Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զաթուլին Էրտողանին Խորհուրդ Տուած Է Յիշել Հայոց Ցեղասպանութիւնը Գործած Էնվեր Փաշայի Ճակատագիրը

Դեկտեմբեր 12, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ Պետական տումայի ԱՊՀ-ի հարցերով յանձնախումբի նախագահի տեղակալ Քոնսթանթին Զաթուլին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին խորհուրդ տուած է` յիշել Էնվեր փաշայի ճակատագիրը:

10 դեկտեմբերին Պաքուի մէջ զինուորական շքերթի ընթացքին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած էր. «Զանգեզուրը, Սեւանը եւ Երեւանը Ազրպէյճանի պատմական հողերն են», իսկ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յիշատակած էր Էնվեր փաշան: Ալիեւ նշած էր, որ պատերազմը տակաւին չէ աւարտած, շրջանին մէջ նոր դարաշրջան պիտի սկսի, «եթէ Հայաստանի ժողովուրդը դասեր քաղէ Ղարաբաղի մէջ կատարուածէն»:

«Շատ իւրայատուկ պատմական յիշողութիւնը պարոն Էրտողանին կ՛արտօնէ յիշել Էնվեր փաշան` չյիշելով, թէ ան Համաշխարհային Ա. պատերազմին հայերուն ի՛նչ ըրած է կամ ինչպիսի՛ աւարտ ունեցած է: Ես պարոն Էրտողանին խորհուրդ կու տամ` ատիկա յիշել», ըսած է ան «Նովոսթի-Արմենիա» գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին:

Անդրադառնալով Ալիեւի յայտարարութիւններուն` ռուս քաղաքական գործիչը նշած է. «ՄԳԻՄՕ-ի (Մոսկուայի միջազգային յարաբերութիւններու պետական հիմնարկ, «Ա.») այս շրջանաւարտը շատ անձնական ձեւով կ՛ընկալէ պատմութիւնը»:

«Ասիկա ինծի նոյնիսկ կասկածելու պատճառ կու տայ, որ ՄԳԻՄՕ-ի մէջ պատմութեան դասաւանդման հետ առնչուած ամէն ինչ կարգին է: Ես ինքս աւարտած եմ պատմութեան կաճառը, եւ ես երբեք չեմ լսած, որ մեր երկրին մէջ ոեւէ մէկը մեկնաբանէ պատմութիւնը այնպէս, թէ Երեւանը հինաւուրց ազրպէյճանական հող է: Որքանով ես պատմութիւն գիտեմ, ազրպէյճանցիները իրենց անունը օրինականացուցած են միայն 20-րդ դարուն: Ռուսական կայսրութեան մէջ մարդահամարի ժամանակ զանոնք կը կոչէին թուրք-թաթարներ: Ատիկա կարելի է վերագրել ռուս գաղութարարներու ապաշնորհութեան», շեշտած է ան:

Այդ առնչութեամբ Զաթուլին նշած է, որ երկրի նախագահի մակարդակի ղեկավարին չ՛արտօնուիր նման յայտարարութիւններ կատարել: «Այս յայտարարութիւնները կը յանգեցնեն ամբողջ աշխարհի, ո՛չ միայն Ռուսիոյ, մտահոգութեան` Կովկասի մէջ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ դաշինքի վերաբերեալ», ըսած է ան:

Նախորդը

Եւրոպական Միութիւնը Ընդլայնեց Թուրքիոյ Դէմ Հաստատուած Պատժամիջոցները

Յաջորդը

«Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւններու Մասին Զեկուցումին Մէջ Պիտի Ուսումնասիրուի Նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հարցը» Կ՛ըսէ Մերքել

RelatedPosts

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»
Միջազգային

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»
Միջազգային

Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»
Միջազգային

Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?