Չինաստանի Խորհրդարանը Միացեալ Նահանգներէն Պահանջած Է Վերատեսութեան Ենթարկել Թրամփի Ստորագրած Պիւտճէի Նախագիծը
Չինաստանի Ժողովրդական ներկայացուցիչներու Համաչինական ժողովի` խորհրդարանի միջազգային յարաբերութիւններու յանձնախումբը Միացեալ Նահանգներէն պահանջած է վերատեսութեան ենթարկել գործող նախագահ Տանըլտ Թրամփի ստորագրած 2021 ելեւմտական տարուան պիւտճէի նախագիծը, որովհետեւ, յանձնախումբին համաձայն, ատոր առանձին կէտեր «պէտք է նկատել իբրեւ Չինաստանի ժողովրդական հանրապետութեան ներքին գործերուն միջամտութիւն: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ այս մասին հրապարակուած յայտարարութեան մէջ: «Մենք վճռականօրէն կը պնդենք, որ ամերիկեան կողմը պէտք է...




















