Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լլոյտ Օսթին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Թուրքիոյ իր պաշտօնակիցին` Հուլուսի Աքարի հետ` քննարկելով ՕԹԱՆ-ի յառաջիկայ վեհաժողովին ու զինուորական երկկողմանի համագործակցութեան վերաբերող հարցերը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Փենթակոնի բանբեր Ճոն Քըրպի:
Կողմերը քննարկած են շրջանային եւ երկկողմանի համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:
«Նախարար Օսթին շեշտած է պաշտպանական ոլորտին մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ վաղեմի յարաբերութիւններու գոյութեան հանգամանքը` նշելով, որ անհամբերութեամբ կը սպասէ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարին հետ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի ծիրին մէջ 14 յունիսին Պրիւքսելի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումին», ըսած է Քըրպի:
Նշենք, որ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովը Պրիւքսելի մէջ տեղի պիտի ունենայ 14 յունիսին:



