Թահրիր Շամի պաշտօնական բանբեր Ապու Խալետ Շամին երէկ առաւօտեան սպաննուեցաւ, երբ սուրիական բանակը հրթիռով մը զինք թիրախ դարձուց Իտլիպի հարաւը գտնուող Ժապալ Զաուիայի Իպլին գիւղին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը:
Թահրիր Շամի մօտիկ գործիչներ կը յայտնեն, թէ Շամի հրթիռային յարձակումի ենթարկուած է, երբ Իպլին գիւղին մէջ քննական պտոյտ մը կը կատարէր: Հրթիռ մը ուղղակի կերպով ինկած է Շամիի, անոր թիկնապահներուն եւ այլ ղեկավարներու գտնուած վայրին մէջ:
Գործիչներ յայտնեցին, որ զոհերուն թիւը անցած է տասը:
Գործիչները նաեւ հաղորդած են, որ թրքական բանակը միջամտած է վիրաւորները զրահապատ մեքենաներով իր բժշկական կեդրոններ փոխադրելու համար, ինչպէս նաեւ Ժապալ Զաուիայի մէջ իր ուժերը դրած է պատրաստ վիճակի մէջ:
 
			


