Փութին Յանձնարարած Է Վրաստանի Հետ Սահմանազատման Աշխատանքներ Կատարել. Վրաստան Բացառած Է Նման Քննարկումները
Ռուս-վրացական սահմանի սահմանագծման հարցը չի կրնար ըլլալ օրակարգի վրայ, այնքան ատեն որ չէ գործադրուած 12 օգոստոս 2008 թուականի զինադադարի մասին համաձայնագիրը: Այս մասին կը նշուի Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ: Նախապէս յայտնի դարձած էր, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին դիւանագէտ Միխայիլ Փեթրաքովը նշանակած էր իբրեւ իր յատուկ բանագնաց` Վրաստանի, ինչպէս նաեւ երկու պետութիւններու` Աբխազիոյ եւ Օսեթիոյ հետ պետական...




















