Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէուտական Արաբիա Եմէնի Պատերազմին Վերջ Տալու Խաղաղութեան Նոր Նախաձեռնութիւն Կը Ներկայացնէ

Մարտ 23, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան Ալ Սէուտ երէկ յայտարարեց, որ իր երկիրը «Եմէնի պատերազմին վերջ տալու խաղաղութեան նոր նախաձեռնութիւն մը կ՛առաջարկէ»:

«Սէուտական նախաձեռնութիւնը կը ներառէ Եմէնի բոլոր կողմերուն միջեւ ՄԱԿ-ի հովանաւորութեամբ զինադադար», ըսաւ պըն Ֆարհան:

«Սէուտական ղեկավարութեամբ դաշինքը պիտի մեղմացնէ Հտէյտայի նաւահանգիստի շրջափակումը, եւ նաւահանգիստէն եկամուտները պիտի պահուին Կեդրոնական դրամատան միացեալ հաշիւի մը մէջ», աւելցուց ան` նշելով. «Եմէնի մէջ ճգնաժամին վերջ տալու սէուտական նախաձեռնութիւնը կը ներառէ շրջանային եւ միջազգային ուղղակի սահմանափակ թիւով թռիչքներու համար Սանաայի օդակայանի բացումը»:

Սէուտական դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ Ռիատ Եմէնի կառավարութեան եւ հուսիներուն կոչ կ՛ուղղէ ընդունելու նախաձեռնութիւնը` ընդգծելով Եմէնի եւ շրջանին մէջ իրանեան միջամտութիւններու բացարձակ մերժումը:

Ըստ պըն Ֆարհանի, սէուտական նախաձեռնութիւնը կը ներառէ Եմէնի տագնապին վերջ տալու քաղաքական բանակցութիւններու վերականգնումը:

Հուսիներու աւագ բանագնաց Մոհամետ Ապտել Սալամ յայտնեց. «Պատերազմին վերջ տալու սէուտական նախաձեռնութիւնը նոր ոչինչ կը պարունակէ, եւ Ռիատ պէտք է յարձակումին դադրեցումն ու պաշարման ջնջումը յայտարարէ եւ ոչ թէ նախապէս քննարկուած գաղափարներ ներկայացնէ»:

Եգիպտոս ողջունեց պատերազմին վերջ տալու սէուտական նախաձեռնութիւնը, իսկ էմիրաթցի պաշտօնատար մը յայտնեց. «Ժամանակն է վերջ տալու պատերազմին եւ ընդառաջելու Ռիատէն հնչող անկեղծ հրաւէրին»:

Նախորդը

Իրան Երկխօսութեան Կոչ Ուղղած Է Սէուտական Արաբիոյ

Յաջորդը

Ուաշինկթըն Արաբական Ծովուն Եւ Օմանի Ծոցին Մէջ Ռազմափորձերու Սկիզբը Յայտարարեց

RelatedPosts

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են`  Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են` Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»

Յուլիս 12, 2025
Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը,  Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»
Միջազգային

Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը, Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»

Յուլիս 12, 2025
ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ  Խորհրդանշական Արարողութեամբ  Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել
Միջազգային

ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ Խորհրդանշական Արարողութեամբ Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?