Միջազգային

«Պոլսոյ Ջրանցքի Հիմը Պիտի Դրուի  Յունիսի Վերջաւորութեան»  Կ՛ըսէ Էրտողան

Պոլսոյ Ջրանցքին Հիմը Պիտի Դրուի 26 Յունիսին

Պոլսոյ ջրանցքին հիմը պիտի դրուի 26 յունիսին: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հապերթիւրք» պատկերասփիւռի կայանը: Թրքական պատկերասփիւռի կայանին հաղորդումով, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ներկայ պիտի ըլլայ արարողութեան: «Իսթանպուլի ջրանցք» նախագիծը պիտի սկսի վեց կամուրջներէն մէկուն շինարարութեամբ, որ պիտի կառուցուի ձեռակերտ ջրային տարածքի վրայ: Ջրանցքը կը նախատեսուի դարձնել նոր նաւարկելի զարկերակ Պոլսոյ արեւմտեան մասին մէջ, որ Սեւ եւ Մարմարա ծովերը...

Եմէնեան Զինեալ Ուժերը Ամերիկեան  Լրտեսական  Անօդաչու Թռչող Սարքի Մը Վար  Առնուիլը Յայտարարեցին

Եմէնեան Զինեալ Ուժերը Ամերիկեան Լրտեսական Անօդաչու Թռչող Սարքի Մը Վար Առնուիլը Յայտարարեցին

Եմէնեան զինեալ ուժերու բանբեր Եահիա Սարիհ յայտարարեց, որ եմէնեան հակաօդային պաշտպանութեան ուժերը ցամաք-օդ հրթիռով վար առած են ամերիկեան «Սքան Իկըլ» տիպի լրտեսական անօդաչու թռչող սարք մը, որ «թշնամական գործողութիւններ կը կատարէր» Մաարեպ նահանգի Մաշժահ շրջանին վերեւ: Ան նշեց, որ ամերիկեան անօդաչու թռչող սարքի վար առնուիլը տեսագրուած է եւ անոր բեկորները լուսանկարուած են: «Զինեալ ուժերը կը վստահեցնեն, որ որեւէ ջանք պիտի...

Ըստ Իսրայէլեան Լրատուամիջոցներու.  Իսրայէլեան Բանակի Սպայակոյտի Պետը Մեկնած Է  Ուաշինկթըն. Օրակարգի Վրայ Են Իրանն Ու Կազան

Ըստ Իսրայէլեան Լրատուամիջոցներու. Իսրայէլեան Բանակի Սպայակոյտի Պետը Մեկնած Է Ուաշինկթըն. Օրակարգի Վրայ Են Իրանն Ու Կազան

Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Աւիւ Քոխաւի շաբաթ կէս գիշերէն ետք «աշխատանքային կարեւոր գործով» վեցօրեայ այցելութեամբ մեկնած է Միացեալ Նահանգներ եւ անոր օրակարգին վրայ են Իրանն ու Կազան: Ան իր այցելութեան ընթացքին աշխատանքային հանդիպումներ պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութենէն եւ ամերիկեան բանակէն պաշտօնատարներու, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճէյք Սալիվընի եւ...

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի.  Միացեալ Նահանգներ Հակաօդային Պաշտպանութեան  Համակարգերը Դուրս Կը Բերեն Միջին Արեւելքէն`  Զանոնք Ռուսիոյ Եւ Չինաստանի Դէմ «Ուղղելու» Համար

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի. Միացեալ Նահանգներ Հակաօդային Պաշտպանութեան Համակարգերը Դուրս Կը Բերեն Միջին Արեւելքէն` Զանոնք Ռուսիոյ Եւ Չինաստանի Դէմ «Ուղղելու» Համար

Միացեալ Նահանգներ կտրուկ կերպով կը կրճատեն Միջին Արեւելքի մէջ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու քանակը` շրջանին մէջ զինուորական ներկայութեան վերակազմակերպման ծիրին մէջ, որովհետեւ զինեալ ուժերու ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնեն Ռուսիոյ եւ Չինաստանի մարտահրաւէրներուն վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ ամերիկեան «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը` վկայակոչելով ամերիկեան վարչակազմի իրազեկ աղբիւրներու խօսքերը: Աղբիւրները կը նշեն, որ սպառազինութեան չյայտարարուած կրճատումները սկսած են 2 յունիսին պաշտպանութեան նախարար Լլոյտ...

Հայաստանի Պաշտօնատարները Արցախ Այցելելէ  Զերծ Մնալ Դարձեալ Զգուշացնելով.  «Ալիեւ Կարգավիճակի Հարցը Ուղարկած Է  Պատմութեան Աղբամանը»  Կ՛ըսէ Ազրպէյճանի Արտաքին  Գործոց Նախարարութիւնը

Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Եռակողմ Յայտարարութեան Գործադրութեան Առնչութեամբ Դիմած Է Միջազգային Իրաւապաշտպան Կազմակերպութիւններուն

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լէյլա Ապուլլայեւա, մեկնաբանելով միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններուն հետ պաշտօնական Պաքուի համագործակցութիւնը, յայտարարութիւն մը հրապարակելով միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններուն կոչ ուղղած է աջակցելու Ազրպէյճանի, Ռուսիոյ եւ Հայաստանի ղեկավարներուն միջեւ կնքուած եռակողմ յայտարարութեան իրականացման: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Թրենտ» կայքը: «Միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններուն կոչ կ՛ուղղենք աջակցելու  Ազրպէյճանի, Ռուսիոյ եւ Հայաստանի ղեկավարներուն կողմէ 10 նոյեմբեր 2020-ին ստորագրուած եռակողմ յայտարարութեան,...

«Շուտով Զանգեզուրի Միջանցքի Հարցը  Պիտի Քննարկեմ Փութինի Հետ»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Շուտով Զանգեզուրի Միջանցքի Հարցը Պիտի Քննարկեմ Փութինի Հետ» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Ազրպէյճանէն վերադառնալէ ետք մեկնաբանելով Հարաւային Կովկասի մէջ տիրող կացութիւնը ըսած է, որ շրջանին մէջ վստահութեան բարձրացման համար Հայաստանը պէտք է Ազրպէյճանին յանձնէ ականապատ տարածքներու քարտէսները: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: Ըստ Էրտողանի, «դժուար թէ Մոսկուան մտադրութիւն ունենայ յետաձգելու Զանգեզուրի միջանցքին ստեղծումը: Ընդհակառակն` կայ աջակցելու տրամադրութիւն»: «Մոսկուան նոյնպէս կը սատարէ այս գաղափարին, որ նշանակալից...

Թուրքիան Կը Քննարկէ Ազրպէյճանի Մէջ  Ռազմակայան Ստեղծելու Կարելիութիւնը

Թուրքիան Կը Քննարկէ Ազրպէյճանի Մէջ Ռազմակայան Ստեղծելու Կարելիութիւնը

Թուրքիան կը քննարկէ Ազրպէյճանի տարածքին ռազմակայան ստեղծելու կարելիութիւնը: «Երկիր» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան: Ան նշած է, որ այս հարցը ներառուած է Անգարայի եւ Պաքուի միջեւ բռնագրաւեալ Շուշի քաղաքին մէջ կնքուած համաձայնագիրին մէջ եւ կրնայ հետագայ զարգացում ստանալ: «Բանակցութիւնները, որոնք Իլհամ Ալիեւը եւ Վլատիմիր Փութինը պիտի կատարեն, ինչպէս նաեւ այն, որ մենք պիտի...

Իրանի Նախագահական Ընտրութեան  Քուէարկութիւնը Շարունակուեցաւ Մինչեւ Կէս Գիշեր

Իրանի Նախագահական Ընտրութեան Քուէարկութիւնը Շարունակուեցաւ Մինչեւ Կէս Գիշեր

Երէկ առաւօտեան ընթացք առաւ Իրանի նախագահական ընտրութեան քուէարկութիւնը: Ընտրական կեդրոնները իրենց դռները բացին քուէարկելու իրաւունք ունեցող 59 միլիոն իրանցիներուն դիմաց, որպէսզի մասնակցին նախագահական 13-րդ ընտրութեան: Նախագահի պաշտօնին համար կը մրցէին չորս անձեր` արդարադատական իշխանութեան ղեկավար Իպրահիմ Ռայիսի, Վարչակարգի շահի ճշդման խորհուրդի քարտուղար Մուհսեն Ռիտայի, խորհրդարանի փոխնախագահ Ամիր Հուսէյն Քատիզատէ Հաշիմի եւ Իրանի Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ապտելնասեր Համթի: Մուհսեն Մեհր Ալիզատէն,...

«Ազրպէյճանի` ՕԹԱՆ-ին  Անդամակցութիւնը Ժամանակի Հարց Է»  Կ՛ըսէ Ռուս Երեսփոխան Մը

«Ազրպէյճանի` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութիւնը Ժամանակի Հարց Է» Կ՛ըսէ Ռուս Երեսփոխան Մը

Ազրպէյճանը տէ ֆաքթօ կարելի է ՕԹԱՆ-ի անդամ նկատել այն պահէն, երբ ազրպէյճանական զինեալ ուժերը թրքական բանակին հետ կռուած են ՀԱՊԿ-ի անդամ Հայաստանի դէմ: Այս մասին ռուսական «Կազեթա» կայքին հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Տումայի պաշտպանութեան յանձնախումբի նախագահի առաջին տեղակալ Ալեքսանտր Շերին: «Իրաւաբանօրէն, ատիկա ժամանակի հարց է: Ամէն ինչ պիտի ձեւակերպուի», ըսած է ան: Ռուս երեսփոխանը այսպէս արձագանգած է Թուրքիոյ նախագահ...

Քրեմլին` Ազրպէյճանի Մէջ Թրքական  Ռազմակայանի Հաստատման Հաւանականութեան Մասին

Քրեմլին` Ազրպէյճանի Մէջ Թրքական Ռազմակայանի Հաստատման Հաւանականութեան Մասին

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով մերժած է մեկնաբանել Ազրպէյճանի մէջ թրքական ռազմակայաններու հաստատման հաւանականութեան մասին լուրերը` զանոնք կոչելով ըսի-ըսաւներ: Այս մասին հաղորդեց «ՌԻԱ Նովոսթի»¬ն: «Մենք չենք քննարկած այդ հարցը, եւ այս լուրերը մենք չենք մեկնաբաներ», ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը պիելոռուս իր պաշտօնակից Վլատիմիր Մաքէյի հետ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին պատասխանելով համապատասխան հարցումին` աւելցնելով. «Ալիեւ այս հարցը պէտք...

Պատմելով Ղարիպաշվիլիի Հետ «6-ի Հարթակ»-ի  Վերաբերեալ Զրոյցի Մասին`  «Կ՛ուզենք, Որ Մեր Ազրպէյճանցի  Եղբայրներուն Խնդիրները Լուծուին»  Կ՛ըսէ Էրտողան

Պատմելով Ղարիպաշվիլիի Հետ «6-ի Հարթակ»-ի Վերաբերեալ Զրոյցի Մասին` «Կ՛ուզենք, Որ Մեր Ազրպէյճանցի Եղբայրներուն Խնդիրները Լուծուին» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` Ազրպէյճանի խորհրդարանին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է. «Շրջանին մէջ Վեցեակի նոր ձեւաչափով համագործակցութեան կարելիութիւններ ի յայտ եկած են»: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը: «Անոնք են Թուրքիան, Ռուսիան, Ազրպէյճանը, Վրաստանը, Հայաստանը եւ Իրանը: Վրաստանը որոշ հարցեր ունէր, սակայն Վրաստանի վարչապետի վերջին այցելութեան ընթացքին ես անոր բացատրած եմ այս ձեւաչափին օգուտները: Ես ըսած...

«Ուաշինկթըն Համամիտ  Չէ Այն Պնդումներուն,  Թէ Ժընեւի Հանդիպումը  Ձեռնտու Էր Միայն Ռուսիոյ»  Կ՛ըսէ Սալիվըն

«Ուաշինկթըն Համամիտ Չէ Այն Պնդումներուն, Թէ Ժընեւի Հանդիպումը Ձեռնտու Էր Միայն Ռուսիոյ» Կ՛ըսէ Սալիվըն

Ուաշինկթըն համամիտ չէ այն պնդումներուն, թէ Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը ձեռնտու էր միայն Ռուսիոյ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով օգնական Ճէյք Սալիվըն «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին` պատասխանելով այն հարցումին, թէ նախագահներու մակարդակով հանդիպումը Փութինի համար իբրեւ հարթակ ծառայած է: «Նախ Վլատիմիր Փութինը հարթակ ունի` ան հիւլէական տէրութիւններէն մէկուն...

Խըրխըզիստան Կ՛ուզէ Ամրապնդել  Թուրքիոյ Հետ Զինուորական  Գործընկերութիւնը

Խըրխըզիստան Կ՛ուզէ Ամրապնդել Թուրքիոյ Հետ Զինուորական Գործընկերութիւնը

Խըրխըզիստանի նախագահ Սատիր Ժափարով Թուրքիա կատարած այցելութեան ընթացքին յայտարարած է, որ իրենց երկիրներուն իշխանութիւնները հասած են բարեկամական յարաբերութիւններու «նոր մակարդակի», ուստի հետագային կը նախատեսուի ուժեղացնել զինուորական գործընկերութեան համակարգումը: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Լենթա» կայքը` յղում կատարելով պետութեան ղեկավարի մամլոյ ծառայութեան: Ժափարովի համաձայն, նախ եւ առաջ երկիրները պիտի ամրապնդեն համագործակցութիւնը համացանցային յանցագործութիւններու, մաքսանենգութեան, թմրեցուցիչներու եւ զէնքի ապօրինի շրջանառութեան դէմ պայքարի,...

Ազրպէյճան Եւ Արցախ Այցելելէ Ետք.  «Պատերազմին Մէջ Յաղթանակի Օգուտը  Ժամանակի Ընթացքին Աւելի Լաւ Պիտի Հասկցուի»  «Թուիթըր»-ի Վրայ Գրած Է Էրտողան

Ազրպէյճան Եւ Արցախ Այցելելէ Ետք. «Պատերազմին Մէջ Յաղթանակի Օգուտը Ժամանակի Ընթացքին Աւելի Լաւ Պիտի Հասկցուի» «Թուիթըր»-ի Վրայ Գրած Է Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Ազրպէյճան, ինչպէս նաեւ Արցախի` 44-օրեայ պատերազմին պատճառով Պաքուի կողմէ բռնագրաւուած տարածքներ այցելելէ ետք «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում կատարած է: Ան նշած է, որ պատերազմին մէջ յաղթանակի օգուտը Ազրպէյճանի, Կովկասի եւ աշխարհի համար ժամանակի ընթացքին աւելի լաւ պիտի հասկցուի: «Քանի որ ասիկա կառուցման եւ ոչ թէ աւերման, արդարութեան եւ ոչ թէ բռնատիրութեան, քնքշութեան եւ ոչ թէ կոպտութեան,...

Փութին Զուիցերիոյ Նախագահի Հետ Դռնփակ  Ձեւաչափով Քննարկած Է Արցախի Հարցը

Փութին Զուիցերիոյ Նախագահի Հետ Դռնփակ Ձեւաչափով Քննարկած Է Արցախի Հարցը

Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած Միացեալ Նահանգներ-Ռուսիա վեհաժողովէն ետք Զուիցերիոյ նախագահ Կայ Փարմելին եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, ինչպէս նաեւ Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարար Իկնացիօ Քասիս եւ անոր ռուս գործընկեր Սերկէյ Լաւրով դռնփակ երկկողմանի բանակցութիւններ կատարած են: Այս մասին կը հաղորդէ «Սուիսէնֆօ»-ն: Դռնփակ ձեւաչափով կատարուած բանակցութիւններուն ընթացքին պաշտօնատարները այլ հարցերու կողքին քննարկած են նաեւ Արցախի մէջ ստեղծուած կացութիւնը: «Հանդիպումի ընթացքին Փարմելին...

«Փութինի Հետ Հանդիպումը Հասած Է  Իր Նպատակներուն»  Կ՛ըսէ Պայտըն

«Փութինի Հետ Հանդիպումը Հասած Է Իր Նպատակներուն» Կ՛ըսէ Պայտըն

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի կարծիքով` Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ Ժընեւի հանդիպումին ընթացքին հասած է իր նպատակներուն: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Կազեթա» կայքը: Պայտըն շեշտած է, որ Մոսկուայի հետ յարաբերութիւններու բարելաւման ուղղութեամբ Ուաշինկթըն տակաւին շատ ընելիքներ ունի` նշելով, որ ինք Փութինին ըսած է, որ Ռուսիան պէտք չէ թելադրէ աշխարհի վրայ խաղի կանոնները: Ան հանդիպումը որակած է դրական` նշելով,...

