Միջազգային

Փութին. «Ռուսիոյ Վճռորոշ Ներդրումին  Շնորհիւ Կանգնեցուեցաւ  Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապը»

Փութին. «Ռուսիոյ Վճռորոշ Ներդրումին Շնորհիւ Կանգնեցուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապը»

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ընդգծած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը կանգնեցուած է Ռուսիոյ վճռորոշ ներդրումին շնորհիւ: «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի հաղորդումով` այս մասին Ռուսիոյ նախագահը յայտնած է Միջազգային անվտանգութեան հարցով մոսկովեան խորհրդաժողովի ծիրին մէջ: «Ռուս խաղաղապահները յուսալիօրէն կ՛երաշխաւորեն շրջանին մէջ անվտանգութիւնն ու խաղաղութիւնը, շատ բան կ՛ընեն մարդասիրական իրավիճակի բարելաւման, տարածքի ականազերծման, ընկերային ենթակառոյցներու վերականգնման համար», նշած է Փութինը: Ան աւելցուցած է, որ...

Լաւրով Եւ Պայրամով Քննարկած Են Արցախի  Հարցով Եռակողմ Յայտարարութիւններու  Գործադրութիւնը

Լաւրով Եւ Պայրամով Քննարկած Են Արցախի Հարցով Եռակողմ Յայտարարութիւններու Գործադրութիւնը

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած է Արցախի վերաբերեալ եռակողմ յայտարարութիւններու գործադրութիւնը: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ տեղեկութիւնը կը յայտնէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը: «Անոնք անդրադարձած են շարք մը նիւթերու` Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու 9 նոյեմբեր 2020-ի 11 յունուար 2021-ի համաձայնութիւններու իրագործման ծիրին մէջ, մասնաւորաբար` Լեռնային...

Ազրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Զինուորները  Նախիջեւանի Մէջ Ռազմափորձեր Կը Կատարեն

Ազրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Զինուորները Նախիջեւանի Մէջ Ռազմափորձեր Կը Կատարեն

Ազրպէյճանն ու Թուրքիան մարտավարական ռազմափորձեր կը կատարեն Նախիջեւանի մէջ: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ տեղեկութիւնը կը յայտնեն ռուսական լրատուամիջոցները` յղում կատարելով Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան: «21-23 յունիս երկարող ժամանակաշրջանին մէջ տեղի կ՛ունենան յատուկ մարտավարական ռազմափորձեր, որոնց կը մասնակցին Նախիջեւանի կայազօրի զօրքերը եւ Թուրքիոյ զինեալ ուժերու կառավարման մարմինները», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: Նախարարութենէն յայտնած են նաեւ, որ ռազմափորձերու ընթացքին զինուորները...

«Յոյսով Ենք, Որ Ընտրութիւններու Արդիւնքները  Պիտի Նպաստեն Հայաստանի Եւ Ռուս-Հայկական  Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման»  Կ՛ըսէ Զախարովա

«Յոյսով Ենք, Որ Ընտրութիւններու Արդիւնքները Պիտի Նպաստեն Հայաստանի Եւ Ռուս-Հայկական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման» Կ՛ըսէ Զախարովա

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա անդրադարձած է Հայաստանի մէջ 20 յունիսին տեղի ունեցած արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններուն` յոյս յայտնելով, որ անոնց արդիւնքները պիտի նպաստեն հայ-ռուսական յարաբերութիւններու հետագայ ամրապնդման: «Յոյսով ենք, որ ընտրական հոլովոյթի արդիւնքները օրէնսդրական ձեւակերպումէն ետք պիտի նպաստեն Հայաստանի յառաջադէմ զարգացման, ռուս-հայկական յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան, անվտանգութեան եւ կայունութեան ապահովման ամբողջ Անդրկովկասի շրջանին մէջ, նախ եւ...

«15 Հայ Պատերազմական Գերիներու Վերադարձը  Կարելի Չէր Ըլլար Առանց Ռուսիոյ Միջամտութեան»  Կ՛ըսէ Դեսպան Քոփիրքին

«15 Հայ Պատերազմական Գերիներու Վերադարձը Կարելի Չէր Ըլլար Առանց Ռուսիոյ Միջամտութեան» Կ՛ըսէ Դեսպան Քոփիրքին

Սկիզբէն յստակ եղած է, որ Ռուսիան կատարած է եւ կը կատարէ ամէն բան, որ հայ պատերազմական գերիներու վերադարձը իրականանայ. ինչպէս գիտէք` մեր ուշադրութեան կեդրոնն է այդ հարցը: Այս մասին երէկ լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ռուսիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին: «Մուրատովը (Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահներու հրամանատարը, «Ա.») կը զբաղի հայ պատերազմական գերիներուն հարցով, այդ...

«Բանակցութիւններ Կը Վարենք Լիպիայէն  Օտար Ուժերու Հեռացման Շուրջ»  Կ՛ըսէ Լիպիոյ Հարցով Ուաշինկթընի Պատուիրակը

«Բանակցութիւններ Կը Վարենք Լիպիայէն Օտար Ուժերու Հեռացման Շուրջ» Կ՛ըսէ Լիպիոյ Հարցով Ուաշինկթընի Պատուիրակը

Լիպիոյ հարցով Միացեալ Նահանգներու յատուկ պատուիրակ Ռիչըրտ Նորլընտ յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներ երկրին մէջ կարգ մը կարեւոր ուժերու հետ բանակցութիւններ կը վարեն դեկտեմբերին նախատեսուած ընտրութիւններէն առաջ օտար զինեալ ուժերու հեռացման շուրջ»: «Լիպիոյ մէջ ընտրութիւններուն կարեւորութեան մէկ մասը ուժեղ ու օրինական կառավարութեան մէջ է, որ կրնայ օտար ուժերուն վրայ ճնշում բանեցնել իրենց զինեալ ուժերը հեռացնելու համար», ըսաւ Նորլընտ:

«Ռուսիան Յոյս Ունի, Որ Հայաստանի Մէջ  Կացութիւնը Կը Լուծուի Խաղաղ Ճամբով»  Կ՛ըսէ Մաթվիենքօ

«Յաղթած Են Քաղաքական Ուժեր, Որոնց Հետ Ռուսիան Արդէն Կապ Ստեղծած Է» Կ՛ըսէ Մաթվիենքօ

Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիենքօ «Սփութնիք Արմենիա»-ի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին մեկնաբանած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններու արդիւնքները: «Յաղթանակ տարած են քաղաքական ուժեր, որոնց հետ Ռուսիան արդէն հաստատուած կապ ունի: Մոսկուան շահագրգռուած է, որ Հայաստանի նոր իշխանութիւններուն հետ միջխորհրդարանական փոխադարձ գործակցութիւնը կարելի եղածին չափ շուտ սկսի», ըսած է ան: Մաթվիենքօ աւելցուցած է, որ միջազգային դէտերը չեն արձանագրած խախտումներ,...

«Առանց Թուրքիոյ` ՕԹԱՆ-ի Համար Դժուար  Պիտի Ըլլայ Ոչ Միայն Իր Ուժը  Պահպանել, Այլ Նաեւ` Իր Գոյութիւնը»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Առանց Թուրքիոյ` ՕԹԱՆ-ի Համար Դժուար Պիտի Ըլլայ Ոչ Միայն Իր Ուժը Պահպանել, Այլ Նաեւ` Իր Գոյութիւնը» Կ՛ըսէ Էրտողան

ՕԹԱՆ-ը, առանց Թուրքիոյ, պիտի կանգնի խնդիրներու առաջ, որոնք կը սպառնան դաշինքի գոյութեան: «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի փոխանցմամբ յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` մեկնաբանելով 14 յունիսին Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի արդիւնքները: «Առանց Թուրքիոյ` ՕԹԱՆ-ի համար դժուար պիտի ըլլայ ո՛չ միայն իր ուժը պահպանել, այլ նաեւ` իր գոյութիւնը: Թուրքիան ամբողջովին կը կատարէ դաշինքին նկատմամբ իր պարտաւորութիւնները: Թուրքիան կ՛ընդունի ՕԹԱՆ-ի պահպանման...

Եունեսքօ-Ի Միջազգային Ժառանգութեան  Յանձնախումբը 10-20 Յուլիսին  Պիտի Քննարկէ Անիի Թեկնածութիւնը

Պաքու ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Առաքելութեան Ակնա, Վարանդա Եւ Շուշի Կատարելիք Այցելութիւններուն Վերաբերեալ Քննարկումներ Կը Կատարէ

Ազրպէյճանական կողմը պատրաստ է ընդունելու ՄԱԿ-ի կրթական, գիտական եւ մշակութային կազմակերպութեան` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի առաքելութիւնը եւ կոչ ուղղած է կազմակերպութեան արագացնելու այդ հոլովոյթը: Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքին համաձայն, այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Կը հաղորդուի, որ վերջերս, մասնաւորաբար, քննարկումներ տեղի ունեցած են ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի առաքելութեան Աղտամի (Ակնա) եւ Ֆիզուլիի (Վարանդա) շրջաններ, ինչպէս նաեւ Շուշի այցելութեան վերաբերեալ: «Ազրպէյճանական կողմի եւ ՄԱԿ-ի գաղթականներու...

«Քրեմլին Կը Ցանկայ, Որ Հայ Ժողովուրդի Որոշումը  Օգնէ Երկրին Դուրս Գալու Կայուն Զարգացման Ուղեգիծ»  Կ՛ըսէ Փեսքով

«Քրեմլին Կը Ցանկայ, Որ Հայ Ժողովուրդի Որոշումը Օգնէ Երկրին Դուրս Գալու Կայուն Զարգացման Ուղեգիծ» Կ՛ըսէ Փեսքով

Քրեմլին կը հետեւի Հայաստանի մէջ ընտրութիւններուն առնչուած կացութեան եւ կը ցանկայ, որ ժողովուրդի որոշումը օգնէ երկրին դուրս գալու կայուն զարգացման ուղեգիծ: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ բանբեր Տմիթրի Փեսքով: Ան նաեւ նշած է, որ անոնք ընտրութիւններուն մէջ տեսած են Փաշինեանի կուսակցութեան համոզիչ յաղթանակը, եւ ընտրութեան առիթով շնորհաւորած է հայ ժողովուրդը: Ռուսիոյ արտաքին գործոց...

«Հայաստանին Առաջարկած Ենք  Յարաբերութիւնները Կարգաւորել»  Կ՛ըսէ Պայրամով

«Հայաստանին Առաջարկած Ենք Յարաբերութիւնները Կարգաւորել» Կ՛ըսէ Պայրամով

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով, մեկնաբանելով Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները, յայտարարած է, որ Պաքուն Երեւանէն ճիշդ եզրակացութիւններ կ՛ակնկալէ երկրին մէջ ստեղծուած քաղաքական ճգնաժամին վերաբերեալ: Այս մասին հաղորդեց «ՌԻԱ Նովոսթի»¬ն: «Երէկ, ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած են արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ: Կը սպասուի նոր կառավարութեան ձեւաւորում: Կը կարծենք, որ այս հոլովոյթներուն իբրեւ արդիւնք, Հայաստանի քաղաքական ղեկավարութիւնը...

Պաքուի Մէջ Վերսկսած Է  13 Հայ Պատերազմական Գերիներու  Գործով Դատը

Պաքուի Մէջ Վերսկսած Է 13 Հայ Պատերազմական Գերիներու Գործով Դատը

Պաքուի ծանր յանցագործութիւններու դատարանին մէջ վերսկսած է հայ պատերազմական գերիներու դէմ քրէական գործի նախապատրաստական նիստը: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը` մանրամասնելով, որ Ազրպէյճան զանոնք կը մեղադրէ «ահաբեկչութեան համար»: Դատական հոլովոյթը սկսած է Եղիշ Յովհաննէսի Ասթանեանի, Կարէն Արմէնի Արամեանի, Տիգրան Մանիկի Աւագեանի, Գրիգոր Գէորգի Գէորգեանի, Յովսէփ Ռոպերթի Մանուկեանի, Գէորգ Սամուէլի Մարտիրոսեանի, Ռոպերթ Յովիկի Գէորգեանի, Վաղարշակ Աշոտի Աւետիսեանի, Վոլոտիա Գագիկի...

«Պատժամիջոցներու Ջնջման Հարցը Կառավարութեանս  Արտաքին Քաղաքականութեան Առանցքը Պիտի Ըլլայ»  Կ՛ըսէ Ռայիսի

«Պատժամիջոցներու Ջնջման Հարցը Կառավարութեանս Արտաքին Քաղաքականութեան Առանցքը Պիտի Ըլլայ» Կ՛ըսէ Ռայիսի

Իրանի նորընտիր նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի իր նախագահ ընտրուելէն ետք արտասանած առաջին խօսքին մէջ յայտնեց. «Ուաշինկթընն ու եւրոպական պետութիւնները պէտք է վերակենդանացնեն հիւլէական համաձայնութիւնը, եւ եւրոպացիք պէտք է յանձնառու մնան համաձայնութեան եւ չենթարկուին ամերիկացիներուն»: «Ես կը զօրակցիմ հիւլէական բանակցութիւններուն, սակայն պէտք է իրագործել իրանեան պահանջները, եւ մաշումի բանակցութիւններ պիտի չարտօնենք: Բանակցութեան որեւէ փուլ պէտք է արդիւնքներ արձանագրէ, եւ կը մերժենք բանակցութեան...

Լեհաստանը Թրքական «Պայրաքթար»-ներ  Պիտի Կեդրոնացնէ  Իր Արեւելեան Սահմաններուն Վրայ

Լեհաստանը Թրքական «Պայրաքթար»-ներ Պիտի Կեդրոնացնէ Իր Արեւելեան Սահմաններուն Վրայ

Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարար Զպիկնիւ Ռաուն յայտարարած է, որ թրքական «Պայրաքթար Թի.Պի.2» անօդաչու թռչող սարքերը պիտի բարելաւեն լեհական բանակին ներուժը եւ պիտի արտօնեն ամրապնդել ՕԹԱՆ-ի արեւելեան սահմանները: «Ի.Էյ.Տէյլի» կը հաղորդէ, որ այս մասին լեհ նախարարը յայտնած է Անթալիոյ մէջ կատարուած Դիւանագիտական միջազգային խորհրդաժողովի ընթացքին: Մայիսին Լեհաստանի պաշտպանութեան նախարար Մարիուշ Պլաշչաք յայտնած էր, որ իր երկիրը Թուրքիայէն 24 «Պայրաքթար» հարուածային անօդաչու...

«Քիեւ Թուրքիայէն Անօդաչու Թռչող Սարքեր Գնած Է,  Որպէսզի Ռուսիան Յարձակելէ Առաջ Երկու Անգամ Մտածէ»  Կ՛ըսէ Ուքրանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

«Քիեւ Թուրքիայէն Անօդաչու Թռչող Սարքեր Գնած Է, Որպէսզի Ռուսիան Յարձակելէ Առաջ Երկու Անգամ Մտածէ» Կ՛ըսէ Ուքրանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

Քիեւ Թուրքիայէն անօդաչու թռչող սարքեր գնած է, որպէսզի Ռուսիան յարձակելէ առաջ երկու անգամ մտածէ: Այս մասին թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տմիթրի Քուլեպա: «Անօդաչու թռչող սարքերը անհրաժեշտ են Ռուսիան զսպելու համար, որպէսզի նախքան Ուքրանիոյ նկատմամբ սրումներու դիմելն ու լայնածաւալ յարձակում ծրագրելը` երկու անգամ մտածէ», ըսած է նախարարը եւ աւելցուցած, որ Ուքրանիան զէնք...

Մաքրոնն Ու Լը Փենը Ֆրանսայի Տեղական  Ինքնակառավարման Մարմիններու  Ընտրութիւններուն Մէջ Յաջողութեան Չեն Հասած

Մաքրոնն Ու Լը Փենը Ֆրանսայի Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւններուն Մէջ Յաջողութեան Չեն Հասած

Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններու նախնական տուեալներուն համաձայն, թէ՛ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի կեդրոնամէտ կուսակցութիւնը եւ թէ՛ Մարին Լը Փենի աջակողմեան ծայրայեղական Ազգային ճակատ կուսակցութիւնը բաւարար ձայներ չեն հաւաքած: Այս մասին կը հաղորդէ «Պի.Պի.Սի.»-ն: Ընտրութիւններու մասնակիցներուն թիւը աննախադէպ ցած եղած է. ընտրութիւններուն չէ մասնակցած ժողովուրդին 66 առ հարիւրը: Մարին Լը Փենը ընտրութիւններուն ցած մասնակցութիւնը որակած է իբրեւ...

Ռուսիոյ Ծովուժը Նորագոյն Պատմութեան Մէջ  Առաջին Անգամ Ըլլալով Ռազմափորձեր  Կը Կատարէ Խաղաղական Ովկիանոսի  Կեդրոնական Հատուածին Մէջ

Ռուսիոյ Ծովուժը Նորագոյն Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Ռազմափորձեր Կը Կատարէ Խաղաղական Ովկիանոսի Կեդրոնական Հատուածին Մէջ

Ռուսիոյ Խաղաղական ովկիանոսի նաւատորմիղի մարտանաւերը ծովային օդուժին հետ միասին նորագոյն պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ուսումնական ռազմափորձեր կը կատարեն Խաղաղական ովկիանոսի կեդրոնական հատուածին մէջ: Այս մասին կը յայտնէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն` յղում կատարելով Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան: Ուսումնավարժանքները կը կատարուին Քուրիլեան կղզիներէն 4600 քիլոմեթր հարաւ-արեւելք գտնուող շրջանին մէջ: Ուսումնավարժանքներուն կը մասնակցին շուրջ 20 մարտանաւեր, սուզանաւեր եւ օժանդակող նաւեր: Անոնց մէջ, մասնաւորաբար, ընդգրկուած...

Միացեալ Նահանգներու Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը  Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Մէջ Երկու  Ժամնոց Խորհրդակցութենէն Ետք Չէ Ուզած  Լրագրողներու Հետ Խօսիլ

Ռուսիոյ Դեսպանը Եռամսեայ Բացակայութենէ Ետք «Լաւատեսական Տրամադրութեամբ» Վերադարձած Է Ուաշինկթըն

Միացեալ Նահանգներու մէջ Ռուսիոյ դեսպան Անաթոլի Անթոնով Մոսկուայի մէջ եռամսեայ խորհրդակցութենէ ետք մեկնած է Նիւ Եորք, ուրկէ ալ պիտի մեկնի Ուաշինկթըն: Այս մասին կը գրէ ռուսական «Ռկ» կայքը: Ըստ Մոսկուայի «Շերեմեթեւօ» օդակայանի տուեալներուն, օդանաւը, որուն մէջ գտնուած է դիւանագէտը, թռիչք կատարած է Մոսկուայի ժամանակացոյցով ժամը 9:18-ին: Դեսպանը հեռանալէ առաջ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ նշած է, որ ինք...

Պահպանողական Ռայիսի  Իրանի Նախագահ

Պահպանողական Ռայիսի Իրանի Նախագահ

Իրանի դատական իշխանութեան ղեկավար սէյիտ Իպրահիմ Ռայիսի ուրբաթ օր տեղի ունեցած նախագահական ընտրութեան յաղթանակ արձանագրելով դարձաւ Իրանի նախագահ: Ընտրութիւններուն մասնակցած են 28 միլիոն 933 հազար քուէարկողներ: Մասնակցութեան համեմատութիւնը եղած է 48,8 առ հարիւր: 60 տարեկան Ռայիսի ստացած է 17 միլիոն 933 հազար քուէ, այսինքն` քուէներուն 62 առ հարիւրը: Երկրի գործող նախագահ Հասան Ռուհանի հանդիպում ունեցաւ եւ շնորհաւորեց իր իրաւայաջորդ Ռայիսին:...

«Շուշիի Մէջ Ազրպէյճանի Դրօշին Հաւասար  Պիտի Ծածանի Նաեւ Թուրքիոյ Դրօշը»  Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

«Շուշիի Մէջ Ազրպէյճանի Դրօշին Հաւասար Պիտի Ծածանի Նաեւ Թուրքիոյ Դրօշը» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Անթալիոյ մէջ դիւանագիտական խորհրդաժողովի փակման նիստի ընթացքին, պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն ըսած է, որ նախապատրաստական աշխատանքներէն ետք Շուշիի մէջ պիտի բացուի ընդհանուր հիւպատոսութիւն, եւ որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր աշխատակիցները կարելի եղածին չափ շուտ պիտի ուղարկէ այնտեղ: Այս մասին կը հաղորդեն թրքական լրատուամիջոցները: «Շուշիի մէջ Ազրպէյճանի դրօշին հաւասար պիտի ծածանի նաեւ Թուրքիոյ դրօշը», ըսած...

Page 343 of 883 1 … 342 343 344 … 883

Արխիւներ