Թուրքիան ուշադիր կը հետեւի Ռուսիայէն «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու մատակարարման բոլոր երեւոյթներուն: Խօսքը քաղաքական, պաշտպանական, տնտեսական եւ ճարտարագիտական բաղադրիչներու մասին է: «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ յայտարարած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար:
Նախարարին համաձայն, Ռուսիոյ հետ «Էս-400»-ի պայմանագիրը Թուրքիոյ ազգային շահերու հրատապ պահանջ էր եւ ոչ թէ ընտրութեան խնդիր:
«Համակարգերու փորձարկումն ու տեղակայումը կը շարունակուի հաստատուած ծրագիրին համապատասխան», նշած է Աքար:
Ան ընդգծած է, որ ռուսական համակարգերը գնելը չի նշանակեր Անգարայի ՕԹԱՆ-էն հեռացումը:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը անգամ մը եւս ընդգծած է նաեւ «Էս-400» համակարգերու եւ հինգերորդ սերունդի «Էֆ-35» հալածիչներու անհամատեղելիութեան մասին Միացեալ Նահանգներու մեղադրանքներուն անհիմն ըլլալը:
«Մենք պատրաստ ենք ամերիկեան կողմին հետ կարգաւորելու այդ հարցը` ՕԹԱՆ-ի ներկայացուցիչներու ներգրաւումով միացեալ աշխատանքային խումբի ծիրին մէջ: Թրքական կողմի այս նախաձեռնութիւնը տակաւին արդիական է», ըսած է նախարարը:
Ռուսական նորագոյն «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու մատակարարումը, հակառակ Թուրքիա-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններուն մէջ այդ պատճառով յառաջացած ճգնաժամին, սկսած է յուլիս 2019-ի կէսերուն: Ուաշինկթըն Անգարայէն պահանջած էր հրաժարիլ ռուսական համակարգը ձեռքբերելէն եւ փոխարէնը գնել ամերիկեան արտադրութեան «Փաթրիոթ» համակարգեր` սպառնալով կասեցնել կամ ընդհանրապէս դադրեցնել ամերիկեան նորագոյն «Էֆ-35» հալածիչներու վաճառքը Թուրքիոյ:
Այդ բոլորը սակայն, Անգարան ետ չէ կանգնեցուցած, եւ վերջինս շարունակած է բանակցութիւնները ռուսական կողմին հետ` «Էս-400»-ներու լրացուցիչ քանակ ձեռք բերելու համար: