Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ Արցախի` Ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած տարածքներ կատարելիք իր այցելութեան ընթացքին ան նախ պիտի այցելէ Ֆիզուլի (Վարանդա), ապա` Շուշի: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:
«Եղբօրս` Իլհամ Ալիեւի հետ պիտի հանդիպինք Շուշի քաղաքին մէջ եւ համաձայնագիր պիտի ստորագրենք: Խօսքը Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ մեծ փաստաթուղթի մասին է», նշած է Թուրքիոյ նախագահը:
Էրտողան նաեւ կոչ ուղղած է անյապաղ լուծելու Արցախի մէջ ականապատ դաշտերու խնդիրը:



