իրանի Հաւանական Յարձակումի  Մտավախութենէն Մղուած.  Միջին Արեւելքի Մէջ Գտնուող Ամերիկեան  Ուժերը Դրուած Են  Բարձր Պատրաստուածութեան Մէջ

Իրանի Հաւանական Յարձակումի Մտավախութենէն Մղուած. Միջին Արեւելքի Մէջ Գտնուող Ամերիկեան Ուժերը Դրուած Են Բարձր Պատրաստուածութեան Մէջ

Իրան կրնայ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի պաշտօնավարման վերջին օրերուն զինուորական հարուած հասցնել ամերիկեան զինեալ ուժերուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Փոլիթիքօ» օրաթերթը: Իրանի հաւանական հարուածին մտավախութենէն մղուած` «բարձր պատրաստուածութեան» բերուած են Միջին Արեւելքի մէջ տեղակայուած ամերիկեան զօրքերը, որպէսզի անհրաժեշտութեան պարագային Իրանին պատասխան հարուած հասցուի: Այս մասին օրաթերթին յայտնած է պաշտօնատար մը: Վերջինս մանրամասնած է, որ ներկայիս Փենթակոն ուշադիր կը հետեւի...

Թուրքիան Վճարած Է Ռուսիոյ  «Էս-400»-ի Մատակարարման Գինը

«Ռուսական «Էս-300» Համակարգերու Գնումը Թուրքիոյ ՕԹԱՆ-Էն Հեռացում Չ՛ենթադրեր» Կ՛ըսէ Աքար

Թուրքիան ուշադիր կը հետեւի Ռուսիայէն «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու մատակարարման բոլոր երեւոյթներուն: Խօսքը քաղաքական, պաշտպանական, տնտեսական եւ ճարտարագիտական բաղադրիչներու մասին է: «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ յայտարարած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար: Նախարարին համաձայն, Ռուսիոյ հետ «Էս-400»-ի պայմանագիրը Թուրքիոյ ազգային շահերու հրատապ պահանջ էր եւ ոչ թէ ընտրութեան խնդիր: «Համակարգերու փորձարկումն ու տեղակայումը...

«Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւններու Մասին  Զեկուցումին Մէջ Պիտի Ուսումնասիրուի  Նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հարցը»  Կ՛ըսէ Մերքել

«Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւններու Մասին Զեկուցումին Մէջ Պիտի Ուսումնասիրուի Նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հարցը» Կ՛ըսէ Մերքել

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութեան ղեկավարները վեհաժողովի ընթացքին համաձայնած են, որ Թուրքիոյ զէնքի արտածման հարցը պէտք է քննարկուի ՕԹԱՆ-ի անդամներու ծիրին մէջ եւ համակարգուի Միացեալ Նահանգներու յաջորդ վարչակազմին հետ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ»: Ան նաեւ յայտնած է, որ Եւրոպական Միութեան ղեկավարները միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ժոզեփ Պորելէն խնդրած են յաջորդ վեհաժողովին համար Թուրքիոյ հետ...

Զաթուլին Էրտողանին Խորհուրդ Տուած Է Յիշել  Հայոց Ցեղասպանութիւնը  Գործած Էնվեր Փաշայի Ճակատագիրը

Զաթուլին Էրտողանին Խորհուրդ Տուած Է Յիշել Հայոց Ցեղասպանութիւնը Գործած Էնվեր Փաշայի Ճակատագիրը

Ռուսիոյ Պետական տումայի ԱՊՀ-ի հարցերով յանձնախումբի նախագահի տեղակալ Քոնսթանթին Զաթուլին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին խորհուրդ տուած է` յիշել Էնվեր փաշայի ճակատագիրը: 10 դեկտեմբերին Պաքուի մէջ զինուորական շքերթի ընթացքին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած էր. «Զանգեզուրը, Սեւանը եւ Երեւանը Ազրպէյճանի պատմական հողերն են», իսկ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յիշատակած էր Էնվեր փաշան: Ալիեւ նշած էր, որ պատերազմը տակաւին չէ...

Եւրոպական Միութիւնը Ընդլայնեց  Թուրքիոյ Դէմ Հաստատուած Պատժամիջոցները

Եւրոպական Միութիւնը Ընդլայնեց Թուրքիոյ Դէմ Հաստատուած Պատժամիջոցները

Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններու ղեկավարներն ու կառավարութիւնները որոշած են ընդլայնել Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցները` Արեւելեան Միջերկրականի մէջ անոր գործողութիւններուն պատճառով: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: «Եւրոպական Միութիւնը հաւատարիմ կը մնայ միութեան եւ անդամ պետութիւններուն շահերը պաշտպանելուն ու շրջանային կայունութեան պահպանման: Այս առնչութեամբ վեհաժողովը Եւրոպական Միութեան խորհուրդին կոչ կ՛ուղղէ` լրացուցիչ սեւ ցուցակ որդեգրելու, հիմնուելով 11 նոյեմբերի 2019 թուականի...

Թրամփ. «Մարոք Եւ Իսրայէլ Ամերիկեան  Միջնորդութեամբ Համաձայնեցան  Իրենց Յարաբերութիւնները Բնականոնացնել»

Թրամփ. «Մարոք Եւ Իսրայէլ Ամերիկեան Միջնորդութեամբ Համաձայնեցան Իրենց Յարաբերութիւնները Բնականոնացնել»

Միացեալ Նահանգներու գործող նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ «Մարոք եւ Իսրայէլ ամերիկեան միջնորդութեամբ համաձայնեցան իրենց միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնել»` աւելցնելով, որ ինք ստորագրած է յայտարարութիւն մը` ճանչնալով Արեւմտեան Անապատին վրայ Մարոքի գերիշխանութիւնը: Մարոք այսպիսով Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն, Պահրէյնէն ու Սուտանէն ետք դարձաւ չորրորդ արաբական երկիրը, որ Իսրայէլի հետ իր յարաբերութիւնները կը բնականոնացնէ:

Պաքուի Մէջ Զինուորական Շքերթի Ժամանակ.  Ալիեւ. «Զանգեզուրը, Սեւանը,  Երեւանը Մեր Պատմական Հողերն Են»

Պաքուի Մէջ Զինուորական Շքերթի Ժամանակ. Ալիեւ. «Զանգեզուրը, Սեւանը, Երեւանը Մեր Պատմական Հողերն Են»

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած զօրահանդէսի ընթացքին յայտարարած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ «արդարութեան յաղթանակ»-ը եւ ակնարկած պատերազմի հաւանական շարունակութեան մասին` մինչեւ իսկ Հայաստանի տարածքի գրաւումը: Այս մասին կը հաղորդէ «Մոսքովսքիյ Քոմսոմոլեց» օրաթերթը: Ալիեւ իր խօսքին մէջ նշած է, որ անցեալ դարու 80-ական թուականներուն հարիւր հազարաւոր ազրպէյճանցիներ «վտարուած են իրենց հայրենի հողերէն»: «Զանգեզուրը, Գոյչան (Սեւան), Իրեւանը (Երեւանը) մեր...

Page 396 of 883 1 … 395 396 397 … 883

Արխիւներ