Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններու նախնական տուեալներուն համաձայն, թէ՛ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի կեդրոնամէտ կուսակցութիւնը եւ թէ՛ Մարին Լը Փենի աջակողմեան ծայրայեղական Ազգային ճակատ կուսակցութիւնը բաւարար ձայներ չեն հաւաքած: Այս մասին կը հաղորդէ «Պի.Պի.Սի.»-ն:
Ընտրութիւններու մասնակիցներուն թիւը աննախադէպ ցած եղած է. ընտրութիւններուն չէ մասնակցած ժողովուրդին 66 առ հարիւրը: Մարին Լը Փենը ընտրութիւններուն ցած մասնակցութիւնը որակած է իբրեւ «քաղաքացիական աղէտ» եւ անոնց արդիւնքներուն համար մեղադրած է կառավարութիւնը` քաղաքական հաստատութիւններուն նկատմամբ հաւատք ներշնչելու անկարողութեան համար:
Ֆրանսայի 12 շրջաններուն մէջ ընթացած են տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններ, ինչ որ յատկապէս կարեւոր էր, որովհետեւ յաջորդ նախագահական ընտրութեան մէկ տարիէն ալ քիչ մնացած է:
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի «Յառա՛ջ, հանրապետութիւն» կուսակցութիւնը, որ առաջին անգամ կը մասնակցի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն, ոչ պաշտօնական տուեալներու համաձայն կ՛ապահովէ քուէներուն 11 առ հարիւրը: Պահպանողական հանրապետականները կ՛ապահովեն քուէներուն 27 առ հարիւրը, Ազգային ճակատը` 19 առ հարիւրը, իսկ Կանաչներու կուսակցութիւնն ու ընկերվարականները` Մաքրոնի կուսակցութեան նման 11 առ հարիւրը:
«Պի.Պի.Սի.» կը նշէ, որ շրջանային ընտրութիւնները «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով յետաձգուած էին երեք ամիսով, իսկ ընտրութիւններուն երկրորդ փուլը տեղի պիտի ունենայ 27 յունիսին: