4 յունիսին, թշնամիին յանձնուած Քարվաճառի մէջ ականի պայթումէն երեք ազրպէյճանցիի, ներառեալ երկու լրագրողի մահը Ազրպէյճանի մէջ ներքաղաքական տարակարծութիւններու պատճառ դարձած է: Ազրպէյճանի ընդդիմադիր «Մուսաւաթ» կուսակցութեան ղեկավար Արիֆ Հաճըլըն իր դիմատետրեան գրառման մէջ մեղադրանքներ առաջադրած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին:
Ան իր ընդգծուած դժգոհութիւնը յայտնած է այն փաստէն, որ եօթը ամիս շարունակ Ազրպէյճանի քաղաքացիներու չեն արտօներ այցելել Արցախի` ազրպէյճանական վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներ: Ըստ անոր, ականներու գոյութիւնը կը ներկայացուի իբրեւ արգելքի պատճառ, մինչդեռ պատերազմէն նոյնիսկ 7 ամիս ետք ականներու պայթումներէն մահուան դէպքերը չեն նուազիր:
«Մեր գլխուն եկած բոլոր խնդիրներուն, ներառեալ մեր երկու լրագրողի եւ այլ քաղաքացիներու մահուան պատասխանատուութիւնը նոյնպէս անձամբ Իլհամ Ալիեւի վրայ է», գրած է Հաճըլը` շեշտելով, որ բոլորը պէտք է պատասխանատու ըլլան իրենց արարքներուն համար եւ պատժուին յանցագործութիւններուն համար, սակայն Ազրպէյճանի ղեկավարը ո՛չ միայն իւրացուցած է իշխանութեան բոլոր լիազօրութիւնները, այլ նաեւ Ղարաբաղի 10.000 քառակուսի քիլոմեթրը կը նկատէ իր անձնական սեփականութիւնը` շեշտելով, որ միայն ինք գիտէ ինչ ընել, երբ եւ ինչպէս:
Հաճըլըի քննադատական գրառումը դժգոհութիւն յառաջացուցած է Ազրպէյճանի խորհրդարանի երեսփոխաններուն մօտ: Անկախ երեսփոխան Սահիպ Ալիեւ սուր քննադատութեան ենթարկած է Հաճըլըն, որովհետեւ ան լրագրողներու մահուան համար չի մեղադրեր Հայաստանի ղեկավարութիւնը: «Մինչեւ վերջերս ոչ ոք այնքան ցած չէր իջներ, որքան Ալի Քերիմլին եւ Ճեմիլ Հասանլըն: Արիֆ Հաճըլըն ցոյց տուաւ, որ քաղաքականութեան մէջ աւելի խոր փոսեր կան», ըսած է Սահիպ Ալիեւը` շեշտելով, որ Արիֆ Հաճըլըն ներդաշնակօրէն կ՛աշխատի թշնամիին հետ:



