Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան շուտով փոփոխութիւններ պիտի կատարէ Թուրքիոյ կառավարութեան մէջ: Այս մասին ըսած է իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան փոխնախագահ Մահիր Ունալ:
«Նախագահը պիտի փոխէ իր խումբը», ըսած է ան «Էն.Թի.Վի. Հապեր»-ին` պատասխանելով Էրտողանի նախարարաց խորհուրդին մէջ կատարելիք հաւանական փոփոխութիւններուն մասին հարցումին:
Ըստ թրքական լրատուամիջոցներու, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը պիտի ստանձնէ Էրտողանի խորհրդական եւ ամէնէն մտերիմ գործիչ Իպրահիմ Քալըն:
Կը նշուի, որ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլու պիտի դառնայ փոխնախագահ. յիշեցնենք, որ Սոյլու շուրջ մէկ տարի առաջ հրաժարական տուած էր, սակայն Էրտողանի խնդրանքով ետքայլ կատարած էր:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց երկարամեայ ղեկավար Մեւլութ Չաւուշօղլուն նոյնպէս պիտի դառնայ փոխնախագահ:
Մինչեւ հիմա Թուրքիոյ մէջ կար մէկ փոխնախագահ` Ֆուաթ Օքթայ, սակայն, ըստ ամենայնի, այդ թիւը պիտի աւելնայ:
Կը խօսուի նաեւ Էրտողանի փեսայ, ելեւմուտքի նախկին նախարար Պերաթ Ալպայրաքի վերադարձին մասին. Էրտողան Ալպայրաքը իր պաշտօնէն հեռացուցած էր նոյեմբեր 2020-ին:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիան նախագահական հանրապետութիւն է, ուստի երկրին մէջ չկայ վարչապետի պաշտօն. կառավարութիւնը կը ղեկավարէ նախագահը:



