Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաքուի Մէջ Զինուորական Շքերթի Ժամանակ. Ալիեւ. «Զանգեզուրը, Սեւանը, Երեւանը Մեր Պատմական Հողերն Են»

December 11, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած զօրահանդէսի ընթացքին յայտարարած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ «արդարութեան յաղթանակ»-ը եւ ակնարկած պատերազմի հաւանական շարունակութեան մասին` մինչեւ իսկ Հայաստանի տարածքի գրաւումը: Այս մասին կը հաղորդէ «Մոսքովսքիյ Քոմսոմոլեց» օրաթերթը:

Ալիեւ իր խօսքին մէջ նշած է, որ անցեալ դարու 80-ական թուականներուն հարիւր հազարաւոր ազրպէյճանցիներ «վտարուած են իրենց հայրենի հողերէն»:

«Զանգեզուրը, Գոյչան (Սեւան), Իրեւանը (Երեւանը) մեր պատմական հողերն են», յայտարարած է Ալիեւ:

Ան 1990-ական թուականներու իրադարձութիւններն ու անոնց յաջորդած Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը կոչած է «շրջափակում», իսկ Լեռնային Ղարաբաղի մէկ մասին «վերադարձը» որակած է «տարածքային ամբողջականութեան վերականգնում»:

Ալիեւ նոյն ատեն ակնարկած է, որ ներկայ աշխարհաքաղաքական իրավիճակը իրեն լիովին ձեռնտու չէ: Ան յիշեցուցած է, որ նախապէս ինք բազմիցս ըսած էր, որ եթէ Հայաստանը «չվերադարձնէ իրենց հողերը, ապա այդ հարցը պիտի լուծեն զինուորական ճամբով»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա, անդրադառնալով Ալիեւի յայտարարութեան, ըսաւ. «Մենք կը մեկնինք այն հանգամանքէն, որ շրջանին մէջ կացութիւնը բարդ է, շատ ջանքեր գործադրուած են, որպէսզի անիկա վերադարձուի խաղաղ հունի, դադրեցուին մարտական գործողութիւնները, կողմերը դարձեալ նստին բանակցութիւններու սեղանի շուրջ, սկսի տեղահանուածներու վերադարձի, ենթակառոյցներու վերականգնման հոլովոյթը, շրջանին մէջ կեանքի բոլոր ասպարէզներու մէջ կարգաւորման ուղղուած պայմաններ ստեղծուին: Այդ աշխատանքը շատ ջանք կը պահանջէ, եւ մենք կը մեկնինք այն իրողութենէն, որ քաղաքական յայտարարութիւնները պէտք է նպաստեն ճիշդ այդ հոլովոյթներուն: Շատ մեծ ջանքեր գործադրուած են, եւ եկէք յիշենք, որ շատ կեանքեր տրուած են: Ոչ մէկ քաղաքական յայտարարութիւն պէտք է անցնի ատոր վրայէն»:

 

Նախորդը

Էրտողան Յայտարարած Է Հարաւային Կովկասի Մէջ Հայաստանի Մասնակցութեամբ «Վեցեակի Հարթակ» Ստեղծելու Կարելիութեան Մասին

Յաջորդը

Իմ պատասխանները՝ Ժիրայր Լիպարիտեանի՝ 8 հարցի եւ 8 պատասխանի

RelatedPosts

Իրան Պիտի Քննարկէ Հիւլէական Զէնք Չտարածելու Մասին Պայմանագիրէն Դուրս Գալու Հարցը
Գլխաւոր լուրեր

Իրան Պիտի Քննարկէ Հիւլէական Զէնք Չտարածելու Մասին Պայմանագիրէն Դուրս Գալու Հարցը

September 30, 2026
Նեթանիահու. «Կան Նշաններ, Որ Ընտրութիւններուն Ընդառաջ Պիտի Փորձեն Յարձակիլ Իսրայէլի Վրայ»
Միջազգային

Նեթանիահու. «Կան Նշաններ, Որ Ընտրութիւններուն Ընդառաջ Պիտի Փորձեն Յարձակիլ Իսրայէլի Վրայ»

September 30, 2026
Թրամփի Կարծիքով` Իրանի Դէմ Միացեալ Նահանգներու Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի
Միջազգային

Թրամփի Կարծիքով` Իրանի Դէմ Միացեալ Նահանգներու Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.