Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Հաղորդակցութեան Ուղիներու Բացման Հոլովոյթին Մէջ Պէտք Է Նաեւ Նկատի Առնուի Ռուսիոյ, Թուրքիոյ Եւ Իրանի Կարծիքը» Կ՛ըսէ Լաւրով

June 10, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ղարաբաղի մէջ, ուր ռուս խաղաղապահներ տեղակայուած են, մեծ միջադէպեր չեն եղած: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:

«Այժմ մեր խաղաղապահները կը գործադրեն իրենց լիազօրութիւնը, որեւէ մեծ միջադէպ չկայ` ատիկա կ՛ընդունին թէ՛ Պաքուի, թէ՛ Երեւանի մէջ: Առանձին մանր պատահարները արագ կը կարգաւորուին: Այո՛, ազրպէյճանական-հայկական սահմանին վրայ առանձին հատուածներու մէջ լարուածութիւն կայ, սակայն ատիկա Լեռնային Ղարաբաղի հետ կապ չունի», ըսած է նախարարը` «Փրիմաքովեան ընթերցումներ» խորհրդաժողովի ընթացքին:

«Արիւնահեղութիւնը աւարտած է, քիչ մը աւելի ուշ, քան մենք կողմերուն առաջարկած էինք, եւ մեր մեղքը չէ, որ պատերազմը աւելի երկար տեւած է, քան կրնար: Խաղաղութիւնը հաստատուած է աւելի ուշ, քան կրնար: Մենք ընդամէնը միջնորդներ էինք եւ չէինք կրնար կողմերուն ստիպել, կրնայինք միայն համոզել, որ հետագայ արիւնահեղութիւնը անիմաստ է եւ ծայրայեղ վտանգաւոր այն բանի համար, թէ ետքը մարդիկ այս հողին վրայ ինչպէ՛ս պիտի ապրին», ըսած է ռուսական դիւանագիտութեան պետը:

Ան յայտնած է, որ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը պէտք է սորվին իբրեւ լաւ դրացիներ ապրիլ, եւ խորհուրդ տուած է Երեւանէն եւ Պաքուէն հնչող յայտարարութիւններուն ուշադրութիւն դարձնելու փոխարէն հասարակ մարդոց կեանքը բարելաւելու ուղղութեամբ ջանքեր գործադրելու:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ նշած է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ հաղորդակցութեան ուղիներու բացումով «շահագրգռուած են ո՛չ միայն այդ երկու պետութիւնները, այլ նաեւ Ռուսիան, Թուրքիան եւ Իրանը, որոնց կարծիքը նոյնպէս պէտք է բանակցային հոլովոյթին մէջ հաշուի առնուի»:

«Ես կը հասկնամ, որ հիմա շատերը կը խօսին այն մասին, որ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը կը մնայ չլուծուած: Ատոր շուրջ տակաւին պէտք է համաձայնութիւն գոյանայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ, որոնք ներկայ փուլին, հաւանաբար, պէտք չէ արթնցնեն կարգավիճակի խնդիրը, այլ աջակցին վստահութեան ամրապնդման, մարդասիրական հիմնախնդիրներուն, որպէսզի հայերն ու ազրպէյճանցիները դարձեալ սկսին միասին ապրիլ` անվտանգութեան եւ տնտեսական բարեկեցութեան պայմաններուն մէջ: Եւ այդ ժամանակ, ձեզի կը վստահեցնեմ, 2-3 տարի ետք, եթէ մենք նման կեանք հաստատենք, կարգավիճակի բոլոր խնդիրները շատ աւելի դիւրին պիտի լուծուին», ըսած է Լաւրով:

 

Նախորդը

Պատասխանելով Ծերակուտական Մենենտեսի Մտահոգութիւններուն` Պլինքըն. «Ապագային Պիտի Շարունակենք Քննել Ազրպէյճանին Օգնութեան Ցուցաբերումը Արտօնող Որոշումը Վերատեսութեան Ենթարկելու Հարցը»

Յաջորդը

Մաուրիցիօ Սարրի Գլխաւորեց Լացիօ Ռոման

RelatedPosts

Ուաշինկթըն Քիեւին Եւ Մոսկուային  Առաջարկած Է Արաբական Միացեալ  Էմիրութիւններուն Մէջ Եռակողմ Թեքնիք  Հանդիպում Կայացնել
Գլխաւոր լուրեր

Ուաշինկթըն Քիեւին Եւ Մոսկուային Առաջարկած Է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն Մէջ Եռակողմ Թեքնիք Հանդիպում Կայացնել

September 26, 2026
Արաղչի. «Իրան Միացեալ Նահանգներուն  Ներկայացուցած Է Նոր Առաջարկ, Որ Թոյլ Կու Տայ  7 Օրուան Մէջ Վերաբանալ Հորմուզը»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Իրան Միացեալ Նահանգներուն Ներկայացուցած Է Նոր Առաջարկ, Որ Թոյլ Կու Տայ 7 Օրուան Մէջ Վերաբանալ Հորմուզը»

September 26, 2026
Ռուսիան Քիեւի Մէջ Առեւտրական  Կեդրոն Մը Հարուածած Է
Միջազգային

Ռուսիան Քիեւի Մէջ Առեւտրական Կեդրոն Մը Հարուածած Է

September 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.