Ռուսիան եւ Թուրքիան համակարծիք են, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրավիճակը պէտք չէ օգտագործուի օտարերկրեայ վարձկաններու` շրջան ներթափանցման փորձի համար: Այս մասին երէկ Սոչիի մէջ Ռազմավարական ծրագրաւորման միացեալ խումբի հանդիպումի ծիրին մէջ իր թուրք պաշտօնակից Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ հանդիպումէն ետք յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:
«Մենք համակարծիք ենք, որ Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակը շրջան օտարերկրեայ վարձկաններու ներթափանցման համար առիթ պիտի չդառնայ: Այստեղ մենք ամբողջովին նոյն դիրքորոշումը ունինք մեր թուրք գործընկերներուն հետ», ըսաւ Լաւրով:
«Մենք հաստատեցինք Թուրքիոյ հետ զինուորական կապերը ամրապնդելու հասարակաց մտադրութիւնը»` հակառակ «Ուաշինկթընի ապօրինի ճնշումին», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները ինքնաբաւ են: Անոնք կախեալ չեն ոեւէ մէկու յարձակողական գործողութիւններէն, կախեալ չեն ոեւէ մէկու քմահաճոյքներէն: Անոնք հիմնուած են ազգային շահերու վրայ»: Ան նշեց, որ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները ռազմավարական բնոյթ ստացած են, նախքան, որ Արեւմուտքը սկսի սպառնալ իր պատժամիջոցներով:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը իր կարգին յայտնեց. «Մենք կը տեսնենք, որ հաստատուած է զինադադար: Յոյս ունինք, որ հսկողութեան միացեալ կեդրոնը պիտի ստեղծուի կարելի եղածին չափ կարճ ժամանակի ընթացքին»:
Թրքական դիւանագիտութեան պետը բարձր գնահատեց նաեւ Ռուսիոյ հետ երկխօսութիւնը` միջազգային ասպարէզին մէջ տարակարծութիւնները վերցնելու հարցին շուրջ: Անոր համաձայն, Հարաւային Կովկասի մէջ վերջին իրադարձութիւնները ատոր վառ վկայութիւնն են:
«Մենք Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ հանդէս կու գանք երկարաժամկէտ խաղաղութեան եւ կայունութեան օգտին: Յոյսով ենք, որ շրջանային հսկողական առաքելութիւնները համագործակցութեան մթնոլորտի տեղ կը ձգեն», ըսաւ Չաւուշօղլու` ընդգծելով, որ Թուրքիան շահագրգռուած է Ռուսիոյ հետ փոխադարձ գործակցութեան ամրապնդումով եւ խորացումով:
Չաւուշօղլուի համաձայն, «Քորոնա» ժահրի համաճարակի լոյսին տակ, Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ ապրանքաշրջանառութիւնը 2020 թուականին նուազած է 20 առ հարիւրով:
«Անհրաժեշտ է անյապաղ կանխարգիլել այս միտումը: Կողմերը պէտք է շարունակեն քայլերու ձեռնարկել առեւտուրի խոչընդոտները վերցնելու, չափաբաժինները եւ սահմանափակումները վերցնելու ուղղութեամբ», ըսաւ ան:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը գոհունակութիւն յայտնեց թրքական լոլիկի ներածման չափաբաժինները ընդլայնելու ռուսական կողմի որոշումին նկատմամբ:
Անդրադառնալով պատժամիջոցներու նիւթին` թրքական դիւանագիտութեան պետը շեշտեց, որ Անգարան սկզբունքօրէն դէմ է պատժամիջոցներու որեւէ լծակի: «Ինքնին պատժամիջոցներու լծակը սխալ է, եւ, ինչպէս ցոյց կու տայ իրողութիւնը, ատիկա չի յանգեցներ երկիրներու դիրքորոշման որեւէ փոփոխութեան: Ժամանակին մենք դէմ արտայայտուած ենք Ռուսիոյ եւ Իրանի դէմ պատժամիջոցներուն», ըսած է Չաւուշօղլու:
Ան նաեւ դատապարտեց «Պատժամիջոցներու միջոցով Ամերիկայի հակառակորդներուն հակազդելու մասին» օրէնքի ծիրին մէջ Անգարայի դէմ Միացեալ Նահանգներու հաստատած սահմանափակումները: «Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցները ոտնձգութիւն են Թուրքիոյ գերիշխան իրաւունքներուն նկատմամբ: Պատժամիջոցներու լոյսին տակ Անգարան ոչ մէկ քայլ ետ կ՛երթայ, եւ ատիկա բոլորին յայտնի է», ընդգծած է նախարարը:
Չաւուշօղլու նաեւ յայտարարեց, որ աշխարհի ոչ մէկ երկիր կամ անձ, ներառեալ Խալիֆա Հաֆթարը, իրաւունք ունի Թուրքիայէն` Լիպիայէն զինուորական անձնակազմի դուրսբերում պահանջել:
Ան նշեց, որ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները ՕԹԱՆ-ի եւ Եւրոպական Միութեան հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն այլընտրանք չէ:
Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ Համագործակցութեան բարձր մակարդակի խորհուրդը 2010 թուականին ստեղծուած է Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ նախագահներուն կողմէ: