Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիենքօ «Սփութնիք Արմենիա»-ի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին մեկնաբանած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններու արդիւնքները:
«Յաղթանակ տարած են քաղաքական ուժեր, որոնց հետ Ռուսիան արդէն հաստատուած կապ ունի: Մոսկուան շահագրգռուած է, որ Հայաստանի նոր իշխանութիւններուն հետ միջխորհրդարանական փոխադարձ գործակցութիւնը կարելի եղածին չափ շուտ սկսի», ըսած է ան:
Մաթվիենքօ աւելցուցած է, որ միջազգային դէտերը չեն արձանագրած խախտումներ, որոնք կրնային ազդեցութիւն ունենալ քուէարկութեան արդիւնքներուն վրայ:
Ան նաեւ յոյս յայտնած է, որ Հայաստանի բոլոր քաղաքական ուժերը իրարու հետ հարցերը պիտի լուծեն երկխօսութեան միջոցով: