Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած է այսօր Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ Սոչիի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումին ընթացքին քննարկումներու նիւթերուն օրակարգը: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:
«Մենք Ռուսիոյ հետ կը համագործակցինք բազմաթիւ ոլորտներու մէջ, նոյնիսկ եթէ մեր հայեացքները որոշ հարցերու շուրջ տարբեր են: Մենք տարբեր հայեացքներ ունինք Սուրիոյ մէջ, սակայն մեր համագործակցութիւնը, որ սկսած է Ասթանայի հոլովոյթին շնորհիւ, կը շարունակուի: Լիպիոյ մէջ մենք նոյնպէս տարբեր կողմերու վրայ ենք, սակայն Ռուսիոյ հետ բարձր մակարդակով կիսեցինք մեր աշխատանքը, որ կատարուած է մնայուն զինադադարի հաստատման համար: Մենք նաեւ պիտի քննարկենք Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի նիւթը: Անհրաժեշտ է, որ Ազրպէյճանի սահմաններու անվտանգութիւնը ապահովուի միջազգային իրաւունքի ծիրին մէջ: Պիտի քննարկենք այն քայլերը, որոնք պէտք է ձեռնարկուին», ըսած է ան:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նախապէս յայտնած էր, որ Չաւուշօղլու 29 դեկտեմբերին պիտի այցելէ Սոչի` մասնակցելու համար ռուս-թրքական բարձր մակարդակի համագործակցութեան խորհուրդի ծիրին մէջ գործող ռազմավարական ծրագրաւորման միացեալ խումբի 8-րդ նիստին:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ կը նախատեսուի, որ նախարարները մանրամասնօրէն քննարկեն Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու միացեալ եռակողմ յայտարարութեան իրականացման առնչուող ընթացիկ հարցերը: Շեշտը պիտի դրուի հաւանական զինուորական բախումներու վտանգները նուազեցնելու եւ կողմերուն մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու վրայ:
«Ուշադրութեան կեդրոնը պիտի ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ զինուորական գործողութիւններու դադարի վերահսկողութեան ռուս-թրքական միացեալ կեդրոնի գործունէութեան ծրագրումը: Տուեալ կեդրոնը կը նկատենք օժանդակ տարր յետտագնապային լուծման հարցին մէջ` ի լրումն ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան ու այլ միջոցառումներու: Կեդրոնի առաջադրանքն է, ինչպէս յայտնի է, իրավիճակի հսկողութիւն կատարել տեսողական հսկողութեան մեթոտներով, մասնաւորաբար` տեղեկութիւններու հաւաքում եւ խախտումներու մասին տուեալներու ստուգում անօդաչու թռչող սարքերու օգնութեամբ», կը նշուի Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ:
Կը նշուի նաեւ, որ ռուսական կողմը լուրջ մտահոգութիւն կը յայտնէ հոկտեմբեր-նոյեմբեր ամիսներուն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտի օտարերկրեայ վարձկաններու տեղափոխման նկատմամբ: