Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կը Զօրակցինք Յարձակումի Վերջ Տալուն Եւ Եմէնի Մէջ Զինադադարի Վրայ Հիմնուած Որեւէ Խաղաղութեան Ծրագիրի» Կ՛ըսէ Թեհրան

March 24, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց. «Այսօր վեց տարիներ անցած են Եմէնի դէմ Սէուտական Արաբիոյ եւ անոր գլխաւորած դաշինքին շարունակուող ներխուժումէն, եւ անցնող վեց տարիներուն ընթացքին շրջափակումն ու զինուորական յարձակումը թիրախ դարձուցին Եմէնի մէջ 24 միլիոն մարդ, եւ օրական տասնեակներ կը մահանան ռմբակոծման կամ սովի, հիւանդութեան, դեղորայքի պակասի եւ բժշկական կեդրոններու մէջ վառելանիւթի պակասին պատճառով»:

«Այս բոլորէն յոռեգոյնը այն է, որ այս լկտի յարձակումն ու երկչոտ պաշարումը ոչ իսկ պահ մը դադրած են, հակառակ «Քորոնա» ժահրի համաճարակի տարածման», աւելցուց նախարարութիւնը:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը շեշտեց. «Հակառակ այս յարձակումին աջակցութեան դադրեցման բազմաթիւ պնդումներուն, այսուհանդերձ թշնամական դաշինքին զէնքեր ծախելը եւ մինչեւ իսկ այդ զէնքերուն աջակցութիւնը կը շարունակուին, եւ կարգ մը երկիրներէ զինուորական մասնագէտներ մեղսակից են եմէնցի ժողովուրդի սպանութեան` առ ի ծառայութիւն սէուտցիներուն: Այսպիսի պայմաններու մէջ, զինադադարն ու միեւնոյն ժամանակ շրջափակումի ջնջումը ճամբան կը հարթեն վերջ տալու մարդասիրական այս աղէտի շարունակութիւնը դադրեցնելու, ինչպէս նաեւ երկխօսութեան ճամբան պիտի հարթեն»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յիշեցուց, որ պատերազմի սկիզբէն ի վեր Թեհրան շեշտած է, թէ եմէնեան տագնապը զինուորական լուծում չունի, եւ Իրան կ՛աջակցի խաղաղութեան որեւէ ծրագիրի, որ հիմնուած է յարձակումին դադրեցման, զինադադարի հաստատման, բռնագրաւումին վերջ տալուն, տնտեսական պաշարումը ջնջելուն եւ քաղաքական բանակցութիւններուն, եւ վերջապէս` իշխանութիւնը առանց արտաքին միջամտութեան իրենց քաղաքական ապագան ճշդելու համար եմէնցիներուն յանձնելու վրայ:

 

Նախորդը

Յունաստանի Վարչապետն Ու Ֆրանսայի Նախագահը Քննարկած Են Թուրքիոյ Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

Իտլիպի Մէջ Տիրող Կացութեան Պատճառով. Անգարա Թուրքիոյ Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը Կանչած Է Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց.  «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ  Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»
Միջազգային

Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց. «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.