Միջազգային

Իրանն Ու Ազրպէյճանը Նախիջեւանի Մէջ  Քննարկած Են Խոտաաֆարինի Եւ Արաքսի Վրայ  Գտնուող Այլ Ամբարտակներու Շահագործման Հարցը

Իրանն Ու Ազրպէյճանը Նախիջեւանի Մէջ Քննարկած Են Խոտաաֆարինի Եւ Արաքսի Վրայ Գտնուող Այլ Ամբարտակներու Շահագործման Հարցը

14 դեկտեմբերին Նախիջեւանի մէջ տեղի ունեցած  է Իրանի եւ Ազրպէյճանի միացեալ թեքնիք յանձնախումբի նիստը` Խոտաաֆարինի եւ Գըզ-Գալաս ամբարտակներու, ինչպէս նաեւ Օրտուպատ եւ Մարազատ ջրելեկտրակայաններու շուրջ համագործակցութեան եւ շահագործման վերաբերեալ: Այս մասին կը յայտնէ իրանեան ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին կողմերը միտքեր փոխանակած են, թէ ինչպէ՛ս կարելի է այդ նախագիծերուն շուրջ համագործակցութիւնը շարունակել: Միացեալ թեքնիք յանձնախումբի նիստերը պիտի անցնին երեք փուլով:...

Եգիպտոսի Խորհրդարանը Վաւերացուցած Է  Ռուսիոյ Հետ Ռազմավարական 10-Ամեայ  Համագործակցութեան Համաձայնագիրը

Եգիպտոսի Խորհրդարանը Վաւերացուցած Է Ռուսիոյ Հետ Ռազմավարական 10-Ամեայ Համագործակցութեան Համաձայնագիրը

Եգիպտոսի խորհրդարանը վաւերացուցած է Ռուսիոյ հետ համապարփակ գործընկերութեան եւ ռազմավարական համագործակցութեան մասին համաձայնագիրը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով եգիպտական լրատուամիջոցներուն: Եգիպտոսի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ պայմանագիրի վաւերացումը «Ռուսիոյ եւ Եգիպտոսի միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացման կարեւոր քայլ էր` հիմնուած բարեկամութեան խոր աւանդութիւններու, մեր ժողովուրդներու փոխադարձ համակրանքի եւ համագործակցութեան ընդլայնման փոխադարձ ցանկութեան վրայ»: Դեսպանատունը...

Երէկ Գերմանիոյ Մէջ Ուժի Մէջ Մտան Երկրին  Պատմութեան Մէջ Ամէնէն Խիստ Առողջապահական  Մեկուսացումի Սահմանափակումները

Երէկ Գերմանիոյ Մէջ Ուժի Մէջ Մտան Երկրին Պատմութեան Մէջ Ամէնէն Խիստ Առողջապահական Մեկուսացումի Սահմանափակումները

Գերմանիոյ մէջ 16 դեկտեմբերէն սկսեալ ուժի մէջ մտան առողջապահական մեկուսացումի նոր քայլեր: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` նշելով, որ այդ քայլերուն նպատակը «Քորոնա» ժահրի տարածման կշռոյթը նուազեցնելն է: Սահմանափակումները պիտի գործեն մինչեւ 10 յունուար, սակայն կրնան երկարաձգուիլ, եթէ երկրին մէջ տեղի չունենայ համաճարակային իրավիճակի զգալի բարելաւում: Երկրի խիստ փակման մասին որոշումը որդեգրուած էր 13 դեկտեմբերին` դաշնակցային տարածքներու վարչապետներուն...

«Այս Փորձութեան Ժամանակ Փարիզ Կանգնած Է  Հայ Ժողովուրդի Կողքին»  Կ՛ըսէ Փարիզի Քաղաքապետը

Փարիզի Քաղաքապետարանը Տուգանքի Ենթարկուած Է Ղեկավար Պաշտօններուն Վրայ Չափէն Աւելի Մեծ Թիւով Կիներ Նշանակելուն Համար

Փարիզի քաղաքապետարանը քաղաքային վարչակազմին մէջ կիներուն չափազանց մեծ թիւով ղեկավար պաշտօններ յատկացնելուն համար 90 հազար եւրոյի տուգանք պիտի վճարէ: «Կարտիըն» կը հաղորդէ, որ այս մասին քաղաքային խորհուրդի նիստին ընթացքին յայտարարած է Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօ: «Քաղաքը պէտք է տուգանք վճարէ ղեկավար պաշտօններուն վրայ մեծ թիւով կիներ նշանակելուն համար` 69 առ հարիւրը. 11 կիներ եւ 5 տղամարդիկ», յայտարարած է ան: Կը...

Շնորհաւորելով Պայտընը`  «Պատրաստ Եմ Ձեզի Հետ  Համագործակցութեան Եւ Հաղորդակցութեան»  Կ՛ըսէ Փութին

Շնորհաւորելով Պայտընը` «Պատրաստ Եմ Ձեզի Հետ Համագործակցութեան Եւ Հաղորդակցութեան» Կ՛ըսէ Փութին

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին շնորհաւորական հեռագիր յղած է Ճօ Պայտընին` Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան մէջ արձանագրած յաղթանակին առիթով: Այս մասին կը հաղորդէ Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը: Ռուսիոյ նախագահը Պայտընին յաջողութիւն մաղթած է եւ համոզում յայտնած, որ Մոսկուան եւ Ուաշինկթընը կրնան, հակառակ տարակարծութիւններուն, նպաստել բազմաթիւ խնդիրներու լուծման: Ռուսիոյ նախագահը նշած է, որ ատիկա հաշուի առնելով` ռուս-ամերիկեան համագործակցութիւնը, որ հիմնուած է իրաւահաւասարութեան եւ...

«Թուրքեստանեան Միութեան Ստեղծումը  Կրնար Զարգանալով Վերածուիլ Պատերազմի»  Կ՛ըսէ Նազարպայեւ

«Թուրքեստանեան Միութեան Ստեղծումը Կրնար Զարգանալով Վերածուիլ Պատերազմի» Կ՛ըսէ Նազարպայեւ

Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, Թուրքեստանի պետութիւններու միութեան ստեղծումը կրնայ յանգեցնել զինուորական բախումի: Այս մասին «Խապար 24» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ղազախստանի առաջին նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ: Նազարպայեւ նշած է, որ ինք դեկտեմբեր 1991-ին  մերժած է ստորագրել Պելովեժսքեան համաձայնագիրը: «Ելցինը հեռաձայնեց ինծի եւ ըսաւ. «Դուք պարզապէս պէտք է ձեր ստորագրութիւնը դնէք»: Ի՞նչ պէտք է ստորագրեմ: Փաստաթուղթերը չեմ տեսած: Ինչպէ՞ս...

Փոմփէօ. «Ռուսիան Կը Շարունակէ  Միջերկրական  Ծովու Կայունութիւնը Վտանգել»

Փոմփէօ. «Ռուսիան Կը Շարունակէ Միջերկրական Ծովու Կայունութիւնը Վտանգել»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ նշեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով «սխալ տեղեկութիւններ» ունէր, երբ Միացեալ Նահանգները ամբաստանեց Միջերկրական ծովուն մէջ քաղաքական խաղեր խաղալու յանցանքով: Փոմփէօ նշեց, որ Ռուսիան կը շարունակէ վտանգել Միջերկրական ծովուն կայունութիւնը եւ ապատեղեկատուութիւն կ՛օգտագործէ երկիրներու գերիշխանութիւնը ականահարելու եւ շրջանին մէջ քաոս ու տագնապ ցանելու համար: Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ իր երկրին...

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի  Համանախագահներուն Յայտարարութիւնը

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահներուն Յայտարարութիւնը

Մինսքի խմբակի համանախագահները` Ռուսիայէն Իկոր Փոփով, Ֆրանսայէն Սթեֆան Վիսքոնթի եւ Միացեալ Նահանգներէն Էնտրիւ Շոֆըր շրջանային այցելութենէն ետք հրապարակած են յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշուած է. «Ֆրանսացի համանախագահ Սթեֆան Վիսքոնթի եւ ամերիկացի համանախագահ Էնտրիւ Շոֆըր 12 եւ 13 դեկտեմբերին մեկնած են Պաքու, 13 եւ 14 դեկտեմբերին` Երեւան: Պաքուի մէջ զանոնք ընդունած է նախագահ Ալիեւ: Հանդիպած են արտաքին գործոց նախարար Պայրամովի հետ:...

