Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Այս Շաբաթ Իսրայէլ Պիտի Այցելէ Մարոքի Պատուիրակութիւնը` 2 Երկիրներու Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հոլովոյթը Յառաջ Մղելու Համար» Կ՛ըսէ Նեթանիահու

December 29, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի եւ Մարոքի յարաբերութիւններու կարգաւորման լոյսին տակ այս շաբաթ Իսրայէլ պիտի այցելէ Մարոքի պատուիրակութիւնը: «Արապիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու:

Նախապէս հաղորդուած էր, որ Նեթանիահուն ուրբաթ օր զրուցած է Մարոքի Մոհամետ Զ. թագաւորին հետ եւ զինք Իսրայէլ հրաւիրած: Աւելի ուշ, անձամբ ներկայացնելով զրոյցի մանրամասնութիւնները, Իսրայէլի վարչապետը «Թուիթըր»-ի վրայ հրապարակուած տեսանիւթին մէջ յայտնած էր, որ երկու երկիրները մտադիր են վերաբանալ դիւանագիտական հաստատութիւնները, ինչպէս նաեւ առեւտրական ուղիղ թռիչքներ գործարկել:

«Մենք համաձայնած ենք, որ Մարոքի պատուիրակութիւնը շաբթուան սկիզբը պիտի այցելէ այստեղ, որպէսզի յառաջ մղենք յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը», ըսած է Նեթանիահու:

Աղբիւրը կը նշէ, որ կարելի չէ եղած Իսրայէլ այցելութեան կապակցութեամբ Մարոքի կառավարութեան մամլոյ քարտուղարէն մեկնաբանութիւն ստանալ, սակայն դիւանագիտական աղբիւրը, որ խօսած է անանունութեան պայմանով, յայտնած է, թէ պատուիրակութեան Իսրայէլ հասնելուն թուականն ու կազմը տակաւին որոշուած չեն:

Իսրայէլ եւ Մարոք վերջերս համաձայնեցան դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու շուրջ: Մարոք օգոստոսէն ի վեր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն, Պահրէյնէն եւ Սուտանէն ետք 4-րդ արաբական երկիրն է, որ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատած է Իսրայէլի հետ:

Նախորդը

«Երեքշաբթի Թուրքիոյ Հետ Ազատ Առեւտուրի Համաձայնագիր Պիտի Կնքենք» Կ՛ըսէ Բրիտանիոյ Առեւտուրի Նախարարը

Յաջորդը

Չաւուշօղլու Եւ Լաւրով Այսօր Սոչիի Մէջ Պիտի Քննարկեն 9 Նոյեմբերի Եռակողմ Յայտարարութեան Գործադրութեան Առնչուող Ընթացիկ Հարցերը

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.