Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիան Կը Նախատեսէ Զինեալ Ահաբեկիչներ Տեղափոխել Իրաք

December 29, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիպիայէն եւ Լեռնային Ղարաբաղէն ետք, Թուրքիան կը նախատեսէ Ժապհաթ Նուսրայի եւ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները տեղափոխել Իրաքի հիւսիսը գտնուող Հաֆթանինի շրջան: Այս մասին կը հաղորդէ «Ֆըրաթ» լրատու գործակալութիւնը:

Տեղեկութեան համաձայն, Թուրքիան կը նախատեսէ Ժապհաթ Նուսրայի եւ Թուրքիստանի իսլամական խմբաւորումի զինեալները (բաղկացած ույղուր, չեչեն, ուզպեք, տաճիկ եւ այլ միջինասիացի զինեալներէ), զորս թրքական պետութիւնը կ՛օգտագործէր Իտլիպի, Ժարապլուսի, Պապի եւ հիւսիսային ու արեւելեան Սուրիոյ մէջ, տեղափոխել Հաֆթանինի շրջան եւ օգտագործել «Հարաւային Քիւրտիստան» (Հիւսիսային Իրաք) ներխուժման ժամանակ:

Հաւաստի աղբիւրներէն ստացուած տեղեկատուութեան համաձայն, Թուրքիան, որ կը ծրագրէ Պաշուրի սահմանային շրջանները 8-էն 14 քիլոմեթր խորութեան վրայ գրաւել եւ զանոնք «անվտանգութեան գօտի» անուան տակ անընդհատ վերահսկողութեան տակ պահել, կը փորձէ սուրիացի զինեալներու խումբեր տեղակայել այդ տարածքներուն մէջ:

Կը նշուի, որ Թուրքիան մտադիր է հաւատարիմ զինեալ խմբաւորումներ տեղակայել Հաֆթանինի տարածքին մէջ, եթէ աւարտի Իտլիպի շուրջ Ռուսիա-Թուրքիա համաձայնագիրը:

Կը նշուի նաեւ, որ Թուրքիան կը նախատեսէ զինեալներ տեղակայել «Հարաւային Քիւրտիստան»-ի մէջ, եթէ միջազգային ընտանիքը դէմ ըլլայ հիւսիսային Իրաքի մէջ թրքական ուժերու ներկայութեան:

Աղբիւրը լրացուցիչ տեղեկութիւններ տրամադրած է հիւսիսային Իրաքի եւ Իրաքի վերաբերեալ թրքական պետութեան ծրագիրներուն մասին: Կը նշուի, որ ծրագիրը չի սահմակափակուիր Հաֆթանինով, այլ կը ներառէ այլ տարածքներ, ինչպէս` Քերքուքը, Շենկալը, Համրինը, Խավիժան եւ Տալան:

Ստացուած տեղեկատուութեան համաձայն, Թուրքիան կը ձգտի այդ տարածքներուն մէջ ստեղծել զուգակցուած զինեալ աւազակային կազմաւորումներ` «Թուրքմենական զինակոչի ուժեր» անուան տակ:

 

Նախորդը

Սպասելով Նոր Կառավարութեան Կազմութեան. Երկրի Պատասխանատուներու Գործունէութեան Առանցքը Կազմեցին Ապրուստի Եւ Կենցաղային Նոյնքան Հրատապ Հարցեր

Յաջորդը

«Երեքշաբթի Թուրքիոյ Հետ Ազատ Առեւտուրի Համաձայնագիր Պիտի Կնքենք» Կ՛ըսէ Բրիտանիոյ Առեւտուրի Նախարարը

RelatedPosts

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 3, 2026
Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը  Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի  Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»

November 3, 2026
Իսրայէլի Ընտրական Կեդրոնական  Յանձնախումբի Նախագահ.  «Ընտրութիւնները Արդար Էին  Եւ Պատշաճ Կերպով Տեղի Ունեցան»
Միջազգային

Իսրայէլի Ընտրական Կեդրոնական Յանձնախումբի Նախագահ. «Ընտրութիւնները Արդար Էին Եւ Պատշաճ Կերպով Տեղի Ունեցան»

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.