Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թուրքիան Մտադիր Է Ազդել Ֆրանսայի Յառաջիկայ Ընտրութիւններուն Վրայ» Կ՛ըսէ Մաքրոն

March 25, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն «Ֆրանս 5» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին մտահոգութիւն յայտնած է, որ Թուրքիան պիտի փորձէ ազդել երկրին մէջ յառաջիկային տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ «Պլումպըրկ» լրատու գործակալութիւնը:

«Սպառնալիքները քողարկուած չեն, ուստի ես կը կարծեմ, թէ մենք պէտք է շատ թափանցիկ ըլլանք», ըսած է Մաքրոն:

Մաքրոն չէ բացատրած, թէ Թուրքիան ինչպէ՛ս կրնայ փորձել ընտրութիւններուն միջամտել, կամ արդեօք նկատի ունէր յունիսին կայանալիք տեղական ընտրութիւննե՞րը, թէ՞ 2022 թուականի նախագահական ընտրութիւնը: Ան միայն նշած է, թէ Թուրքիան «իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ հասարակական կարծիքին վրայ»:

Ան միեւնոյն հարցազրոյցին ընթացքին նաեւ յայտնած է, որ Ֆրանսա Թուրքիան Եւրոպայի կարեւոր գործընկերը կը նկատէ անվտանգութեան ու գաղթի ոլորտներուն մէջ եւ թրքական ղեկավարութեան կողմէ յարաբերութիւնները կարգաւորելու ուղղութեամբ ազդակներ կը նկատէ:

Անոր համաձայն, Թուրքիան ՕԹԱՆ-ի դաշնակիցն է, սակայն պէտք է «յստակացնել այդ դաշինքին մէջ անոր տեղը»:

Ըստ անոր, դաշնակիցները, սովորաբար, իրարու նկատմամբ չեն կատարեր այնպիսի քայլեր, ինչպիսին Թուրքիան կատարած է, օրինակ` զինեալներու եւ սպառազինութեան տեղակայումը Լիպիոյ մէջ եւ «ոչ բարեկամական գործողութիւնները Արեւելեան Միջերկրականի մէջ»:

Միւս կողմէ, Ֆրանսայի նախագահը երեքշաբթի օր Էլիզէի պալատին մէջ Լիպիոյ նախագահական խորհուրդի նախագահ Մոհամետ Մենֆիի հետ հանդիպումէն ետք կոչ ուղղեց «ռուսական եւ թրքական ուժերը» դուրս բերելու հիւսիսափրիկեան պետութենէն:

«Թրքական եւ ռուսական ուժերը, ինչպէս նաեւ որոշակի երկիրներու կողմէ բերուած օտարերկրեայ զինեալները պէտք է կարելի եղածին չափ շուտ հեռանան, որովհետեւ Լիպիոյ անվտանգութիւնը ապահովելու օրինական իրաւունքը ունին միայն Լիպիոյ զինեալ ուժերը», ըսաւ Մաքրոն:

Անոր համաձայն, եւրոպացիներու պատասխանատուութիւնը այն է, որ «բոլոր այն կողմերը, որոնք կ՛ապակայունացնեն Լիպիան, ատիկա դադրեցնեն»: Մաքրոն շեշտեց, որ այս հարցին մէջ յոյսը կը դնէ իր` Եւրոպական Միութեան անդամ դաշնակիցներու վճռականութեան վրայ:

Նախորդը

Իրան Պատրաստ Է Վերադառնալու Քարիւղի Համաշխարհային Շուկայ

Յաջորդը

Թուրքիոյ Կառավարութեան Մէջ Փոփոխութիւններ Պիտի Կատարուին. Չաւուշօղլու Փոխնախագահ, Իսկ Քալըն` Արտաքին Գործոց Նախարար

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց.  «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ  Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»
Միջազգային

Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց. «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.