Էրտողան Յայտարարած Է Հարաւային Կովկասի Մէջ Հայաստանի Մասնակցութեամբ «Վեցեակի Հարթակ» Ստեղծելու Կարելիութեան Մասին
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Պաքուի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց, որ Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ հաւանական է «վեցեակի հարթակ» ստեղծել համագործակցութեան զարգացման համար: «Մենք այսօր եղբօրս (Ալիեւի, «Ա.») հետ քննարկած ենք վեց երկիրներէ` Ազրպէյճանէն, Թուրքիայէն, Իրանէն, Վրաստանէն, Ռուսիայէն եւ Երեւանի ցանկութեան պարագային նաեւ Հայաստանէն բաղկացած հարթակի ստեղծման հաւանականութիւնը: Ատիկա լաւ համագործակցութիւն պիտի ըլլար շրջանի զարգացման համար», ըսաւ Էրտողան: Էրտողան...




