Պայտըն Ընտրիչներու Քուէարկութեամբ  Ստացած Է Նախագահ Դառնալու  Անհրաժեշտ Ձայները

Պայտըն Ընտրիչներու Քուէարկութեամբ Ստացած Է Նախագահ Դառնալու Անհրաժեշտ Ձայները

Միացեալ Նահանգներու մէջ ընտրիչներու քուէարկութիւնը հաստատած է երկրի նախագահի պաշտօնին համար կատարուած նախագահական ընտրութիւններուն մէջ դեմոկրատական թեկնածու Ճօ Պայտընի յաղթանակը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: Պայտըն ստացած է Քալիֆորնիոյ նահանգի 55 ընտրիչներու բոլոր ձայները` հաւաքելով աւելի քան 270 ձայն, որ անհրաժեշտ է Միացեալ Նահանգներու նախագահ դառնալու համար: Ան ընդհանուր 538 ձայներէն ստացած է 302-ը, իսկ գործող նախագահ...

Խօսելով Արցախի Մէջ Կրակոցի Դադրեցման  Դրութեան Խախտման Դէպքի Մասին`  «Կայ Ըմբռնում, Որ Խաղաղապահներու Հետ Աւելի  Լաւ Է Վտանգաւոր Խաղեր Չխաղալ»  Կ՛ըսէ Ռուս Երեսփոխան Մը

Խօսելով Արցախի Մէջ Կրակոցի Դադրեցման Դրութեան Խախտման Դէպքի Մասին` «Կայ Ըմբռնում, Որ Խաղաղապահներու Հետ Աւելի Լաւ Է Վտանգաւոր Խաղեր Չխաղալ» Կ՛ըսէ Ռուս Երեսփոխան Մը

Ռուսիոյ Տումայի երեսփոխան Վիքթոր Վոտոլացքի Լուրերու ազգային ծառայութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին մեկնաբանած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինադադարի խախտումը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: Շաբթուան սկիզբը Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակը յայտնած էր երեք զինուորներու վիրաւորուելուն մասին` ազրպէյճանական նախայարձակ գործողութիւններու պատճառով: Պաքուն, իր կարգին, մեղադրած է հայկական կողմը` սադրիչ գործողութիւններ կատարելու համար: Աւելի ուշ տագնապի գօտիին մէջ գտնուող ռուս...

«Էրտողանի Բանաստեղծութիւն Արտասանելը  Դժուար Թէ Միտումնաւոր Վիրաւորանք Պարունակէ»  Կ՛ըսէ Ռուհանի

«Էրտողանի Բանաստեղծութիւն Արտասանելը Դժուար Թէ Միտումնաւոր Վիրաւորանք Պարունակէ» Կ՛ըսէ Ռուհանի

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի յայտարարած է, թէ քիչ հաւանական է, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` Ազրպէյճանի մէջ արտասանած բանաստեղծութիւնը (Արաքս գետով «Ազրպէյճաններու» բաժանման մասին) ուղղուած է Իրանի տարածքային ամբողջականութեան դէմ կամ ալ վիրաւորանք կը պարունակէ իրանցի ժողովուրդին նկատմամբ: Այս մասին կը հաղորդէ «Եուրոնիուզ»-ի թրքական ծառայութիւնը: Ռուհանի Թեհրանի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած է, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները...

Ազրպէյճանն Ու Թուրքիան Ղարաբաղի Տարածքէն  Անցնող Կազի Խողովակաշար Պիտի Կառուցեն

Ազրպէյճանն Ու Թուրքիան Ղարաբաղի Տարածքէն Անցնող Կազի Խողովակաշար Պիտի Կառուցեն

Ազրպէյճանն ու Թուրքիան պիտի ստորագրեն փոխըմբռնման յուշադիր մը Իգդիր-Նախիջեւան կազի խողովակաշարի վերաբերեալ: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Թրենտ» կայքը` յղում կատարելով թրքական լրատուամիջոցներուն: Կը հաղորդուի, որ փաստաթուղթը պիտի ստորագրուի 16 դեկտեմբերին, երկու երկիրներու ուժանիւթի նախարարութիւններուն միջեւ: Կազի խողովակաշարը Արցախի տարածքներէն պիտի անցնի Նախիջեւան, իսկ այնտեղէն ալ` Թուրքիոյ Իգդիր նահանգ: Տեղեկութիւնը հաստատած է Ազրպէյճանի ուժանիւթի նախարարութիւնը` նշելով, որ փաստաթուղթին մանրամասնութիւնները պիտի...

Մոսկուա. «Թուրքիոյ Կողմէ Յաւելեալ  «Էս-400»-ներու Գնման Դիմաց Խոչընդոտներ Չկան»

Ազրպէյճան Եւ Իրան Դատապարտած Են Միացեալ Նահանգներու Կողմէ Թուրքիոյ Դէմ Պատժամիջոցներու Հաստատումը

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտած է ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր ձեռք բերելուն համար Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ հաստատելու Միացեալ Նահանգներու որոշումը` զայն որակելով «երկակի չափանիշներու դրսեւորում»: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս առնչութեամբ յայտարարութիւն հրապարակած են: Իրանի իշխանութիւնները նոյնպէս «վճռականօրէն դատապարտած են Միացեալ Նահանգներու կողմէ Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներու հաստատումը»: Այս մասին յայտարարած է...

Ըստ Թասս Լրատու Գործակալութեան.  Իրան Եւ «Հնգեակ»-ը Այսօր Պիտի Սկսին  Նախապատրաստուիլ Հիւլէական Գործարքի  Վերաբերեալ Նախարարներու Հանդիպումին

Ըստ Թասս Լրատու Գործակալութեան. Իրան Եւ «Հնգեակ»-ը Այսօր Պիտի Սկսին Նախապատրաստուիլ Հիւլէական Գործարքի Վերաբերեալ Նախարարներու Հանդիպումին

Իրանի եւ «Հնգեակ»-ի (Ֆրանսա, Գերմանիա, Բրիտանիա, Ռուսիա, Չինաստան) ներկայացուցիչները այսօր պիտի քննարկեն նախարարներու հանդիպումին նախապատրաստական աշխատանքները` իրանեան հիւլէական ծրագիրի վերաբերեալ Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրի իրականացման վերաբերեալ: Հանդիպումը կրնայ տեղի ունենալ մինչեւ 2020 թուականի վերջը` հեռավար ձեւաչափով: Այս մասին երէկ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան թղթակիցին յայտնած է դիւանագիտական աղբիւր մը: «Առցանց յանձնախումբը պիտի սկսի նախապատրաստուիլ նախարարներու հանդիպումին, որ ներկայիս նախատեսուած է կատարել...

«Ամերիկեան Պատժամիջոցները Ցնցեցին  Ուաշինկթընի Հետ Դաշինքի Բոլոր Հիմերը»  Կ՛ըսէ Աքար

«Ամերիկեան Պատժամիջոցները Ցնցեցին Ուաշինկթընի Հետ Դաշինքի Բոլոր Հիմերը» Կ՛ըսէ Աքար

Ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու ձեռքբերման առնչուած Թուրքիոյ դէմ ամերիկեան պատժամիջոցները լուրջ հարուած հասցուցին երկու երկիրներու դաշնակցային արժէքներուն: «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար: «Մենք կը դատապարտենք Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցներու որոշումը, որ անհամատեղելի է մեր դաշնակցային յարաբերութիւններուն, ներկայ ռազմական եւ քաղաքական իրողութիւններուն հետ: Ատիկա լուրջ հարուած հասցուցած է այն արժէքներուն, որոնց...

Ազրպէյճանի Խորհրդարանի Փոխնախագահը  Յայտարարած Է, Որ Ռուսիան Իրաւունք Չունի  Փոխելու Արցախի Քարտէսը, Եւ Սպառնացած Է  «Մեծ Կորուստներ Պատճառել»

Ազրպէյճանի Խորհրդարանի Փոխնախագահը Յայտարարած Է, Որ Ռուսիան Իրաւունք Չունի Փոխելու Արցախի Քարտէսը, Եւ Սպառնացած Է «Մեծ Կորուստներ Պատճառել»

Ազրպէյճանի խորհրդարանի փոխնախագահ Ատիլ Ալիեւ յայտարարած է, որ ռուս խաղաղապահներու կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի նոր քարտԷսի հրապարակումը սահմաններու խախտում է եւ նենգափոխում: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Ռիփորթ» կայքը: Ալիեւ նշած է, որ խաղաղապահ գործունէութիւնը ամրագրուած է միջազգային օրէնքին մէջ, եւ անիկա չի կրնար որեւէ պարագայի դուրս գալ այդ սահմաններէն: «Ռուս խաղաղապահներու կողմէ հրապարակուած քարտէսը ոչ մէկ իրաւական, քաղաքական հիմք ունի,...

Փեսքով. «Փութին Եւ Էրտողան Ղարաբաղեան  Տագնապի Լուծման Հոլովոյթին Մէջ Թուրքիոյ   Հաւանական Մասնակցութեան Հարցը Չեն Քննարկած»

Մեկնաբանելով Արցախի Մէջ Իրավիճակի Սրումը` «Ասիկա Յաւելեալ Բեռ Է Մեր Խաղաղապահներուն Համար» Կ՛ըսէ Քրեմլին

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տագնապալի իրավիճակ ստեղծուած է, սակայն ատիկա շատ արագ մարած է: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով: Ան նշած է, որ տեղի ունեցածին մասին քիչ տեղեկութիւններ կան, ռուսական կողմը կը վերահսկէ կացութեան, «ասիկա յաւելեալ բեռ է մեր խաղաղապահներուն համար»: Փեսքով պարզաբանած է, որ անյապաղ կապեր հաստատուած են տեղի...

«Արցախեան Պատերազմին Մէջ Մենք  Պէտք Էր Հայաստանին Աջակցէինք»  Կ՛ըսէ Իրանի Խորհրդարանի Երեսփոխանը

«Արցախեան Պատերազմին Մէջ Մենք Պէտք Էր Հայաստանին Աջակցէինք» Կ՛ըսէ Իրանի Խորհրդարանի Երեսփոխանը

Իրանի խորհրդարանի անդամ Ահմատի Պիղաշ խորհրդարանական նիստի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ անդրադարձած է արցախեան պատերազմին, Թուրքիոյ վարած արտաքին քաղաքականութեան ու քննադատած Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը: Այս մասին կը հաղորդէ «Իրան Ինթըրնեշընըլ»-ը: Իրանցի երեսփոխանը իր խօսքին մէջ նշած է, թէ իրանցի հիւլէական գիտնականներուն դէմ կատարուած մահափորձերը նաեւ Էրտողանի վարած քաղաքականութեան արդիւնքն են: «Մեր գիտնականներու սպանութիւններուն մէջ Իսրայէլի վարչապետ Նեթանիահուէն...

Ժետտայի Նաւահանգիստին Մօտ  Քարիւղատար Նաւ Մը Պայթեցաւ

Ժետտայի Նաւահանգիստին Մօտ Քարիւղատար Նաւ Մը Պայթեցաւ

Բրիտանական առեւտրական նաւարկումի գործողութիւններու մարմինը յայտարարեց, որ սէուտական դրօշը բարձրացուցած քարիւղատար նաւու մը վրայ Ժետտայի նաւահանգիստին մօտ պայթում մը տեղի ունեցած է: Նշեալ մարմինը շրջանին մէջ նաւարկող նաւերէն խնդրեց զգուշ ըլլալ` նշելով, որ դէպքին շուրջ հետաքննութիւն կը կատարուի: «Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը յայտնեց, որ քարիւղատար նաւուն վրայ տեղի ունեցած պայթումին պատճառը «արտաքին տարրէ» մը վնասուիլն է` աւելցնելով, որ նաւուն անձնակազմի...

Թուրքիոյ Հետախուզական Ծառայութիւնը  Ձերբակալած Է «Իրանի Լրտեսական Ցանց»-ի 11 Անդամ

Թուրքիոյ Հետախուզական Ծառայութիւնը Ձերբակալած Է «Իրանի Լրտեսական Ցանց»-ի 11 Անդամ

Թրքական «Թէ.Ռէ.Թէ.» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Ազգային հետախուզական ծառայութիւնը` ՄԻԹ-ը Պոլսոյ մէջ ձերբակալած է Իրանի հետախուզական ցանցի 11 աշխատակիցներ: Կը նշուի, որ անոնք առնչութիւն ունին իրանեան հետախուզութեան համար աշխատող, թմրանիւթերու առեւտուրով զբաղող «պարոն» Նաժի Շերիֆի Զինտաշթիի հետ: Կը նշուի, որ ամէն բան սկսած է 14 տարի Շուէտի մէջ բնակութիւն հաստատած իրանցի ընդդիմադիր Հապիպ Ճհապապի` Թուրքիա տեղափոխուելէն եւ այնտեղ...

Page 395 of 883 1 … 394 395 396 … 883

Արխիւներ