Կիրակի օր Սուրիոյ հիւսիսը սուրիական բանակի եւ Թուրքիոյ ուժերուն միջեւ փոխադարձ կրակոց տեղի ունեցած է: Այս մասին կը հաղորդէ սուրիական «Էն.Փի.Էյ.»-ը:
Մարտական գործողութիւնները, գլխաւորաբար` հրետանային փոխադարձ ռմբակոծումները, կեդրոնացած եղած են Հալէպի եւ Համայի նահանգներուն մէջ:
«Էն.Փի.Էյ.»-ի հետ զրուցած զինուորական աղբիւրները յայտնած են, որ թրքական զօրքերը գնդակոծած են Հալէպէն արեւմուտք գտնուող սուրիական կառավարութեան հրետանային դիրքերը` Զաուիա լեռնաշղթային շուրջ ընդդիմութեան դիրքերուն վրայ սուրիական բանակին նախապէս կատարած յարձակումներէն ետք:
Զինուորական աղբիւրները նաեւ յայտնած են, որ Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող խմբաւորումները Զաուիա լեռներուն վրայ բարձրացուցած են իրենց մարտական պատրաստուածութիւնը` շրջանին մէջ զինուորական սպառազինութեան ժամանման մասին լուրերէ ետք:
Կը նշուի, որ վերջերս տեղի ունեցած բախումներուն նախորդած է Հարաւային Իտլիպի մէջ թրքական ուժերու թիւի յաւելում: Իտլիպի մէջ թրքական զօրքերու եւ սպառազինութեան քանակը, ինչպէս կը հաղորդուի, 12000 զինուոր եւ 9000 սպառազինութիւն է: