Միացեալ Նահանգներու գործող նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ «Մարոք եւ Իսրայէլ ամերիկեան միջնորդութեամբ համաձայնեցան իրենց միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնել»` աւելցնելով, որ ինք ստորագրած է յայտարարութիւն մը` ճանչնալով Արեւմտեան Անապատին վրայ Մարոքի գերիշխանութիւնը:
Մարոք այսպիսով Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն, Պահրէյնէն ու Սուտանէն ետք դարձաւ չորրորդ արաբական երկիրը, որ Իսրայէլի հետ իր յարաբերութիւնները կը բնականոնացնէ: