Ռուսիոյ միջնորդական ջանքերը 2020 թուականին արտօնած են վերականգնել խաղաղութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը` ամփոփելով անցնող տարին:
«Շրջանային տագնապներու եւ ճգնաժամերու լուծման գործին մէջ Ռուսիոյ ջանքերը յստակ արդիւնք տուած են: Մեր երկրի միջնորդութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ դադրած են մարտերն ու վերականգնած է խաղաղութիւնը», նշուած է մեկնաբանութեան մէջ:
Կը նշուի, որ անհրաժեշտ մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերուած է, գաղթականներու եւ տեղահանուածներու վերադարձի պայմաններ ստեղծուած են, խաղաղապահ գործողութիւն կը կատարուի, մարտական գործողութիւններու դադրեցման դրութեան հետեւելու համար ռուս-թրքական կեդրոնի ստեղծման մասին համաձայնութիւն ձեռք բերուած է: