Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրան Ուշադիր Կը Հետեւի Արաբական Ծոցի Տարածքին Ամերիկեան «Պի-52էյչ» Ռմբաձիգներու Տեղաշարժին

December 15, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանցի բարձրաստիճան զօրավարներէն, Իրանի հակաօդային պաշտպանութեան «Խաթեմ Անպիա» ռազմակայանի երկրորդ հրամանատար զօր. Մատեր Ռահիմզատէ նախազգուշացուցած է Միացեալ Նահանգները, թէ իրենք կը հետեւին Արաբական ծոցին մէջ «Պի-52Էյչ» ռմբաձիգներուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Թեհրան թայմզ» օրաթերթի կայքը` յղում կատարելով ԻՐՆԱ լրատու գործակալութեան:

«Կը վերահսկուին շրջանային եւ միջշրջանային ուժերու բոլոր տեղաշարժերը, ներառեալ «Պի-52Էյչ» ռմբաձիգներու թռիչքը Պարսից ծոցի հարաւը, երկրի օդային սահմաններէն 150 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, եւ հակաօդային պաշտպանութեան յենակէտը կը հետեւի անոնց տեղաշարժերուն», ըսած է Իրանի հակաօդային պաշտպանութեան «Խաթեմ Անպիա» ռազմակայանի երկրորդ հրամանատարը:

Յիշեցնենք, որ ամերիկեան ուժերը հինգշաբթի օր Արաբական ծոց օդային ցուցադրական առաքելութեան ուղարկած էին երկու «Պի-52Էյչ» ռմբաձիգ, ինչ որ տեղի ունեցած է Միացեալ Նահանգներու գործող նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմի վերջին շաբաթներուն շրջանին մէջ յառաջացուցած լարուածութեան լոյսին տակ:

Նոյն օրը Միացեալ Նահանգներու զինուորական կեդրոնական հրամանատարութեան ղեկավար Քենեթ Ֆ. ՄըքՔենզի կրտսերը ըսած էր, որ ոչ մէկ ժողովուրդ աւելի պատրաստուած եւ ունակ է արագօրէն տեղակայելու լրացուցիչ մարտունակութիւն որեւէ յարձակումի պայմաններուն մէջ: Ան աւելցուցած էր, որ Միացեալ Նահանգներ տագնապի չեն ձգտիր, սակայն հաւատարիմ կը մնան արտակարգ իրավիճակներուն արձագանգելու իրենց քաղաքականութեան:

Ամերիկեան ռմբաձիգներու շրջանային թռիչքները սկսած են անցեալ ամսուան վերջաւորութեան` Իրանի հիւլէական ծրագիրի գլխաւոր մասնագէտ Մոհսեն Ֆախրիզատէի սպանութենէն ետք:

Վերոնշեալ առաքելութիւնը (կը ներառէ նաեւ Սէուտական Արաբիոյ, Քաթարի եւ Պահրէյնի օդանաւերը) յաջորդած է Միացեալ Նահանգներու ծովուժի «Նիմից» օդանաւակիրի եւ այլ մարտանաւերու Արաբական ծոց տեղափոխման:

Ամերիկեան քաղաքականութեան արձագանգելով` Իրանի նախկին պաշտպանութեան նախարար Հուսէյն Տահքան ըսած էր, որ փոքր, մարտավարական բախումը կրնայ Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ լուրջ պատերազմի վերածուիլ, եւ աշխարհը չի կրնար դիմանալ այդպիսի ճգնաժամի: Ան աւելցուցած էր, որ Իրան պատրաստ է դիմակայելու ատոր, սակայն կողմ է բանակցային հոլովոյթին:

Իրանի պաշտպանութեան նախկին նախարարին խօսքը ուղղուած էր Միացեալ Նահանգներու ներկայ վարչակազմին կողմէ Իրանին հարուածներ հասցնելու մասին քննարկումներուն, որոնց նախապէս անդրադարձած էր «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը:

 

Նախորդը

Էրտողան Լիպիոյ Մէջ Թրքական Ուժերուն Տեղակայումը 1,5 Տարիով Երկարաձգելու Փաստաթուղթ Ստորագրած Է

Յաջորդը

«Պրեքզիթ»-ի Շուրջ Բանակցութիւններուն Ձախողութիւնը Տակաւին Ամէնէն Հաւանական Բեմագրութիւնն Է» Կ՛ըսէ Բրիտանիոյ Վարչապետը

RelatedPosts

Թրամփ. «Ուաշինկթընի Մէջ Իրանի  Թղթածրարի Քննարկման Համար Կարեւոր  Ժողովներ Գումարուած Են»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Ուաշինկթընի Մէջ Իրանի Թղթածրարի Քննարկման Համար Կարեւոր Ժողովներ Գումարուած Են»

September 23, 2026
ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  Թրամփ. «Կը Կարծեմ Ամերիկեան Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ետք Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Գոյացնենք»
Միջազգային

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` Թրամփ. «Կը Կարծեմ Ամերիկեան Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ետք Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Գոյացնենք»

September 23, 2026
Քաց. «Իսրայէլեան Ուժերը Կազայի,  Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Մէջ Պիտի Մնան»
Միջազգային

Քաց. «Իսրայէլեան Ուժերը Կազայի, Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Մէջ Պիտի Մնան»

September 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.