Ազրպէյճանի օդուժի հրամանատար Ռամիզ Թաիրով հանդիպում ունեցած է Փաքիստանի բանակի զինուորական գործողութիւններու գլխաւոր վարչութեան պետ Նաուման Զաքարիայի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ: Այս մասին կը հաղորդեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները:
«Գոհունակութիւն յայտնելով Փաքիստանի օդուժի ակադեմիային մէջ ազրպէյճանցի օդաչուներու պատրաստութեան վերաբերեալ` Թաիրով նշած է, որ օդուժի ոլորտին մէջ երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան զարգացումը, ներառեալ զինուորական կրթութիւնը եւ այլ ոլորտներ, կը նպաստէ երկու երկիրներու բանակներու մարտունակութեան հետագայ բարձրացման:



