Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թուրքիան Պիտի Շարունակէ Յարաբերութիւնները Զարգացնել Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպական Միութեան Եւ Արաբական Երկիրներուն Հետ` Մեկնելով Սեփական Շահերէն» Կ՛ըսէ Էրտողան

March 25, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիան պիտի շարունակէ յարաբերութիւնները զարգացնել Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպական Միութեան եւ արաբական երկիրներուն հետ` մեկնելով սեփական շահերէն եւ այդ յարաբերութիւններէն ունեցած ակնկալիքներէն: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` Անգարայի մէջ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ընդհանուր ժողովի ընթացքին:

«Թուրքիան պիտի շարունակէ յարաբերութիւնները կառուցել այլ երկիրներու հետ` Ռուսիայէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներ, Եւրոպական Միութենէն մինչեւ արաբական երկիրներ` հաշուի առնելով սեփական շահերն ու ակնկալիքները», ընդգծած է Թուրքիոյ նախագահը:

Էրտողան նաեւ պնդած է. «Թուրքիան վճռականութեամբ լեցուած է` ընդլայնելու բարեկամական երկիրներու թիւը, ջնջելու տարակարծութիւնները, որպէսզի շրջանը վերածէ կայուն գօտիի»: «Թուրքիոյ ջանքերը` ուղղուած սուրիական տագնապի լուծման, պիտի շարունակուին այնքան ատեն որ տակաւին այդ երկրին մէջ չէ ձեւաւորուած այնպիսի իշխանութեան համակարգ, որ պիտի ներկայացնէ հասարակութեան բոլոր շերտերուն շահերը», աւելցուցած է Էրտողան:

Ան անգամ մը եւս ընդգծած է, որ Անգարան մտադիր չէ «ընտրութիւն կատարել Արեւմուտքի եւ Արեւելքի միջեւ»:

Նշենք, որ ժողովի ընթացքին Էրտողան դարձեալ ընտրուեցաւ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ղեկավար:

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Կառավարութեան Մէջ Փոփոխութիւններ Պիտի Կատարուին. Չաւուշօղլու Փոխնախագահ, Իսկ Քալըն` Արտաքին Գործոց Նախարար

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի Եւ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարները Քննարկած Են Ռուսիոյ Եւ Չինաստանի Հետ Յարաբերութիւնները

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.