Մոսկուան Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններ չունի, Պրիւքսելը զանոնք ոչնչացուցած է: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով` իր չին պաշտօնակից Վան Իի հետ բանակցութիւններէն ետք:
«Եթէ Եւրոպան այդ յարաբերութիւնները խզած է` պարզապէս քանդելով բոլոր այն մեքանիզմները, որոնք ստեղծուած են տարիներ շարունակ, եւ իբրեւ գործընկերներ մնացած են առանձին եւրոպական երկիրներ, որոնք կ՛ուզեն իրենց ազգային շահերով առաջնորդուիլ, կ՛երեւի առարկայական է այն, որ մեր եւ Չինաստանի յարաբերութիւնները աւելի արագ կը զարգանան: Անգամ մը եւս շեշտեմ, որ Եւրոպական Միութեան` իբրեւ կազմակերպութեան հետ յարաբերութիւններ չկան: Այդ յարաբերութիւններուն ամբողջ ենթակառոյցը ոչնչացուած է Պրիւքսելի միակողմանի որոշումներով», նշած է Լաւրով:
Նախարարը ընդգծած է, որ երբ Եւրոպական Միութիւնը նպատակայարմար գտնէ վերցնել Ռուսիոյ հետ հաղորդակցութիւններու անբնականութիւնը, ապա Մոսկուան պատրաստ պիտի ըլլայ իրաւահաւասարութեան, շահերու հաւասարակշռութեան որոնման հիման վրայ յարաբերութիւններ զարգացնելու:
«Սակայն արեւմտեան ճակատին մէջ առայժմ փոփոխութիւններ չկան, Արեւելքի մէջ մենք ունինք շատ աշխուժ օրակարգ, որ ամէն տարի կը հարստանայ», եզրափակած է Լաւրով:
Յիշեցնենք, որ վերջին շրջանին Ռուսիոյ հետ Եւրոպական Միութեան յարաբերութիւնները սրած են «Նաւալնիի գործ»-ին պատճառով: Եւրոպական Միութիւնը հակառուսական նոր պատժամիջոցներ հաստատած է: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտարարած են, որ այդ պատժամիջոցները փակուղի կը տանին, եւ խոստացած են պատասխանել:



