Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Պըն Զայետ Ալ Նահիան յայտնեց. «Ցաւալի է, որ երկիրներ մեծապէս կը տատամսին Համասի Հըզպալլայի կամ Իսլամ եղբայրներու մասին յստակօրէն խօսիլ»:
Պըն Զայետ Ապու Տապիի մէջ գրասենեակ բացած Հրէական¬ամերիկեան յանձնախումբի կայքին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին աւելցուց.«Զաւեշտալի է, որ կարգ մը կառավարութիւններ խմբաւորման զինեալ թեւը միայն ահաբեկչական կը նկատեն եւ ոչ թէ քաղաքական թեւը, երբ ինքնին խմբաւորումը կ՛ըսէ, թէ անոնց միջեւ տարբերութիւն չկայ»:
Ան յայտնեց, որ «Քորոնա» ժահրի համաճարակը Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման մեծ ազդակ մըն էր:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարը յոյս յայտնեց, որ Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ զինադադարը կը շարունակուի, եւ շեշտեց «երկու կողմերուն միջեւ ռազմավարական մտածողութիւնը` խաղաղութեան ուղղութեամբ նոր ճամբայ բանալու համար»:
Ան նաեւ յոյս յայտնեց, որ էմիրաթական¬իսրայէլեան համաձայնութիւնը նպաստէ «շրջանին մէջ այլ երկիրներու ապագան վերապատկերացնելու ներշնչման»:



