Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններու ղեկավարներն ու կառավարութիւնները որոշած են ընդլայնել Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցները` Արեւելեան Միջերկրականի մէջ անոր գործողութիւններուն պատճառով: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:
«Եւրոպական Միութիւնը հաւատարիմ կը մնայ միութեան եւ անդամ պետութիւններուն շահերը պաշտպանելուն ու շրջանային կայունութեան պահպանման: Այս առնչութեամբ վեհաժողովը Եւրոպական Միութեան խորհուրդին կոչ կ՛ուղղէ` լրացուցիչ սեւ ցուցակ որդեգրելու, հիմնուելով 11 նոյեմբերի 2019 թուականի որոշումին վրայ, որ կը վերաբերի Արեւելեան Միջերկրականի մէջ Թուրքիոյ ապօրինի գործողութիւններուն», նշուած է որոշումին մէջ:
Եւրոպական Միութիւնը մտադիր է Թուրքիոյ վերաբերող որոշումներն ու գործողութիւնները համակարգել Միացեալ Նահանգներու հետ:
Թուրքիոյ հարցը գումարուած վեհաժողովի առանցքային խնդիրը եղած է: Նախապէս Եւրոպական Միութեան ղեկավարները Թուրքիոյ առաջարկած էին Արեւելեան Միջերկրականի, Լիպիոյ եւ Կիպրոսի մէջ միակողմանի գործողութիւններէն հրաժարելու եւ Եւրոպական Միութեան ու անդամ առանձին պետութիւններուն` յատկապէս Ֆրանսայի ու Յունաստանի հասցէին յարձակողական հռետորաբանութենէն հրաժարելու դիմաց «դրական օրակարգ» ձեւաւորել:
Նոյեմբերին Եւրոպական Միութիւնը պատժամիջոցներու կիրարկման ժամկէտը երկարաձգած էր մէկ տարիով` մինչեւ 12 նոյեմբեր 2021: Եւրոպական Միութեան պատժամիջոցներու ցանկին վրայ Արեւելեան Միջերկրականին մէջ, մասնաւորաբար` Կիպրոսի ջրային տարածքներուն մէջ հորատման աշխատանքներ կատարելու համար Թուրքիոյ երկու քաղաքացի ընդգրկուած է: Այդ անձերը, Եւրոպական Միութեան համոզումով, պատասխանատու են Արեւելեան Միջերկրականի մէջ օգտակար հանածոներու արդիւնահանման աշխատանքներու ծրագրաւորման եւ կառավարման համար, որոնք Կիպրոսի կողմէ չեն արտօնուած:
Պատժամիջոցները կը նախատեսեն սահմանափակել նշեալ անձերուն մուտքը Եւրոպական Միութիւն եւ սառեցնել անոնց դրամատնային հաշիւները: