Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատասխանելով Ծերակուտական Մենենտեսի Մտահոգութիւններուն` Պլինքըն. «Ապագային Պիտի Շարունակենք Քննել Ազրպէյճանին Օգնութեան Ցուցաբերումը Արտօնող Որոշումը Վերատեսութեան Ենթարկելու Հարցը»

June 10, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ կատարուած լսումներու ընթացքին, ի պատասխան յանձնախումբի ղեկավար, դեմոկրատական ծերակուտական Պապ Մենենտեսի հարցումին, անդրադարձած է Միացեալ Նահանգներու կողմէ Ազրպէյճանին օգնութիւն, ներառեալ զինուորական օգնութիւն տրամադրելու արգելքը շրջանցելու ամիսներ առաջ տրուած որոշումին:

Ծերակուտական Մենենտես Պլինքընին հարցում ուղղելով շեշտած է, որ հիասթափուած է ամերիկեան վարչակազմի` Ազատութեան աջակցման հռչակագիրի 907-րդ կէտը շրջանցելու որոշումէն, որով կ՛արտօնուի Միացեալ Նահանգներուն կողմէ Ազրպէյճանին ներառեալ զինուորական օգնութեան ցուցաբերումը, եւ ատիկա Ազրպէյճանի` Լեռնային Ղարաբաղի վրայ ամիսներ առաջ կատարած յարձակումէն ետք:

«Ամերիկեան վարչակազմի այս որոշումէն ետք Ազրպէյճանը փաստացի խախտեց Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ տարածքային ամբողջականութիւնը, ազատ չէ արձակած պատերազմի ժամանակ գերեվարուած հայերը, ինչ որ միջազգային օրէնքի խախտում է: Երբ ամերիկեան վարչակազմը արտօնեց Ազրպէյճանին օգնութեան ցուցաբերումը, մենք ատով կանաչ լոյս տուինք անոնց համար», յայտարարած է ծերակուտական Մենենտես:

Պատասխանելով Մենենտեսին` արտաքին գործոց նախարար Պլինքըն ըսած է, որ իրենք «պիտի շարունակեն քննել այդ հարցը»:

«Ես աշխուժ աշխատանք տարած եմ այս հարցով, մասնաւորաբար` գերիներու վերադարձին եւ տագնապի իրական լուծման բանակցութիւններուն շուրջ: Կը կարծեմ` մենք ապագային այս հարցը պէտք է շարունակենք քննարկել եւ վերատեսութեան ենթարկել», ըսած է Պլինքըն:

Նախորդը

Յայտարարելով, Որ Միացեալ Նահանգներ Ազրպէյճանը Ռազմավարական Գործընկեր Կը Նկատեն. «Միացեալ Նահանգներ Երկու Կողմերուն Կոչ Կ՛ուղղեն` Կարելի Եղածին Չափ Շուտ Սկսելու Առարկայական Բանակցութիւններ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Հովանիին Տակ» Կ՛ըսէ Ռիքըր

Յաջորդը

«Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Հաղորդակցութեան Ուղիներու Բացման Հոլովոյթին Մէջ Պէտք Է Նաեւ Նկատի Առնուի Ռուսիոյ, Թուրքիոյ Եւ Իրանի Կարծիքը» Կ՛ըսէ Լաւրով

RelatedPosts

Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա  Բանակցութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա Բանակցութիւնները

November 11, 2026
Ռեզայի. «Ժամանակն Է, Որ Միացեալ Նահանգները  Դադրեցնեն Իրանի Հետ Կեղծ Բանակցութիւններու  Մասին Կեղծ Նորութիւններ Տարածելը»
Միջազգային

Ռեզայի. «Ժամանակն Է, Որ Միացեալ Նահանգները Դադրեցնեն Իրանի Հետ Կեղծ Բանակցութիւններու Մասին Կեղծ Նորութիւններ Տարածելը»

November 11, 2026
Էրտողան. «Թուրքիան Դէպի Նոր Աշխարհիկ  Սահմանադրութիւն Կ՛ուղղուի»
Միջազգային

Էրտողան. «Թուրքիան Դէպի Նոր Աշխարհիկ Սահմանադրութիւն Կ՛ուղղուի»

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.