Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սահակաշվիլիի Կառավարութիւնը Կայացուցած Է Վտանգաւոր Որոշումներ, Որոնք Յանգեցուցած Են Մեր Տարածքներու Փոխանցման Այլ Պետութեան»

December 30, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Վրաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը`
Ազրպէյճանի Հետ Վիճելի Վանական Համալիրին Մասին

Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Իրաքլի Ղարիպաշվիլի երկրի խորհրդարանի յանձնախումբերու միացեալ նիստի ընթացքին անդրադարձած է վրաց-ազրպէյճանական սահմանին վրայ գտնուող Դաւիթ Գարեջի վանական համալիրի հարցին, որ վերջին տարիներուն սահմանային վէճերու առիթ կը դառնայ Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ: Այս մասին կը գրէ վրացական «Քվիրա» կայքը:

Ղարիպաշվիլի իր խօսքին մէջ նշած է, որ 1938 թուականի քարտէսի համաձայն, վանական համալիրի ամբողջ տարածքը կը պատկանի Վրաստանին:

Անոր համաձայն, երկրի երրորդ նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլիի կառավարութիւնը Դաւիթ Գարեջի վանական համալիրին վերաբերեալ շատ վտանգաւոր որոշումներ տուած է:

«1996 թուականին նախագահներ Ալիեւի եւ Շեւարտնածէի միջեւ Դաւիթ Գարեջիի վերաբերեալ համաձայնութիւն ձեռք բերուած էր: Համաձայնութիւնը կ՛ենթադրէր, որ սահմանային խնդիրներու լուծման միակ կարեւոր փաստաթուղթը 1938 թուականի համաձայնագիրն է, եւ կողմերը համաձայնած էին առաջնորդուիլ միայն այդ փաստաթուղթերով:

«Ցաւօք, ատիկա պարզուած է միայն տարիներ ետք, եւ յատկապէս մտահոգիչ է, որ Սահակաշվիլիի կառավարութիւնը շատ վտանգաւոր որոշումներ ընդունած է, եւ ատիկա այն է, ինչ որ այժմ պէտք է պարզուի դատախազութեան կողմէ: Անոնց որոշումներուն բովանդակութիւնը բերած է մեր տարածքներու կորուստին եւ անոնց այլ պետութեան փոխանցման, ներառեալ Դաւիթ Գարեջիի մէկ մասի փոխանցումը:

«Վերոնշեալ քարտէսին տուեալներով` Գարեջիի բոլոր վիճելի հատուածները ամբողջութեամբ մեզի կը պատկանին: Մենք այս հարցը սկսած ենք ուսումնասիրել իմ պաշտօնավարմանս ընթացքին, որովհետեւ ատիկա իմ ուղիղ պարտականութիւնս էր, եւ մենք յայտնաբերած ենք, որ բոլոր այդ փաստաթուղթերն ու քարտէսները անհետացած էին Վրաստանի արխիւներէն: Պարզուած է նաեւ, որ նախորդ կառավարութիւնն ու յանձնախումբը երբեք չեն փնտռած 1938 թուականի քարտէսը, որով կրնային կարգաւորուիլ վիճելի տարածքներու հարցերը: Աւելի՛ն, նախորդ կառավարութեան յանձնախումբը առաջնորդուած է այլ քարտէսներով, որոնց մէջ կ՛արտայայտուէր մեր պետութեան դէմ դիրքորոշում, որուն իբրեւ հետեւանք ստորագրուած է հակապետական համաձայնութիւն:

«Քարտէսին համաձայն, Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանը կ՛անցնի Գարեջի վանական համալիրի բլուրին երկայնքով, շուրջ 500 մեթր խորութեան վրայ: Նախկին կառավարութիւնը Չիչխիթուրի վանքին մօտ սահմանը հատելու փոխարէն, զայն  կառուցած է անմիջապէս բլուրի գագաթին, եւ ոչ թէ ատոր ստորոտին», նշած է Իրաքլի Ղարիպաշվիլի:

Պատմականօրէն վրացական Դաւիթ Գարեջի վանական համալիրը վերջին տարիներուն սահմանային վէճերու պատճառ դարձած է Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ: Ներկայիս վանական համալիրին մէկ մասը կը գտնուի Վրաստանի, միւս մասը` Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ:

 

Նախորդը

Պաքու. «Ռուսիան Եւ Թուրքիան 9 Նոյեմբերի Համաձայնագիրի Երաշխաւորներն Են»

Յաջորդը

Քրեմլին Նշած Է Ուքրանիոյ Հետ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Պայմանները

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.