Թուրքիան պատրաստ է մէկուկէս տարիով երկարաձգելու Լիպիոյ մէջ սեփական զինուորական զօրակազմի տեղակայման մասին փաստաթուղթը: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:
Հանրապետութեան Ազգային մեծ ժողով (խորհրդարան) ներկայացուած է հիւսիսային ափրիկեան երկիր յաւելեալ 18 ամիսով զօրակազմ տեղակայելու լիազօրութիւնը երկարաձգելու մասին օրինագիծը:
Նախաձեռնութեան հեղինակը նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանն է: Անոր համաձայն, թրքական զէնքին օգնութեամբ Լիպիան «պիտի կարենայ ետ մղել Լիպիոյ ազգային բանակի զօրավար Խալիֆա Հաֆթարի գրոհները»:
Բայց եւ այնպէս, վերջինիս բանբեր Ահմետ Միսմարի բազմիցս յայտնած է, որ ի տարբերութիւն Լիպիոյ Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան զինեալներուն, Լիպիոյ ազգային բանակը կը յարգէ զինադադարի դրութիւնը: Նոյն ատեն, Անգարան պարբերաբար կը խախտէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի զէնքի մատակարարման արգելքը եւ մնայուն զինադադարի մասին ժընեւեան համաձայնագիրը: Թուրքիան հիւսիսափրիկեան երկիր կ՛ուղարկէ օտարերկրեայ վարձկաններ եւ սպառազինութիւն: Այսպիսով, ան կ՛աջակցի Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան ուժերուն:



