Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու տեղակայումը շրջանին մէջ երկարաժամկէտ խաղաղութիւն պիտի ապահովէ: Այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան յանձնախումբի նախագահ Վիքթոր Պոնտարեւ:
«Ռուսիան առաջին անգամը չէ, որ մեր մօտիկ դրացիներուն միջեւ տագնապներու լուծման մէջ վճռորոշ դերակատարութիւն կը կատարէ: Մենք խորապէս կը յարգենք հակամարտող երկու կողմերն ու անոնց միայն բարին ու բարիք կը մաղթենք: Ատիկա անկարելի է պատերազմի պայմաններուն մէջ», ըսած է Պոնտարեւ:
Ռուս ծերակուտականին համաձայն, Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ եռակողմ յայտարարութիւնը «դադրեցուցած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պատերազմը եւ արտօնած խուսափիլ արիւնահեղութենէն»:
«Ազրպէյճանը համաձայնեցաւ ամբողջական զինադադարի եւ ազրպէյճանական ու հայկական զօրքերու շփման գիծին վրայ ռուս խաղաղապահ զօրքերու տեղակայման: Հայաստանը իր կարգին տարածքային լուրջ զիջումներ կատարած է «անվտանգութեան գօտիէն»` Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներուն կեանքն ու տարածքի մեծ մասին նկատմամբ վերահսկողութիւնը պահպանելու համար», ընդգծած է Պոնտարեւ:
Ան նշած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պատերազմի դադարէն պիտի շահին բոլորը` յոյս յայտնելով, որ անիկա բեկումնային պիտի դառնայ երկար տարիներու տագնապին համար, նաեւ շրջանին մէջ ամուր խաղաղութիւն հաստատելու նախադրեալներ պիտի ստեղծէ:
«Վստահ եմ, որ ռուս խաղաղապահները պատուով ու արժանապատուութեամբ կը կատարեն իրենց առջեւ դրուած խնդիրները», ըսած է Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան յանձնախումբի նախագահը: