Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յայտարարելով, Որ Միացեալ Նահանգներ Ազրպէյճանը Ռազմավարական Գործընկեր Կը Նկատեն. «Միացեալ Նահանգներ Երկու Կողմերուն Կոչ Կ՛ուղղեն` Կարելի Եղածին Չափ Շուտ Սկսելու Առարկայական Բանակցութիւններ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Հովանիին Տակ» Կ՛ըսէ Ռիքըր

June 10, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ Հանդիպումի ընթացքին բանակցութիւններ վարուած են այն նիւթերուն շուրջ, զորս Միացեալ Նահանգները առաջնահերթ կը նկատեն: Այդ նիւթերն են ուժանիւթային եւ տնտեսական կապերը, մարդու իրաւունքները եւ հիմնարար ազատութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային անվտանգութիւնը:

Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին Պաքուի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ գործերով օգնականի պաշտօնակատար Ֆիլիփ Ռիքըր:

Ան նաեւ նշած է, որ Միացեալ Նահանգներ Ազրպէյճանը ռազմավարական գործընկեր կը նկատեն:

Ան այս առնչութեամբ մասնաւորաբար յիշեցուցած է Անդրատրիաթիք կազի խողովակաշարի շինարարութեան աւարտին մասին, որով ապահովուած է Ազրպէյճանէն Եւրոպա կազի մատակարարումը:

Այնուհետեւ անդրադարձ կատարուած է ղարաբաղեան հիմնախնդիրին: Միացեալ Նահանգներ երկու կողմերուն ալ կոչ ուղղած են կարելի եղածին չափ շուտ սկսելու առարկայական բանակցութիւններ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի հովանիին տակ` տագնապին երկարաժամկէտ լուծման համար:

Ռիքըր նաեւ նշած է, որ ԵԱՀԿ-ը այն կազմակերպութիւնն է, որ պատրաստ է օգնելու` լուծելու ո՛չ միայն բուն տագնապը, այլ նաեւ ատոր հետեւանքները, ներառեալ մարդասիրական խնդիրները:

«Երկիր» կը հաղորդէ, որ Ռիքըր յայտնած է Ուաշինկթընի մտահոգութիւնը Հայաստանի հետ Ազրպէյճանի սահմանին վրայ լարուածութեան աճին նկատմամբ: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնականը Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի կառավարութիւններուն կոչ ուղղած է` սահմանազատում կատարելու խորհրդային շրջանին երկու հանրապետութիւններուն միջեւ գոյութիւն ունեցող սահմաններով:

Ամերիկացի դիւանագէտին համաձայն, Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են այս ուղղութեամբ թեքնիք աջակցութիւն ցուցաբերելու:

Ֆիլիփ Ռիքըր անգամ մը եւս արտայայտած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի եւ նախագահ Ճօ Պայտընի դիրքորոշումը, որ Միացեալ Նահանգները Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի հետ պատրաստ են մասնակցելու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ տագնապի լուծման որոնումին:

 

 

Նախորդը

«Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանին Վրայ Սրման Ռիսքեր Տակաւին Կը Մնան» Կ՛ըսէ ՀԱՊԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը

Յաջորդը

Պատասխանելով Ծերակուտական Մենենտեսի Մտահոգութիւններուն` Պլինքըն. «Ապագային Պիտի Շարունակենք Քննել Ազրպէյճանին Օգնութեան Ցուցաբերումը Արտօնող Որոշումը Վերատեսութեան Ենթարկելու Հարցը»

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.