Իրան կրնայ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի պաշտօնավարման վերջին օրերուն զինուորական հարուած հասցնել ամերիկեան զինեալ ուժերուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Փոլիթիքօ» օրաթերթը:
Իրանի հաւանական հարուածին մտավախութենէն մղուած` «բարձր պատրաստուածութեան» բերուած են Միջին Արեւելքի մէջ տեղակայուած ամերիկեան զօրքերը, որպէսզի անհրաժեշտութեան պարագային Իրանին պատասխան հարուած հասցուի: Այս մասին օրաթերթին յայտնած է պաշտօնատար մը:
Վերջինս մանրամասնած է, որ ներկայիս Փենթակոն ուշադիր կը հետեւի Իրաքի մէջ իրանցի զինեալներու կողմէ հաւանական յարձակման նախապատրաստութեան մտահոգիչ ցուցանիշներուն:
Իրանի հաւանական յարձակումը կը մեկնաբանուի Միջին Արեւելքի, Աֆղանիստանի եւ Իրաքի մէջ ամերիկեան ուժերու թիւին կրճատումով: Իրանեան հաւանական յարձակումի մասին նախազգուշացուած է նաեւ Իսրայէլի բանակը:
Գոյութիւն ունեցող լարուածութիւնը նաեւ առնչուած է Իրանի հիւլէական ծրագիրի գլխաւոր մասնագէտ Մոհսեն Ֆախրիզատէի սպանութեան հետ: Ան Թեհրանի մէջ սպաննուած էր 27 նոյեմբերին տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութիւններու իբրեւ հետեւանք:
Յիշեցնենք, որ լարուածութեան վերջին լուրջ սրումը տեղի ունեցած էր նախորդ ձմեռ` իրանցի բարձրաստիճան զօրավար Քասեմ Սիւլէյմանիի սպանութենէն ետք, երբ Իրան թեւաւոր հրթիռներ արձակած էր Իրաքի արեւմուտքը գտնուող Այն Ասատ օդուժի ռազմակայանին մէջ գտնուող ամերիկեան ուժերուն ուղղութեամբ: