Միջազգային

Շուշի Մեկնելու Ճամբուն Վրայ  Էրտողանի Հետ Զրոյցի Ընթացքին.  «15 Գերի Տուինք Եւ Վերցուցինք Ականապատուած  Բոլոր Տարածքներուն Քարտէսը. Ամերիկացիները  Հանդէս Եկած Են Իբրեւ Երաշխաւոր»  Կ՛ըսէ Ալիեւ

Շուշի Մեկնելու Ճամբուն Վրայ Էրտողանի Հետ Զրոյցի Ընթացքին. «15 Գերի Տուինք Եւ Վերցուցինք Ականապատուած Բոլոր Տարածքներուն Քարտէսը. Ամերիկացիները Հանդէս Եկած Են Իբրեւ Երաշխաւոր» Կ՛ըսէ Ալիեւ

Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները հրապարակած են երկրի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ անոր կնոջ` Էմինէ Էրտողանի` 15 յունիսին դէպի Շուշի ուղեւորուելու ժամանակ տեղի ունեցած զրոյցէն մէկ հատուած, որ կը վերաբերի վերջերս 15 հայ գերիի վերադարձին եւ ատոր դիմաց Լեռնային Ղարաբաղի ականապատ տարածքներու քարտԷսներու յանձնումին: Իլհամ Ալիեւ. «Մենք հիմա Ֆիզուլի (Վարանդա) քաղաքին մէջ ենք… Այս վայրերը լեցուն են ականներով…...

«Աշխարհը Պէտք Է Իմանայ Իրանի Նկատմամբ  Թրամփի Անմարդկային  Յանցագործութիւններուն Մասին»  Կ՛ըսէ Ռուհանի

«Աշխարհը Պէտք Է Իմանայ Իրանի Նկատմամբ Թրամփի Անմարդկային Յանցագործութիւններուն Մասին» Կ՛ըսէ Ռուհանի

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի յայտարարած է, որ աշխարհը պէտք է իմանայ իր երկրին նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի «անմարդկային յանցագործութիւններուն» մասին: Այս մասին կը հաղորդէ իրանեան «Թեհրան Թայմզ» օրաթերթը: «Անհրաժեշտ է, որ պարտադրուած տնտեսական պատերազմին վերաբերեալ փաստաթուղթը եւ համապարփակ ու աննախադէպ պատժամիջոցներ իրականացնողները յայտնի ըլլան, որպէսզի բոլորը իմանան Թրամփի վարչակազմին կողմէ իրանցի ժողովուրդին նկատմամբ իրականացուած անմարդկային յանցագործութիւններուն մասին»,...

«Եգիպտոսի Եւ Քաթարի Մօտ Անցեալի Էջը Փակելու  Եւ Գործակցութեան Հորիզոններ  Որոնելու Կամք Գոյութիւն Ունի»  Կ՛ըսէ Շուքրի

«Եգիպտոսի Եւ Քաթարի Մօտ Անցեալի Էջը Փակելու Եւ Գործակցութեան Հորիզոններ Որոնելու Կամք Գոյութիւն Ունի» Կ՛ըսէ Շուքրի

Գահիրէ Անգարայի Հետ Փոխադարձ Յարգանքի Հիմամբ Յարաբերութիւններ Կ՛ակնկալէ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրի յայտարարեց. «Եգիպտոսի եւ Քաթարի մօտ անցեալի էջը փակելու եւ գործակցութեան հորիզոններ որոնելու կամք գոյութիւն ունի»: Շուքրի նաեւ նշեց. «Եգիպտոս վերապահութիւններ ունի Թուրքիոյ շրջանային քաղաքականութեան նկատմամբ, եւ անոր հետ փոխադարձ յարգանքի հիմամբ յարաբերութիւններ կ՛ակնկալէ»: Եգիպտական դիւանագիտութեան պետը վերահաստատեց Լիպիայէն բոլոր վարձկաններու հեռացման Եգիպտոսի պահանջը` աւելցնելով, որ վարձկաններու...

«Մենք Անհրաժեշտ Կը Նկատենք Ղարաբաղի  Հարցին Մէջ ՕԹԱՆ-ի Աջակցութիւնը»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Մենք Անհրաժեշտ Կը Նկատենք Ղարաբաղի Հարցին Մէջ ՕԹԱՆ-ի Աջակցութիւնը» Կ՛ըսէ Էրտողան

Համաշխարհային անվտանգութեան մարտահրաւէրներու լոյսին տակ ՕԹԱՆ-ի կարեւորութիւնը կ՛աճի: «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին 14 յունիսին Պրիւքսելի մէջ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի ծիրին մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ հանդիպումէն ետք տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան: Անդրադառնալով ղարաբաղեան խնդիրին` Թուրքիոյ նախագահը նշած է. «30 տարի ետք Ղարաբաղի մէջ վերականգնուած է արդարութիւնը»: Էրտողան...

Այսօր Պայտըն-Փութին Հանդիպում.  «Պայտըն Եւ Փութին Ժընեւի Մէջ Տեղի Ունենալիք  Հանդիպման Ժամանակ Պիտի Քննարկեն  Լեռնային Ղարաբաղի Նիւթը»  Ըսաւ Ռուսիոյ Նախագահի Օգնականը

Այսօր Պայտըն-Փութին Հանդիպում. «Պայտըն Եւ Փութին Ժընեւի Մէջ Տեղի Ունենալիք Հանդիպման Ժամանակ Պիտի Քննարկեն Լեռնային Ղարաբաղի Նիւթը» Ըսաւ Ռուսիոյ Նախագահի Օգնականը

Լեռնային Ղարաբաղը, Ուքրանիան, Պիելոռուսիան եւ ռուս ընդդիմադիր գործիչ Ալեքսէյ Նաւալնիի ձերբակալութիւնը ցանկին մէջ են այն նիւթերուն, որոնք պիտի քննարկուին Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Ճօ Պայտընի հանդիպման ժամանակ: «Լենթա» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով: Ան յստակացուցած է, որ պետութիւններու ղեկավարները պիտի քննարկեն ռազմավարական կայունութիւնը, «Քորոնա» ժահրի համաճարակը, համացանցային յանցագործութիւններուն...

Պայտըն Մեկնաբանած Է Էրտողանի Հետ  Հանդիպումի Արդիւնքները

Պայտըն Մեկնաբանած Է Էրտողանի Հետ Հանդիպումի Արդիւնքները

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն արդիւնաւէտ կոչած է ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի ծիրին մէջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հանդիպումը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռաշա Թուտէյ»-ը: «Մենք դրական եւ արդիւնաւէտ հանդիպում ունեցանք», ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան ըսած է Պայտըն: Բանակցութիւններէն ետք Միացեալ Նահանգներու նախագահը վստահութիւն յայտնած է թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ «իրական յառաջընթաց»-ի հասնելու հարցին մէջ: «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ նեղ...

«Էրտողանի Հետ Հանդիպումը Անցաւ Խաղաղ  Մթնոլորտի Մէջ. Ոչ Ոք Ներողութիւն Խնդրեց,  Եւ Ոչ Ոք Ալ Զայն Պահանջեց»  Կ՛ըսէ Մաքրոն

«Էրտողանի Հետ Հանդիպումը Անցաւ Խաղաղ Մթնոլորտի Մէջ. Ոչ Ոք Ներողութիւն Խնդրեց, Եւ Ոչ Ոք Ալ Զայն Պահանջեց» Կ՛ըսէ Մաքրոն

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի ծիրին մէջ կատարուած բանակցութիւնները անցած են լաւ մթնոլորտի մէջ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին 14 յունիսին աւարտած վեհաժողովին ու հանդիպումին յաջորդած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն: «Մեր այս բանակցութիւնները ընթացած են խաղաղ մթնոլորտի մէջ», ընդգծած է Ֆրանսայի նախագահը: Ան միեւնոյն ժամանակ, նկատի ունենալով Էրտողանի կողմէ...

Ալիեւ Եւ Էրտողան Ստորագրած Են Կարսի  Համաձայնագիրին Վրայ Հիմնուած Եւ Զանգեզուրի  Միջանցքին Վերաբերեալ Յստակ Կէտեր  Բովանդակող Շուշիի Հռչակագիրը

Ալիեւ Եւ Էրտողան Ստորագրած Են Կարսի Համաձայնագիրին Վրայ Հիմնուած Եւ Զանգեզուրի Միջանցքին Վերաբերեալ Յստակ Կէտեր Բովանդակող Շուշիի Հռչակագիրը

Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող Շուշի քաղաքին մէջ երէկ տեղի ունեցած է Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն մասնակցութեամբ թուրք-ազրպէյճանական փաստաթուղթերու ստորագրման արարողութիւնը. մասնաւորաբար ստորագրուած է Շուշիի հռչակագիրը: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը: «Այսօր մենք ո՛չ միայն կը խօսինք Զանգեզուրի միջանցքին մասին, որ ճանապարհային եւ երկաթուղային ճամբով Ազրպէյճանը եւ Թուրքիան պիտի կապէ, այլ նաեւ գործնական քայլեր կ՛իրականացնենք», ընդգծած է Ազրպէյճանի նախագահը:...

«Եւրոպական Միութիւնը Կ՛ուզէ Ազրպէյճանի Հետ  Գործընկերութեան Նոր Համաձայնագիր Կնքել,  Մասնակցիլ Լեռնային Ղարաբաղի  Տագնապի Լուծման Հոլովոյթին»  Կ՛ըսէ Պորել

Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանին Եւ Ազրպէճյանին Կոչ Կ՛ուղղէ` Շարունակելու Բանակցութիւնները Մինսքի Խմբակի Համանախագահներու Հովանիին Տակ

Եւրոպական Միութիւնը կ՛ողջունէ Վրաստանի աջակցութեամբ` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի գործողութիւնները, որոնք յանգեցուցած են 12 յունիսին Ազրպէյճանի կողմէ 15 հայ գերիներու ազատ արձակման եւ Հայաստանի կողմէ ականապատ տարածքներու քարտէսներու յանձնումին: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին յայտարարութիւն հրապարակած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել: «Այս գործողութիւնները Պաքուի եւ Երեւանի կողմէ կարեւոր մարդասիրական եւ վստահութեան ամրապնդման ուղղուած ժեսթեր են, որոնք, յուսանք, նոր...

Մաքրոն «Երկար Զրուցած» Է  Էրտողանի Հետ

Մաքրոն «Երկար Զրուցած» Է Էրտողանի Հետ

Երէկ Պրիւքսելի մէջ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի մեկնարկէն առաջ տեղի ունեցած է Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ նախագահներ Էմանուէլ Մաքրոնի ու Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հանդիպումը: «ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովէն առաջ ես երկար առանձնազրոյց ունեցած եմ նախագահ Էրտողանի հետ: Յստակութեամբ, յարգանքով եւ պահանջկոտութեամբ յառաջ շարժելու համար», «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է Մաքրոն: Ֆրանսայի նախագահը նախապէս յայտարարած էր, որ մտադիր է թուրք գործընկերոջ հետ քննարկել ՕԹԱՆ-ի դաշնակիցներու վարքագիծի կանոնները,...

Պատասխանելով Սալման Թագաւորին`  «Ուաշինկթընի Աջակցութիւնը  Որեւէ Արդիւնք Պիտի Չտայ»  Կ՛ըսէ Թեհրան

«Վիեննայի Բանակցութիւնները Անելի Չմատնուեցան, Եւ Կը Բացառենք, Որ Այս Փուլը Վերջինը Ըլլայ» Կ՛ըսէ Թեհրան

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց. «Վիեննայի բանակցութիւնները անելի չեն մատնուած, անոնց ընթացքին կը շարունակուին քննարկուիլ մնացեալ կէտերը»: Ան միեւնոյն ժամանակ բացառեց, «որ ներկայ փուլը բանակցութիւններուն մէջ վերջինը ըլլայ»: «Վիեննայի բանակցութիւններուն մէջ համաձայնեցանք պատժամիջոցները վերցնել քարիւղի, ուժանիւթի, դրամատուներու եւ ապահովագրութեան մարզերուն վրայէն»` յայտնեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը` նշելով, որ իրենք չեն բացառեր «Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան հետ պայմանաւորեալ համաձայնութեան ժամկէտի աւարտէն...

Ազրպէյճանի Մէջ Թուրքիոյ  Դեսպանը Այցելած Է Շուշի

Ազրպէյճանի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանը Այցելած Է Շուշի

Ազրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ճահիթ Պաղչը այցելած է արցախեան Բ. պատերազմի ընթացքին Պաքուի վերահսկողութեան տակ անցած Շուշի քաղաք: Ան այս մասին գրած է իր թուիթըրեան էջին վրայ: Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ դեսպանը նշած է, որ Շուշի այցելած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի այցելութեան ընդառաջ: «Այսօր մենք կը շնչենք ազատ Ղարաբաղի օդը: Մենք կը հաստատենք, որ Շուշին Ղարաբաղի...

Պայտըն Շնորհաւորած Է Իսրայէլի  Նոր Վարչապետը Եւ Միացեալ Նահանգները  «Իսրայէլի Լաւագոյն Ընկեր» Կոչած

Պայտըն Շնորհաւորած Է Իսրայէլի Նոր Վարչապետը Եւ Միացեալ Նահանգները «Իսրայէլի Լաւագոյն Ընկեր» Կոչած

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն շնորհաւորած է Իսրայէլի նոր վարչապետ Նաֆթալի Պենեթը եւ անոր համախոհական գործընկեր Եայիր Լափիտը` պաշտօնի ստանձնումին առիթով եւ խոստացած զարգացնել Իսրայէլի հետ համագործակցութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: «Իմ վարչակազմս ամբողջովին հաւատարիմ է Իսրայէլի նոր կառավարութեան հետ համագործակցութեան` իսրայէլացիներու, պաղեստինցիներու եւ շրջանի ամբողջ բնակչութեան անվտանգութեան, կայունութեան եւ խաղաղութեան ապահովման համար», նշուած է Պայտընի...

Նաֆթալի Պենեթ` Իսրայէլի Վարչապետ

Նաֆթալի Պենեթ` Իսրայէլի Վարչապետ

Իսրայէլի վարչապետ դարձած է «Եամինա» կուսակցութեան առաջնորդ Նաֆթալի Պենեթը: Քնեսեթի պաշտօնական կայքը կը տեղեկացնէ, որ Իսրայէլի նոր կառավարութիւնը ստացած է Քնեսեթի վստահութեան քուէն. 60 պատգամաւոր կողմ քուէարկած է, 59-ը` դէմ: Յառաջիկայ երկու տարիներուն երկրի վարչապետի պաշտօնը պիտի զբաղեցնէ Նաֆթալի Պենեթ, որմէ ետք, ըստ քոալիսիոն համաձայնագիրի, վարչապետի պաշտօնը պիտի ստանձնէ Եայիր Լափիտ:

«Ռուսիան Կը Ձգտի Պատերազմական Գերիներու  Խնդիրի Փակման` «Բոլորը Բոլորի Դիմաց» Սկզբունքով»  Կ՛ըսէ Դեսպան Քոփիրքին

«Ռուսիան Կը Ձգտի Պատերազմական Գերիներու Խնդիրի Փակման` «Բոլորը Բոլորի Դիմաց» Սկզբունքով» Կ՛ըսէ Դեսպան Քոփիրքին

Ռուսական կողմը կը ձգտի հասնիլ պատերազմական գերիներու խնդիրի վերջնական փակման` «բոլորը բոլորի դիմաց», սկզբունքով: «Սփութնիք Արմենիա»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին: Անոր համաձայն, Արցախի վերաբերեալ եռակողմ յայտարարութեան ստորագրումէն ետք ռուսական կողմը, ներառեալ Ռուսիոյ բարձրագոյն ղեկավարութիւնն ու համապատասխան նախարարութիւնները` արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարութիւնները, առաջնային ուշադրութիւն դարձուցած են ու կը շարունակեն դարձնել այդ հարցին: «Այդ...

Ըստ «Էն. Պի. Սի.»-ի.  Ամերիկեան Կողմը Որոշած Է Պայտըն-Փութին  Հանդիպումի Ընթացքին Կոշտ Մօտեցում Ցուցաբերել

Ըստ «Էն. Պի. Սի.»-ի. Ամերիկեան Կողմը Որոշած Է Պայտըն-Փութին Հանդիպումի Ընթացքին Կոշտ Մօտեցում Ցուցաբերել

Ամերիկեան կողմը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի յառաջիկայ հանդիպումին մտադիր է կոշտ մօտեցում ցոյց տալ ռուսական կողմին` ի տարբերութիւն նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմին: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը նշէ, որ այս մասին կը հաղորդէ «Էն.Պի.Սի.»-ն` յղում կատարելով իր աղբիւրներուն: Ըստ աղբիւրին, ամերիկեան կողմը նպատակ ունի Պայտըն-Փութին հանդիպումի ընթացքին հասկցնել, որ Պայտընը ի տարբերութիւն Թրամփի բարի...

«Ռուսիան Կայ, Եղած Է Եւ Պիտի Ըլլայ.  Միացեալ Նահանգներ Պէտք Է Համակերպին Ատոր Հետ»  Կ՛ըսէ Փութին

«Ռուսիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Յարաբերութիւնները Հասած Են Ամէնէն Ցած Կէտին» Կ՛ըսէ Փութին

Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւնները վերջին տարիներուն հասած են ամէնէն ցած կէտին: Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը ամերիկեան «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին: Ասիկա յուլիս 2018-էն ետք ամերիկեան լրատուամիջոցներուն հետ անոր առաջին հարցազրոյցն է: «Մեր երկկողմանի յարաբերութիւնները վերջին տարիներուն վատթարացած եւ հասած են ամէնէն ցած մակարդակին», ըսած է Փութին: «Ռուսիոյ նախագահին համաձայն, Միացեալ Նահանգներու ներկայ նախագահ...

Թալեպանները Կը Սպառնան Թուրքիոյ.  «Աֆղանիստան Մնացող Որեւէ Պետութիւն  Բռնագրաւող Պիտի Նկատենք»

Թալեպանները Կը Սպառնան Թուրքիոյ. «Աֆղանիստան Մնացող Որեւէ Պետութիւն Բռնագրաւող Պիտի Նկատենք»

Թալեպան շարժումը շաբաթ օր յայտարարեց. «ԱՖղանիստան մնացող որեւէ պետութիւն բռնագրաւող պիտի նկատենք»: Մինչ այդ, «Ռոյթըրզ» հաղորդեց, որ Թալեպան շարժումը մերժած է այլ օտարերկրեայ ուժերու հեռանալէն ետք միջազգային օդակայանը պաշտպանելու եւ շահագործելու համար Քապուլի մէջ ուժեր պահելու Թուրքիոյ առաջարկը: Տոհայի մէջ Թալեպան շարժումի բանբեր Սուհահիլ Շահին յայտնած է, որ թուրքերը եւս պէտք է հեռանան: «Թուրքիան վերջին 20 տարիներուն ՕԹԱՆ-ի ուժերու մաս...

«Տաճիկիստանն Ու Խըրխըզիստանը Անցած Են  Սահմանագծման Աշխատանքներուն, Ատիկա Լաւ  Օրինակ Է Յետխորհրդային Շրջանին Համար»  Կ՛ըսէ Լաւրով

«Տաճիկիստանն Ու Խըրխըզիստանը Անցած Են Սահմանագծման Աշխատանքներուն, Ատիկա Լաւ Օրինակ Է Յետխորհրդային Շրջանին Համար» Կ՛ըսէ Լաւրով

Տաճիկիստանն ու Խըրխըզիստանը սկսած են սահմանագծման աշխատանքներ կատարել, ատիկա լաւ օրինակ է ամբողջ յետխորհրդային շրջանին համար: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով: «Մենք երէկ նոյնպէս խօսած ենք առճակատումէն համագործակցութեան անցնելու դրական օրինակին մասին, որ ցոյց կու տան Տաճիկիստանն ու Խըրխըզիստանը: Մենք շատ ուրախ ենք, որ վերջերս բռնկած տագնապի թէժ փուլը մեր...

Եւրոպական Միութեան «Միջերկրականեան  Եօթնեակ»-ը Միացեալ Հռչակագիր Ստորագրած Է

Եւրոպական Միութեան «Միջերկրականեան Եօթնեակ»-ը Միացեալ Հռչակագիր Ստորագրած Է

Եւրոպական Միութեան «Միջերկրականեան եօթնեակ»-ը (Կիպրոս, Ֆրանսա, Յունաստան, Իտալիա, Մալթա, Փորթուգալ եւ Սպանիա) Աթէնքի մէջ ստորագրած են միացեալ հռչակագիր` վերահաստատելու «աւելի ուժեղ եւ աւելի միասնական Եւրոպայի տեսլականին հիման վրայ սերտ համագործակցութիւնը շարունակելու պարտաւորութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Կրիք Սիթի Թայմզ»-ը: Փաստաթուղթին մէջ անդամ պետութիւնները կոչ ուղղած են` շարունակելու Եւրոպական Միութեան ներգրաւուածութիւնը միջերկրականեան շրջանին մէջ, որ Եւրոպական Միութեան բարգաւաճման, անվտանգութեան եւ կայունութեան...

Page 345 of 883 1 … 344 345 346 … 883

Արխիւներ