Արցախի Հարցով Հսկողութեան Կեդրոնին Մէջ Տեղակայուելիք Թուրք Զինուորները Մեկնած Են Ազրպէյճան
Թուրք զինուորները` գունդի հրամանատարներէն մէկուն հրամանատարութեամբ մեկնած են Ազրպէյճան: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը: Պատկերասփիւռի կայանին տուեալներուն համաձայն, Ազրպէյճան ուղարկուած են 25 զինուորներ, սակայն կը նշուի, որ յառաջիկայ օրերուն անոնց թիւը պիտի հասնի 60-ի: Ռուսական «Կազեթա» կայքը իր կարգին կը տեղեկացնէ, որ թուրք զինուորները յունուար 2021 թուականէն սկսեալ պիտի ծառայեն Ղարաբաղի հարցով հսկողութեան կեդրոնին մէջ: Թուրքիոյ պաշտպանութեան...




















