Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պրիւքսելի Մէջ. ՕԹԱՆ-ի Կեդրոնատեղիին Մէջ Կայացած Է Պլինքըն-Չաւուշօղլու Առաջին Հանդիպումը

March 25, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու երէկ Պրիւքսելի մէջ հանդիպում ունեցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ:

Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ամերիկեան վարչակազմի փոփոխութենէն ետք ասիկա երկու երկիրներու դիւանագիտութեան պետերուն միջեւ առաջին հանդիպումն էր: Պլինքըն-Չաւուշօղլու հանդիպումը տեղի ունեցած է ՕԹԱՆ-ի կեդրոնատեղիին մէջ:

Չաւուշօղլու եւ Պլինքըն 15 փետրուարին ունեցած էին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին քննարկած էին շրջանային հոլովոյթները` կեդրոնանալով Սուրիոյ եւ Արեւելեան Միջերկրականի շրջանի, ահաբեկչութեան դէմ պայքարի եւ ռուսական «Էս-400» հակաօդային համակարգերու շուրջ գոյութիւն ունեցող տարակարծութեան վրայ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու Պրիւքսելի ժողովի ծիրին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին քննարկուած է «երկու երկիրներուն միջեւ ապահովական երկարատեւ գործակցութեան յարաբերութեան կարեւորութիւնը, ներառեալ` Սուրիոյ եւ Աֆղանիստանի մէջ մեր հասարակաց շահերը»:

Նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Պլինքըն զօրակցութիւն յայտնած է Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ ընթացող նախնական բանակցութիւններուն, ինչպէս նաեւ մտահոգութիւն յայտնած է «Թուրքիոյ` կիներու դէմ բռնարարքներու եւ տնային բռնութեան դէմ պայքարի Իսթանպուլեան ուխտէն հեռանալուն առնչութեամբ»` շեշտելով «ժողովրդավարական կառոյցներու եւ մարդու իրաւունքներու յարգման կարեւորութիւնը»:

 

 

Նախորդը

«Անգարան Եւ Պաքուն Մտադիր Են Յարձակիլ Սիւնիքի Մարզին Վրայ» Կը Գրէ Իրանեան «Ազարիհա Թելեկրամ»-ը

Յաջորդը

Էրտողան. «Թուրքիան Բոլոր Ջանքերը Պիտի Գործադրէ Լեռնային Ղարաբաղի Վերաբերեալ Եռակողմ Միացեալ Յայտարարութեան Գործադրման Համար»

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.