Իսրայէլեան պաշտպանական «Մեթէօր Էրոսփէյս» ընկերութիւնը մարտի սկիզբը յայտնած էր, որ կը համագործակցի Ազրպէյճանի «Քասփիըն Շիփ Պիլտինք Քամփընի» ընկերութեան հետ, որպէսզի միասնաբար առաջարկէ զարգացած պաշտպանական լուծումներ` Ազրպէյճանի ազգային կարիքները բաւարարելու համար: Այս մասին կը գրէ «Իսրայէլ Տիֆենս» օրաթերթը:
Այս համագործակցութիւնը իրականացնելու համար Ազրպէյճանի մէջ հիմնադրուած է «Քասփիըն Մեթէօր» նոր ընկերութիւնը:
Ընկերութենէն կը յայտնեն, որ «Մեթէօր Էրոսփէյս»-ը մշակած է պաշտպանական համակարգերու լայն տեսականի, ներառեալ` մեծ անօդաչու թռչող սարքեր, որոնց թռիչքներու առաւելագոյն կշիռը 1400/700 քիլոկրամ է, արագընթաց մարդատար-անմարդատար նաւ` առաւելագոյնը 60-նոց արագութեամբ, ճշգրիտ հարուածային հրթիռներ` ընդլայնուած հեռահար կարելիութեամբ: