Միջազգային

«Էրտողանի Հետ Պիտի Խօսինք  Լեռնային Ղարաբաղի,  Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի  Միջսահմանային Տագնապին Մասին»  Կ՛ըսէ Մաքրոն

«Էրտողանի Հետ Պիտի Խօսինք Լեռնային Ղարաբաղի, Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջսահմանային Տագնապին Մասին» Կ՛ըսէ Մաքրոն

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտարարած է, որ մտադիր է Լեռնային Ղարաբաղի հարցը քննարկել Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: «Մենք պիտի խօսինք Սուրիոյ, Լիպիոյ, Ղարաբաղի, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ տագնապին մասին», ըսած է ան Փարիզի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին: Բացի ատկէ, Մաքրոն յստակացուցած է, թէ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովէն առաջ,...

«Շուշիի Մէջ Եղբօրս` Իլհամ Ալիեւի Հետ  Մեծ Համաձայնագիր Պիտի Ստորագրենք»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Շուշիի Մէջ Եղբօրս` Իլհամ Ալիեւի Հետ Մեծ Համաձայնագիր Պիտի Ստորագրենք» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ Արցախի` Ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած տարածքներ կատարելիք իր այցելութեան ընթացքին ան նախ պիտի այցելէ Ֆիզուլի (Վարանդա), ապա` Շուշի: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: «Եղբօրս` Իլհամ Ալիեւի հետ պիտի հանդիպինք Շուշի քաղաքին մէջ եւ համաձայնագիր պիտի ստորագրենք: Խօսքը Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ մեծ փաստաթուղթի մասին է», նշած է Թուրքիոյ նախագահը: Էրտողան նաեւ...

«Յոյսով Ենք, Որ Ղարաբաղի Հարցով Եռակողմ  Աշխատանքային Խումբը  Մօտ Օրէն Պիտի Վերսկսի Իր Աշխատանքին»  Կ՛ըսէ Զախարովա

«Յոյսով Ենք, Որ Ղարաբաղի Հարցով Եռակողմ Աշխատանքային Խումբը Մօտ Օրէն Պիտի Վերսկսի Իր Աշխատանքին» Կ՛ըսէ Զախարովա

Ռուսիան Կ՛ակնկալէ, որ մօտ օրէն Ղարաբաղի հարցով եռակողմ աշխատանքային խումբը պիտի վերսկսի իր աշխատանքին: Այս մասին յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա` իր շաբաթական մամլոյ ասուլիսի ընթացքին: «Հարաւային Կովկասի մէջ տնտեսական կապերու ապաշրջափակումը գերակայ եւ կարեւոր խնդիր է, որուն իրականացման գործին մէջ շահագրգռուած են շրջանի բոլոր երկիրները: Այս ուղղութեամբ աշխատանքները վստահուած են երեք պետութիւններու փոխվարչապետներուն` եռակողմ աշխատանքային խմբակի...

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց  Նախարարութիւնը Կը Զգուշացնէ Թուրքիան  «Էս-400»-ները Ձեռք Բերելու Հետեւանքներէն

Միացեալ Նահանգներ Մտադիր Են Թուրքիան Ռուսական «Էս-400»-էն Հրաժարիլ Համոզել

Ուաշինկթըն կը շարունակէ զգուշացնել Թուրքիան Ռուսիայէն «Էս-400» հակաօդային համակարգեր գնելու բացասական հետեւանքներէն, ատիկա կը հակասէ Անգարայի պարտաւորութիւններուն` իբրեւ ՕԹԱՆ-ի անդամ: «Ի.Էյ.Տէյլի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս: «Ռուսական «Էս-400»-ները անհամատեղելի են ՕԹԱՆ-ի սպառազինութեան հետ, կը սպառնան ՕԹԱՆ-ի ճարտարագիտութիւններու անվտանգութեան, անոնք չեն համապատասխաներ Թուրքիոյ` իբրեւ ՕԹԱՆ-ի անդամ պետութեան պարտաւորութիւններուն: Մենք նախազգուշացուցած ենք...