21 Մայիսի Զինադադարէն Ետք  Առաջին Անգամ Ըլլալով  Իսրայէլեան Օդուժը Հարուածեց  Կազայի Մէջ Համաս Շարժումի Դիրքերը

21 Մայիսի Զինադադարէն Ետք Առաջին Անգամ Ըլլալով Իսրայէլեան Օդուժը Հարուածեց Կազայի Մէջ Համաս Շարժումի Դիրքերը

Իսրայէլեան օդուժի ռմբաձիգները հարուածած են Կազայի մէջ պաղեստինեան Համաս շարժումի զինուորական դիրքերը` հակադարձելով Իսրայէլի տարածքին ուղղութեամբ հրավառ նիւթեր եւ պայթուցիկներ կրող օդապարիկներու արձակման: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է իսրայէլեան բանակի մամլոյ ծառայութիւնը: «Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը պատրաստ է որեւէ բեմագրութեան, ներառեալ զինուորական գործողութիւններու վերսկսումը, ի պատասխան Կազայի հատուածէն ահաբեկչական խմբաւորումներու գործողութիւններուն», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: Իսրայէլի...

Պայտըն-Փութին «Բաւական  Կառուցողական» Հանդիպում

Պայտըն-Փութին «Բաւական Կառուցողական» Հանդիպում

Ժընեւի Վիլա Լա Կրանժ վիլլային մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Ճօ Պայտընի հանդիպումը, որ բաղկացած էր երեք մասերէ` նեղ եւ երկու ընդլայնուած հանդիպումներ` թէյի եւ սուրճի ընդմիջումով: Քրեմլին նախապէս հաղորդած էր, որ Փութինի եւ Պայտընի նեղ ձեւաչափով բանակցութիւնները տեւեցին գրեթէ երկու ժամ: Ըստ «Սի.Էն.Էն.»¬ի, անոնց բանակցութիւնները ընդհանուր առմամբ տեւած են 3,5 ժամ: Հանդիպումի...

Եւրոպական Միութիւն – Միացեալ Նահանգներ  Վեհաժողովը Կը Յայտարարէ.  «Մենք Վճռական Ենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Երկարաժամկէտ Խաղաղութեան  Եւ Կայունութեան Հասնելու Հարցին Մէջ»

Եւրոպական Միութիւն – Միացեալ Նահանգներ Վեհաժողովը Կը Յայտարարէ. «Մենք Վճռական Ենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Երկարաժամկէտ Խաղաղութեան Եւ Կայունութեան Հասնելու Հարցին Մէջ»

Մենք վճռական աջակցած ենք Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերներու գերիշխանութեան, անկախութեան ու տարածքային ամբողջականութեան: Այս մասին նշուած է Եւրոպական Միութիւն-Միացեալ Նահանգներ վեհաժողովի աւարտին հրապարակուած յայտարարութեան մէջ, որ հրապարակած է Սպիտակ տունը: Միացեալ յայտարարութեան 28-րդ կէտին մէջ կը նշուի. «Եւրոպական Միութիւնը եւ Միացեալ Նահանգները մտադիր են Հարաւային Կովկասի մէջ աջակցիլ երկարաժամկէտ խաղաղութեան, կայունութեան հաստատման ջանքերուն»: «Մենք վճռական աջակցած ենք Եւրոպական Միութեան Արեւելեան...

Խօսելով Շուշիի, «Զանգեզուրի Միջանցք»-ի  Եւ Երեւանի Հետ Յարաբերութիւններու  Կարգաւորման Հեռանկարներուն Մասին`  «Թուրքիան Եւ Ազրպէյճանը  Նոր Ղարաբաղ Պիտի Կառուցեն»  Կ՛ըսէ Էրտողան

Խօսելով Շուշիի, «Զանգեզուրի Միջանցք»-ի Եւ Երեւանի Հետ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հեռանկարներուն Մասին` «Թուրքիան Եւ Ազրպէյճանը Նոր Ղարաբաղ Պիտի Կառուցեն» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ըսած է, որ Անգարան եւ Պաքուն միացեալ ջանքերով պիտի վերականգնեն Լեռնային Ղարաբաղը: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Վզ» կայքը: «Երէկ մենք շրջեցանք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ տեսանք, թէ երեսուն տարուան տագնապէն ետք ինչպիսի՛ աւերածութիւններ եղած են, սակայն Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը միասին պիտի վերակառուցեն ամէն ինչ, պիտի կառուցեն նոր Ղարաբաղ», ըսած է Էրտողան եւ աւելցուցած, որ...

Page 344 of 883 1 … 343 344 345 … 883

Արխիւներ