«Երբ Բոլոր Լուծումները Գտնուին,  Եւ Ազրպէյճանն Ու Հայաստանը Որոշեն, Որ Պատրաստ Են  Զանոնք Կեանքի Կոչելու, Այդ Ժամանակ  Կարելի Պիտի Ըլլայ Սկսիլ Ճամբաներու Վերականգնումը»  Կ՛ըսէ Օվերչուք

«Երբ Բոլոր Լուծումները Գտնուին, Եւ Ազրպէյճանն Ու Հայաստանը Որոշեն, Որ Պատրաստ Են Զանոնք Կեանքի Կոչելու, Այդ Ժամանակ Կարելի Պիտի Ըլլայ Սկսիլ Ճամբաներու Վերականգնումը» Կ՛ըսէ Օվերչուք

Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք «Ռոսիյսքայա կազեթա»¬ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին անդրադարձած է Կովկասի մէջ փոխադրամիջոցային կապերու վերականգնման, Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններու եւ յարակից այլ նիւթերու: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ փոխադրամիջոցային ոլորտին մէջ ի՛նչ ենթակառուցային նախագիծեր կրնան իրականացուիլ յառաջիկային Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հետ, Ռուսիոյ փոխվարչապետը ըսած է.«Անդրկովկասի մէջ բարի կամքի գոյութեան պարագային փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւնը պիտի ապաշրջափակուի, առեւտուրը պիտի սկսի զարգանալ, երկու երկիրներու տնտեսութիւնները զարգացման...

Միացեալ Նահանգներ Կը Սպասեն Քապուլի  Միջազգային Օդակայանի Պաշտպանութեան  Վերաբերեալ Թուրքիոյ Որոշումին

Միացեալ Նահանգներ Կը Սպասեն Քապուլի Միջազգային Օդակայանի Պաշտպանութեան Վերաբերեալ Թուրքիոյ Որոշումին

Միացեալ Նահանգներ կը սպասեն ԱՖղանիստանէն ՕԹԱՆ-ի զօրքերուն հեռացումէն ետք Քապուլի «Համիտ Քարզայ» միջազգային օդակայանը պաշտպանելու վերաբերեալ Թուրքիոյ որոշումին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ահվալ» թերթը: Փենթակոնի մամլոյ քարտուղար Ճոն Քըրպի յայտնած է, որ Թուրքիոյ ղեկավարներուն հետ շարունակական քննարկումներ տեղի կ՛ունենան Քապուլի օդակայանին վերաբերեալ եւ նշած, որ այդ որոշումը պէտք է տայ անձամբ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան: Ան նշած է, որ...

Փենթակոնի Ղեկավարը Թուրքիոյ  Իր Պաշտօնակիցին Հետ Քննարկած Է  Զինուորական Ոլորտին Մէջ Երկկողմանի  Համագործակցութեան Առնչուող Եւ Շրջանային Հարցեր

Փենթակոնի Ղեկավարը Թուրքիոյ Իր Պաշտօնակիցին Հետ Քննարկած Է Զինուորական Ոլորտին Մէջ Երկկողմանի Համագործակցութեան Առնչուող Եւ Շրջանային Հարցեր

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լլոյտ Օսթին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Թուրքիոյ իր պաշտօնակիցին` Հուլուսի Աքարի հետ` քննարկելով ՕԹԱՆ-ի յառաջիկայ վեհաժողովին ու զինուորական երկկողմանի համագործակցութեան վերաբերող հարցերը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Փենթակոնի բանբեր Ճոն Քըրպի: Կողմերը քննարկած են շրջանային եւ երկկողմանի համագործակցութեան վերաբերող հարցեր: «Նախարար Օսթին շեշտած է պաշտպանական ոլորտին մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ...

Իրանեան Մարտանաւ Մը Ատլանտեան  Ովկիանոսին Մէջ

Իրանեան Մարտանաւ Մը Ատլանտեան Ովկիանոսին Մէջ

Իրանեան բանակը հինգշաբթի օր յայտարարեց, որ իրանեան «Սահանտ» մարտանաւը առաքելութեամբ մը կը գտնուի Ատլանտեան ովկիանոսին մէջ: Բանակը յայտնեց, որ մարտանաւը 20 մայիսին Պանտար Ապպաս նաւահանգիստէն նաւարկած է դէպի Հարաւային Ափրիկէ, ապա դէպի Ատլանտեան ովկիանոսի միջազգային ջուրեր, եւ անցնող երեսուն օրերուն ընթացքին կտրած է վեց հազար ծովային մղոն, այսինքն` շուրջ 12 հազար քիլոմեթր հեռաւորութիւն, եւ պիտի շարունակէ դէպի Ատլանտեան ովկիանոսի հիւսիս...

«Կան Երկիրներ, Որոնք Համասի Եւ Հըզպալլայի  Մասին Յստակ Կերպով  Չեն Խօսիր»  Կ՛ըսէ Պըն Զայետ

«Կան Երկիրներ, Որոնք Համասի Եւ Հըզպալլայի Մասին Յստակ Կերպով Չեն Խօսիր» Կ՛ըսէ Պըն Զայետ

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Պըն Զայետ Ալ Նահիան յայտնեց. «Ցաւալի է, որ երկիրներ մեծապէս կը տատամսին Համասի Հըզպալլայի կամ Իսլամ եղբայրներու մասին յստակօրէն խօսիլ»: Պըն Զայետ Ապու Տապիի մէջ գրասենեակ բացած Հրէական¬ամերիկեան յանձնախումբի կայքին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին աւելցուց.«Զաւեշտալի է, որ կարգ մը կառավարութիւններ խմբաւորման զինեալ թեւը միայն ահաբեկչական կը նկատեն եւ ոչ թէ քաղաքական թեւը, երբ...

Սուրիոյ Մէջ Ռուսական Հսկողութեան  Ծառայութեան Ճամբուն Վրայ Պայթում.  Վիրաւորուած Են Ռուս Զինուորներ

Սուրիոյ Մէջ Ռուսական Հսկողութեան Ծառայութեան Ճամբուն Վրայ Պայթում. Վիրաւորուած Են Ռուս Զինուորներ

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ նախանցեալ օր Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքին մէջ ռուսական հսկողութեան ծառայութեան ճամբուն վրայ ական պայթած է` վիրաւորելով քանի մը ռուս զինուոր: «Մայատին», վկայակոչելով իր թղթակիցը, կը հաղորդէ, որ պայթումը տեղի ունեցած է Հասաքա նահանգի Ռասուլ Այնէն արեւելք` աւելցնելով, որ պայթումին պատճառով վիրաւորուած են քանի մը ռուս զինուորներ: Նշենք, որ Ռուսիան եւ Թուրքիան համաձայնած են միացեալ հսկողութիւն...

Ազրպէյճան Եւ Փաքիստան Քննարկած Են  Օդուժի Ոլորտին Մէջ Համագործակցութիւնը

Ազրպէյճան Եւ Փաքիստան Քննարկած Են Օդուժի Ոլորտին Մէջ Համագործակցութիւնը

Ազրպէյճանի օդուժի հրամանատար Ռամիզ Թաիրով հանդիպում ունեցած է Փաքիստանի բանակի զինուորական գործողութիւններու գլխաւոր վարչութեան պետ Նաուման Զաքարիայի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ: Այս մասին կը հաղորդեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները: «Գոհունակութիւն յայտնելով Փաքիստանի օդուժի ակադեմիային մէջ ազրպէյճանցի օդաչուներու պատրաստութեան վերաբերեալ` Թաիրով նշած է, որ օդուժի ոլորտին մէջ երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան զարգացումը, ներառեալ զինուորական կրթութիւնը եւ այլ ոլորտներ, կը նպաստէ երկու երկիրներու բանակներու մարտունակութեան...

Արցախի Մէջ Որոշ Իրողութիւններու Պատճառով  Ազրպէյճանի Մէջ Կը Մեծնայ  Ալիեւին Նկատմամբ Դժգոհութիւնը

Արցախի Մէջ Որոշ Իրողութիւններու Պատճառով Ազրպէյճանի Մէջ Կը Մեծնայ Ալիեւին Նկատմամբ Դժգոհութիւնը

4 յունիսին, թշնամիին յանձնուած Քարվաճառի մէջ ականի պայթումէն երեք ազրպէյճանցիի, ներառեալ երկու լրագրողի մահը Ազրպէյճանի մէջ ներքաղաքական տարակարծութիւններու պատճառ դարձած է: Ազրպէյճանի ընդդիմադիր «Մուսաւաթ» կուսակցութեան ղեկավար Արիֆ Հաճըլըն իր դիմատետրեան գրառման մէջ մեղադրանքներ առաջադրած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին: Ան իր ընդգծուած դժգոհութիւնը յայտնած է այն փաստէն, որ եօթը ամիս շարունակ Ազրպէյճանի քաղաքացիներու չեն արտօներ այցելել Արցախի` ազրպէյճանական վերահսկողութեան տակ...

Սուրիական Բանակը Հրթիռային Հարուածով Մը  Իտլիպի Մէջ Սպաննեց Ժուլանիի Բանբերը

Սուրիական Բանակը Հրթիռային Հարուածով Մը Իտլիպի Մէջ Սպաննեց Ժուլանիի Բանբերը

Թահրիր Շամի պաշտօնական բանբեր Ապու Խալետ Շամին երէկ առաւօտեան սպաննուեցաւ, երբ սուրիական բանակը հրթիռով մը զինք թիրախ դարձուց Իտլիպի հարաւը գտնուող Ժապալ Զաուիայի Իպլին գիւղին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը: Թահրիր Շամի մօտիկ գործիչներ կը յայտնեն, թէ Շամի հրթիռային յարձակումի ենթարկուած է, երբ Իպլին գիւղին մէջ քննական պտոյտ մը կը կատարէր: Հրթիռ մը ուղղակի կերպով ինկած...

Պայտըն Խոստացած Է Փութինի Հետ Հանդիպումի  Ընթացքին Անոր Յիշեցնել,  Որ «Ամերիկան Վերադարձած Է»

Պայտըն Խոստացած Է Փութինի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին Անոր Յիշեցնել, Որ «Ամերիկան Վերադարձած Է»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարած է, որ 16 յունիսին Ժընեւի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպումի ընթացքին վերջինիս պիտի յիշեցնէ, որ «Ամերիկան վերադարձած է»: Այս մասին կը հաղորդէ «Էսոշիէյթըտ Փրես»: Բրիտանիոյ ամերիկեան ռազմակայանին մէջ զինուորներու հետ հանդիպման ընթացքին Պայտըն յայտնած է, որ սկսած է իր առաջին արտասահմանեան շրջագայութեան, որուն ծիրին մէջ պիտի հանդիպի նաեւ Ռուսիոյ նախագահի հետ: «Պիտի...

«Միացեալ Նահանգները Կ՛ուզեն  Համագործակցիլ Թուրքիոյ Հետ»  Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

«Միացեալ Նահանգները Կ՛ուզեն Համագործակցիլ Թուրքիոյ Հետ» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Միացեալ Նահանգներ ցանկութիւն կը յայտնեն բազմաթիւ ոլորտներու մէջ համագործակցելու Թուրքիոյ հետ: Այս մասին «Թէ.Ռէ.Թէ. ՀԱՊԵՐ» պատկերասփիւռի կայանէն յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու: «Մենք կը տեսնենք, որ Միացեալ Նահանգներ կը ցանկան համագործակցիլ մեզի հետ ո՛չ միայն Լիպիոյ եւ Սուրիոյ հարցերուն մէջ, այլ նաեւ Միջերկրական եւ Սեւ ծովերէն մինչեւ Կովկաս», ըսած է Չաւուշօղլու: Անոր համաձայն, Անգարան դրական օրակարգով կը...

Պլինքըն Խօսած Է Պայտըն-Էրտողան Հանդիպումի  Ընթացքին Քննարկուելիք Նիւթերուն Մասին

Պլինքըն Խօսած Է Պայտըն-Էրտողան Հանդիպումի Ընթացքին Քննարկուելիք Նիւթերուն Մասին

Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ տարակարծութիւններու քննարկումը պիտի դառնայ երկու երկիրներու նախագահներ Ճօ Պայտընի եւ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի յառաջիկայ հանդիպումի օրակարգի հիմնական հարցը: Այս մասին Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ լսումներու ընթացքին ըսած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն: «Վստահօրէն կրնամ ըսել, որ երբ նախագահ Պայտըն հանդիպի նախագահ Էրտողանի հետ, ատիկա պիտի ըլլայ օրակարգի հիմնական կէտը», ըսած է...

Իրանն Ու Ազրպէյճանը Երկաթուղային  Ենթակառոյցներու Զարգացման  Յուշագիր Ստորագրած Են

Իրանն Ու Ազրպէյճանը Երկաթուղային Ենթակառոյցներու Զարգացման Յուշագիր Ստորագրած Են

9 յունիսին, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան ճամբաներու եւ քաղաքաշինութեան նախարար Մոհամետ Էսլամի յայտնած է, որ Ազրպէյճանի տնտեսութեան նախարարին հետ հանդիպումի ընթացքին երկու երկիրներուն միջեւ երկաթուղային ենթակառոյցներու զարգացման մասին փոխըմբռնման յուշագիր ստորագրուած է: Այս մասին կը հաղորդէ ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը: Էսլամի հաստատած է, որ յուշագիրը կը նախատեսէ հիւսիս-հարաւ եւ արեւելք-արեւմուտք միջանցքներու առաւել արդիւնաւէտ շահագործում: Ան նաեւ ըսած է, որ Իրանը կը փորձէ...

«Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ  Հաղորդակցութեան Ուղիներու Բացման Հոլովոյթին Մէջ  Պէտք Է Նաեւ Նկատի Առնուի Ռուսիոյ,  Թուրքիոյ Եւ Իրանի Կարծիքը»  Կ՛ըսէ Լաւրով

«Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Հաղորդակցութեան Ուղիներու Բացման Հոլովոյթին Մէջ Պէտք Է Նաեւ Նկատի Առնուի Ռուսիոյ, Թուրքիոյ Եւ Իրանի Կարծիքը» Կ՛ըսէ Լաւրով

Ղարաբաղի մէջ, ուր ռուս խաղաղապահներ տեղակայուած են, մեծ միջադէպեր չեն եղած: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով: «Այժմ մեր խաղաղապահները կը գործադրեն իրենց լիազօրութիւնը, որեւէ մեծ միջադէպ չկայ` ատիկա կ՛ընդունին թէ՛ Պաքուի, թէ՛ Երեւանի մէջ: Առանձին մանր պատահարները արագ կը կարգաւորուին: Այո՛, ազրպէյճանական-հայկական սահմանին վրայ առանձին հատուածներու մէջ լարուածութիւն կայ, սակայն...

Պատասխանելով Ծերակուտական Մենենտեսի  Մտահոգութիւններուն`  Պլինքըն. «Ապագային Պիտի Շարունակենք Քննել  Ազրպէյճանին Օգնութեան Ցուցաբերումը Արտօնող  Որոշումը Վերատեսութեան Ենթարկելու Հարցը»

Պատասխանելով Ծերակուտական Մենենտեսի Մտահոգութիւններուն` Պլինքըն. «Ապագային Պիտի Շարունակենք Քննել Ազրպէյճանին Օգնութեան Ցուցաբերումը Արտօնող Որոշումը Վերատեսութեան Ենթարկելու Հարցը»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ կատարուած լսումներու ընթացքին, ի պատասխան յանձնախումբի ղեկավար, դեմոկրատական ծերակուտական Պապ Մենենտեսի հարցումին, անդրադարձած է Միացեալ Նահանգներու կողմէ Ազրպէյճանին օգնութիւն, ներառեալ զինուորական օգնութիւն տրամադրելու արգելքը շրջանցելու ամիսներ առաջ տրուած որոշումին: Ծերակուտական Մենենտես Պլինքընին հարցում ուղղելով շեշտած է, որ հիասթափուած է ամերիկեան վարչակազմի` Ազատութեան աջակցման հռչակագիրի 907-րդ կէտը շրջանցելու որոշումէն,...

Յայտարարելով,  Որ Միացեալ Նահանգներ Ազրպէյճանը  Ռազմավարական Գործընկեր Կը Նկատեն.  «Միացեալ Նահանգներ Երկու Կողմերուն  Կոչ Կ՛ուղղեն` Կարելի Եղածին Չափ Շուտ Սկսելու  Առարկայական Բանակցութիւններ  ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Հովանիին Տակ»  Կ՛ըսէ Ռիքըր

Յայտարարելով, Որ Միացեալ Նահանգներ Ազրպէյճանը Ռազմավարական Գործընկեր Կը Նկատեն. «Միացեալ Նահանգներ Երկու Կողմերուն Կոչ Կ՛ուղղեն` Կարելի Եղածին Չափ Շուտ Սկսելու Առարկայական Բանակցութիւններ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Հովանիին Տակ» Կ՛ըսէ Ռիքըր

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ Հանդիպումի ընթացքին բանակցութիւններ վարուած են այն նիւթերուն շուրջ, զորս Միացեալ Նահանգները առաջնահերթ կը նկատեն: Այդ նիւթերն են ուժանիւթային եւ տնտեսական կապերը, մարդու իրաւունքները եւ հիմնարար ազատութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային անվտանգութիւնը: Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին Պաքուի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ գործերով օգնականի...

Page 346 of 883 1 … 345 346 347 … 883

Արխիւներ